ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՆԱԼԸԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին նշուեցաւ նաեւ տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասուն տարեդարձը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Հարկ է նշել, որ ամէն տարի սովորաբար այդ դպրաց դասու տարեդարձը կը նշուի սեպտեմբերի երկրորդ կիրակիին, սակայն, այս տարի շաբաթ մը աւելի շուտ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները։ Արդարեւ, յաջորդ շաբաթավերջին նախատեսուած է Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ուղեւորութիւնը՝ դէպի Վան, ուր Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Խաչվերացի տաղաւարը պիտի նշուի՝ նոյնպէս բուն թուականէն շաբաթ մը կանուխ։
Երէկուան արարողութիւններուն երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ դպրապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ օրուան պատգամը, իսկ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան յայտագրի գործադրութենէն վերջ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը արտասանեց հուսկ բանքը։ Բոլորը արձակուեցան Նորին Ամենապատուութեան հետ նկարահանումէ վերջ՝ ի յիշատակ տարեդարձին։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024