ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍԸ
Դասախօսութիւններու դահլիճը լեցուն էր այն մարդոցմով, որոնք անձրեւի ջուրին ծարաւով կու գային այնտեղ. անոնց մէջ էին՝ մտաւորականներ, անգրագէտներ, բանուորներ, պաշտօնեաներ, պարտիզպաններ, արհեստաւորներ, ուսանողները՝ յաջողակ ու ձախողակ. այս բոլորին մէջ առաջիններն էին պատերազմի հաշմանդամները եւ գործազուրկները, որոնք ձգած էին իրենց տուները, դպրոցները, պարտէզները, գործարանները, դիմակայելով ահաբեկութիւնները՝ թէ գործէն պիտի ազատուին, եւ եկած են հանդիպելու մերժումի եւ տեսութեան վարպետին հետ, այս դժուարին փուլին, որու մէջէն կ՚անցնին իրենց ազգերը, ժողովուրդներն ու հայրենիքները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կուրծքին տակ կը կրէր այնքա՜ն դառնութիւն անցեալէն, ինչքան կը կրէր յոյսեր՝ ապագային համար, թերեւս ան ճշմարտութեան խօսք մը լսէ, որ իրեն իր ինքնավստահութիւնը կը վերադարձնէ, կը լուսաւորէ իր դիմաց աշխատանքի ու պայքարի ուղին, մամուլի այս անորոշութեան մէջ, որ Ովկիանոսէն մինչեւ Ծոց կ՚երկարի:
Դասախօսը երբ հասաւ, բոլորը իրենց տեղերէն վեր թռան եւ ամբողջ դահլիճով մէկ սկսան լսուիլ ծափահարութիւններ եւ գոչիւններ մարտական խօսքի ու մարտական միտքի համար, ինչպէս նաեւ անոնք մերժեցին նստիլ՝ յարգելով անոր գիտութիւնը, անցեալն ու մեծ տարիքը:
Տակաւին, երբ ձեռնարկին հանդիսապետը դասախօսին մօտեցաւ ու հրաւիրեց զինք նստելու ամպիոնին ետեւը, ան եւս մերժեց, նկատի ունենալով որ բոլորը ոտքի են: Ինչպէս նաեւ մերժեց ոտքի կանգնիլ՝ երբ անոնք նստած էին: Եւ երբ մօտեցաւ անոր, որպէսզի իր ականջին մէջ բան մը փսփսայ, մերժեց լսել, հեռացուց զինք իրմէ ու ըսաւ.
-Այսօրուընէ սկսեալ փոքր ու մեծ գաղտնիքներ չկա՛ն, որ ժողովուրդներէն ծածուկ մնայ: Պէտք է անոնց հետ անկեղծութեամբ խօսիլ, որպէսզի անոնք գիտնան ո՛վ է իրենց թշնամին եւ ո՛վ՝ իրենց դաշնակիցը: Ինչպէս նաեւ կը մերժեմ, որ ոեւէ մէկը ընդհատէ զիս երբ ես կը դասախօսեմ, քանի որ մերժումը արեանս, երակներուս, զարկերակներուս մէջ կը հոսի, ինչպէս նաեւ իմ գլուխէս մինչեւ ոտքերուս մատները, եւ ահաւասիկ ճառագայթային նկարներն ու բժշկական զեկուցումները կը վկայեն այդ մասին:
Հանդիսապետը. մտաւորականներու միտքին մէջ հարցում մը կը դառնայ…
Դասախօսը. գիտեմ, գիտեմ զայն ճշգրտօրէն: Ես իմ բոլոր ելոյթներուս ու գրութիւններուս մէջ կը մերժեմ խաղաղ լուծումները, ՄԱԿ-ի, Անվտանգութեան Խորհուրդի, արաբական ու իսլամական եւ ոչ դաշնակցային գագաթաժողովներուն որոշումներն ու առաջարկները, ինչպէս նաեւ կը մերժեմ 1967-ի, 1956-ի եւ 1948-ի սահմանները, որովհետեւ ատոնք բոլորն ալ նուիրուած են Իսրայէլի գոյութիւնը կանոնականցնելու, գաղութատիրութեան համար որպէս կատուի ճանկ, որոնց գլուխին է Ամերիկան եւ տարածաշրջանէն ներս անոր դաշնակիցները:
Հանդիսապետը. ուրիշ հարցում մըն ալ կայ այն մասին…
Դասախօսը. մի՛ ընդհատեր զիս: Ինչպէս նաեւ ես կը մերժեմ արաբական ներկայ իրավիճակը, կը մերժեմ նաեւ այն հիմունքները, որոնց շուրջ հակառակութիւններ եւ հաշտութիւններ կը ծնին, ինչպէս նաեւ լուծարումներն ու համաձայնութիւններն ու պայմանագիրները, որոնք ո՛չ մէկ առընչութիւն ունին ժողովուրդներուն եւ անոնց նպատակներուն հետ: Ահա՛ թէ ինչ կ՚ուզեն այս ազգին թշնամիները, որոնց գլուխին է Ամերիկան եւ անոր դաշնակիցները ՆԱՏԻ-ի մէջ: Կը խեղդուիմ, կը խեղդուիմ դաւերու եւ դաւադրութիւններու հոտէն:
Հանդիսապետը. բացէ՛ք պատուհանները…
Դասախօսը. ո՛չ, ես կը մերժեմ հովացումը. միլիոնաւոր բանուորներ, պարտիզպաններ եւ պայքարողներ կան, Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ, որոնք զրկուած են լոյսէն ու օդէն՝ խոր բանտերու, հանքերու եւ քարիւղի հորերու մէջ: Ա՜հ, ես կը պաղիմ:
Հանդիսապետը. վառեցէ՛ք վառարանը:
Դասախօսը. ո՛չ, կը մերժեմ տաքնալ, երբ կան միլիոնաւոր հովիւներ, նաւավարներ ու որսորդներ, որոնք կը պայքարին ձիւնին, սառոյցին, այգիներու, գործարաններու եւ արտադրամասերու մէջ, ծառայելով քաղքենիներուն եւ համաշխարհային մենաշնորհներուն: Ո՛չ, ո՛չ, մի ծափահարէք, խնդրեմ, ձեր ձեռքերը պահեցէք զէնք վերցնելու, գաւազաններ ու քարեր վերցնելու, հարուածելու համար ամերիկեան շահերն ու մենաշնորհները Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ, ինչպէս նաեւ բոլոր աշխարհին մէջ: Շնորհակալ եմ ձեր լսելուն համար:
Հանդիսապետը. ներողութիւն, պարոն, ներկաները կը փափաքին ձեր գոհարներէն աւելին լսել եւ կ՚ուզեն աւելի իմանալ Ամերիկայի գործած վայրագութիւններու մասին Վիեթնամի, Քամպոտիոյ, Լաոսի, Չիլիի եւ Սալվատորի մէջ, որովհետեւ մենք եւս նոյն պայմաններուն մէջէն կ՚անցնինք, ինչի մէջէն անոնք անցան եւ տակաւին կ՚անցնին:
Դասախօսը. ներողութիւն, սակայն երրորդ աշխարհի բազմաթիւ վայրերէն ներս պայմանաւորուածութիւններ ունիմ դասախօսութիւններու, եւ ինչպէս յայտնի է, խօսքի տէր ըլլալը կարգախօսս է: Մենք բոլորս պէտք է դադրեցնենք դաւադրութիւնը եւ փրկենք մատղաշ սերունդները Ամերիկային անոնց համար պատրաստած բոլոր ծրագիրներէն ու թակարդներէն:
Հանդիսապետը. խնդրեմ, պարոն դասախօս, ներկաներէն մէկը հարցում մը ունի:
Դասախօսը. ի՞նչ է անունը:
Հանդիսապետը. Ճապէր:
Դասախօսը. կը մերժեմ պատասխանել անկէ եկած որեւէ հարցումի, որովհետեւ իր անունը կը սկսի նոյն այն բառով, որով կը սկսի Ճիմի Քարթըրի1, Ճերըլտ Ֆորտի2 եւ Ճորճ Ուաշինթընի3 անունները…:
Հանդիսապետը. ուրիշ հարցում մըն ալ կայ մեր աղջիկներէն, որ մեծ ջերմեռանդութիւն կը ցուցաբերէ ձեր գրութիւններուն նկատմամբ: Հարցումը կը վերաբերի այս փուլին արաբ կիներու դերակատարութեան մասին:
Դասախօսը. ի՞նչ է հարցնողին անունը:
Հանդիսապետը. Նաաիմէ:
Դասախօսը. կը մերժեմ նոյնիսկ անոր հետ նոյն վայրին մէջ նստիլ, որովհետեւ իր անունը կը սկսի այն նոյն տառով, որով կը սկսի Նիւ Ճըրզի կործանիչին անունը…: Ամէն պարագայի, ժողովուրդները այլեւս հարցում պատասխանի կարիք չունին: Ամէն ինչ արդէն յստակ է իրենց համար: Ամերիկայէն եւ անոր դաշնակիցներէն բացի անոնք ուրիշ թշնամիներ չունին ամբողջ աշխարհին մէջ: Եւ ցտեսութիւն բոլորին:
[Դասախօսը] մինչ դահլիճէն կը մեկնէր իր ճակատին քրտինքը եւ իր շրթունքներուն լորձունքները սրբելով, մթութեան մէջ մուրացկան մը իր ետեւէն գնաց:
Մուրացկանը. Աստուծոյ ուղղուած բարիք մը, ո՜վ բարեգործներ…
Դասախօսը. հարիւր տոլարի մանրուք ունի՞ս:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 34
Վաղարշապատ
1 Ծնած է 1 հոկտեմբեր 1924-ին: Ամերիկայի Միացեալ Նահագներու 39-րդ նախագահը եղած է: Այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է 20 յունուար 1977-էն մինչեւ 20 յունուար 1981 թուականը:
2 Ծնած է 14 յուլիս 1913-ին, մահացած՝ 26 դեկտեմբեր 2006-ին: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 38-րդ նախագահը եղած է: Այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է 9 օգոստոս 1974-էն մինչեւ 20 յունուար 1977 թուականը:
3 Ծնած է 22 փետրուար 1732-ին, մահացած՝ 14 դեկտեմբեր 1799-ին: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը եղած է: Այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է 30 ապրիլ 1789-էն մինչեւ 4 մարտ 1797 թուականը: