ԵՂԻԱԶԱՐ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ (1841- 1891)
Բնիկ վանեցի Եղիազար Մուրատեան ծնած է 1841 թուականին: 13-14 տարեկան հասակին ուսանելու համար Վանէն անցած է Կոստանդնուպոլիս եւ մուտք գործած՝ Ս. Փրկչեան ճեմարան: Ս. Փրկչեան ճեմարանը այդ տարիներուն Պոլսոյ կրթական ամենէն փայլուն ու յառաջադէմ հաստատութիւնը կը համարուէր: Իր ուսման տարիներուն բինկեանցի Յարութիւն աղա Գասեան անոր ամսական մէկ ոսկի կու տայ՝ իբր օրապահիկ:
1862-ին ուսումը աւարտելով վկայական ստացած է՝ 14 նշանաւոր եւ մտաւորական անձնաւորութիւններու ստորագրութիւններով, որոնց կարգին էին Ներսէս Վարժապետեան, Մ. Մամուրեան եւ ուրիշներ:
Ուսուման տարիներուն ֆրանսերէնի նկատմամբ յատուկ սէր ցուցաբերելուն, ֆրանսացի մը, որ այն ատեն Կայսերական պալատին մէջ ուսուցիչ եղած է, նկատելով պատանի Եղիազարեանի սէրը, յօժարած է անոր ձրիաբար դաս տալ:
Ուսումը աւարտելէ ետք Եղիազար Մուրատեան ուսուցչութեամբ զբաղած է, երկար տարիներ դասաւանդելով ու դասախօսելով Գուզկունճուքի, Պէշիկթաշի, Օրթագիւղի, Սկիւտարի եւ Բերիայի վարժարաններէն ներս: Սկիւտարի մէջ ան մասնաւոր վարժարան մը հիմնած է: Ան դասաւանդած է հայերէն, ֆրանսերէն, գրագիտութիւն եւ պատմութիւն:
1866-ին, մեր իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Մուրատեան «Գրագիտութեան» դասագիրք մը յօրինած է: Ան յօրինած է նաեւ «Հայերէն գրաբառ քերականութիւն», «Ֆրանս. Հայ. քերականութիւն», «Պատմութիւն Ընդհ. Ազգ.» (անտիպ մնացած), «Ճարտասանութիւն» մը, որ ձօնած է իրեն համակիր եղող՝ Գրիգոր Ս. Օտեանին: Այդ աշխատութեան մէջ զետեղած է նաեւ հետեւեալ ոտանաւորը.
Որ զտարագիրըն Կալլիոպ ի հովասուն մայրեաց Գողթան,
Առ քեզ ժողովեցեր հովանացեալ նման հանճարովդ,
Հարելոյս ի նորին գեղ իբր շնչեցեր եռանդն հրակէզ,
Ի ժպիտ նորին բերկրիլ եւ յարտասուս նորա սըգալ,
Մեկենա՜ս, ինձ երանի՝ թէ զապաշնորհս ընկացիս ձօն
Եւ անզօր ձայնի քնարիս անմահութեան ծարաւելոյ,
Լիցի թեւ երկնասլաց՝ վսեմականն Գրիգոր Օտեան:
Օտեան ի պատասխան՝ այս նամակը գրած է.
Ազնիւ էֆէնտի,
Ձեր գրած ճարտասանութեան դասգիրքը կարդացի, փոքրիկ գրքոյկ մը որ մեծ եւ հզօր բանի մը վրայ կը ճառէ: -ՄԱՐԴՍ Ի ԲՆՈՒԹԵՆԷ ՈՒՐԻՇ ԶԷՆՔ ՉՈՒՆԻ, ԱՅԼ ՄԻԱՅՆ ԽՕՍՔԸ- ՈՎ ՈՐ ԱՅՍ ԶԷՆՔԸ ԳՈՐԾԱԾԵԼՈՒ ԵՂԱՆԱԿԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ՝ ՄԱՐԴՈՑ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆԸ Կ՚ՕԳՆԷ:
Ձեր առ իս ըրած ուղերձը կը պատուէ զիս եւ կը յուզէ միանգամայն: Ձեր սրտին նուէրն է այն, զոր շնորհակալութեամբ կ՚ընդունիմ առանց փնտռելու, թէ ի՛նչ արժանիք ունիմ այդպիսի պատւոյ մը, զի ինչ որ չեմ, զայն տեսնել կու տայ յիս Ձեր սէրը: Երանի՜ ինծի եթէ այդ Ձեր բոլոր պատրանքը իմ վրաս իսկանայ օր մը…
Գ. Ս. Օտեան
25 մայիս 1869, Կ. ՊՈԼԻՍ
Եղիազար Մուրատեան պատրաստած ու կազմած է նաեւ «Ծաղիկ արդի հայ մատենագրութեան» անունով երկհատոր աշխատութիւնը, որ կը պարունակեն գրական հատընտիր գրութիւններ: Այս երկու հատորները երկար տարիներ որպէս դասագիրք գործածուած են: Ուրիշ դասագիրքեր եւս պատրաստած է:
Մուրատեան նաեւ կատարած է թարգմանութիւններ. ինչպէս օրինակ՝ «Ամուսնական առողջաբանութիւն, Օնանու մեղքը», «Տնական բժիշկ», եւ այլն:
Ան հեղինակ է նաեւ երկու թատրերգութիւններու՝ «Վարդան» եւ «Աղասի», որոնք քանի-քանի անգամներ ներկայացուած են: Դժբախտութիւն է սակայ, որ այդ թատրերգութիւնները տպուած չըլլալով՝ ամբողջութեամբ կորսուած են:
Եղիազար յօդուածներ տպած է նաեւ տարբեր թերթերու մէջ: Տպած յօդուածներուն նիւթերը ընդհանրապէս եղած են քննադատութիւններ՝ ազգային կեանքին վերաբերող:
Մուրատեան հեղինակ է նաեւ տետրակի տեսքով «Պարսկական նամականի» աշխատութեան, բաղկացած՝ երկու տետրերէ: Անոր մահէն ետք հրատարակուած է իր հեղինակած «Քննական Պատմ. Արշակ Բ.-ի եւ անոր Պապ որդւոյն» աշխատասիրութիւնը:
Եղիազար Մուրատեան գրած է նաեւ բանաստեղծութիւններ, որոնց մէկ մասը հրատարակուած են թերթերու մէջ եւ որպէս գիրք, իսկ մեծ թիւով ալ ոտանաւորներ մնացած են անտիպ:
1929-ին, Աղեքսանդրիոյ Արամ Ստեփանեան տպագրատունէն ներս հրատարակուած է հատոր մը Եղիազար Մուրատեանէ՝ «Բանաստեղծական խորհրդածութիւններ (գիրք ա.)» վերանգիրով: Մուրատեանի կենսագրութիւնը կազմելու ժամանակ բացառապէս օգտուած ենք այս գիրքէն: Այդ գիրքին յառաջաբանին մէջ հետեւեալը կը կարդանք. «Մոլեռանդ հայրենասէր մը եղած է միշտ եւ յարգած ու պաշտպանած Ազգային Եկեղեցին իբր հայ ազգի գոյութեան կապը, պայմանը, նոյնիսկ իր գրութիւններէն միոյն մէջ ըսած է, թէ «Հայաստանեայց Եկեղեցիէն դուրս չկայ հայութիւն»:
1880-ին բռնապետական ռեժիմը իր գրած հայրենասիրական մէկ քանի ոտանաւորներու համար զինքը ձերբակալել ուզելով՝ Ռումանիա փախաւ՝ Ռ. Յ. Պէրպէրեանի հետ միասին, եւ քիչ յետոյ իբր ռումանահպատակ վերադարձաւ:
Օտեան եւ Պէշիկթաշլեան՝ իրեն համակրողներ եղած են, իսկ Ստեփան փաշա Ասլանեան, Պէրպէրեան, Պարոնեան, Մ. Չերազ իր բարեկամները» (էջ Ը):
Եղիազար Մուրատեան մահացած է 1891-ի սեպտեմբերին, Բերիայի մէջ:
Վերոյիշեալ գիրքի յառաջաբանին հեղինակը զետեղած է նաեւ Ռեթէոս Յ. Պէրպէրեանի խօսած դամբանականը, որ ամբողջութեամբ կ՚արտատպենք այստեղ.
* Եղբարք, աննշան ոք չէր այն՝ որոյ դագաղին շուրջը ժողովելու դժբախտութիւնն ունինք այսօր: Նա մին էր այն ազգային ուսուցչական մարմնոյն կարողագոյն անդամներէն: Նա խորհող մ՚էր, նա գրող մ՚էր:
Եղիազար Մուրատեան, Ս. Փրկչեան ճեմարանի պանդուխտ սան եւ մին անդրանիկներէն էր այն աշակերտաց, որք անմոռանալի Ստեփան Փափազեանի տաք շունչին տակ հրահանգուեցան: Կանուխ՝ շուրջ 30 տարիներ առաջ մտած էր ուսուցչական ասպարէզի մէջ, իբրեւ դասախօս հայ եւ ֆրանսերէն լեզուաց ու գրագիտութեան: Այդ ասպարէզի մէջ շուտով նա ստացաւ պատիւ ու համբաւ եւ մայրաքաղաքիս ազգային նշանաւոր վարժարաններէն բազումք բացուեցան իւր առջեւ, իրեն խնամոց յանձնելով իւրեանց բարձրագոյն կարգաց գրական ու լեզուագիտական կրթութիւնը: Ընդ երկար նա դասախօսեց Գուզկունճուքի, Պէշիկթաշի, Օրթագիւղի, Սկիւտարի եւ Բերայի վարժարանաց մէջ, երկսեռ ուսանողաց, որոնցմէ ելան շատեր՝ նշանաւոր այսօր իրենց կարողութեամբն հայ ու գաղղիական գրագիտութեանց մէջ: Հիմնեց նա անկախ վարժարան ի Սկիւտար եւ ի Բերա եւ վարեց մի քանի տարիներ:
Սովորական ուսուցիչ մը չէր, կողմնակալ, անյառաջադէմ, հնուց բացուած բազմակոխ ճամբաներէ քալող աւանդամոլ, ո՛չ, ընդհակառակն իր հմտութիւնը զարգացուցած էր նա շարունակ. ուսմանց մէջ նա կը ներկայացնէր վերանորոգման, կատարելագործութեան ոգին, վկայ են իւր դասագրքերն. հին ճարտասանութեանց դէմ կը կանգնէր իւր գրագիտութիւնը, Լաբսալի աւանդական քերականութեան տեղ կը դնէր հայացեալ «Լառուս»ը, աշխարհաբարի ուսման համար կ՚ընծայէր ուսուցչին եւ ուսանողին, «Ծաղիկ»ը արդի հայ գրականութեան: Հետամուտ էր իւր արուեստի տեսականին, տեղեակ մանկավարժական սկզբանց՝ որոց կը վկայեն իւր դասագրոց հմտալից յառաջաբանք: Իւր սիրելագոյն ընթերցումներէն մին էր Սփէնսըրի դաստիարակութեան գիրքը: Ստրկական հաւաքիչ մը, ընդօրինակող մը չէր իւր դասագրոց հեղինակութեանց մէջ, իւր հաւաքածոյն իսկ, իւր «Ծաղիկ»ներն ինքնաբոյր բան մ՚ունին, անձնական տիպ մը՝ դրոշմ մը՝ զոր կու տայ անոնց իւր ուրոյն ծանօթութեամբ ու բացատրութեամբք:
Այո՝ քննադատ մ՚էր, ու խիստ քննադատ մը, եւ իբրեւ գրող՝ այս եղած է մանաւանդ իւր պաշտօնը: Իբրեւ գրական քննադատ մը, նա ունէր գրագիտական ճոխ հմտութիւն ազգային եւ օտարազգի մատենագրութեան եւ կիրթ ճաշակ՝ կարող ընտրելու գեղեցիկն ու տգեղը, օգտակարն ու անպիտանը: Քննադատ մ՚էր նաեւ ազգային կենաց շրջանակի մէջ, եւ անաչառ, անողոք, մինչեւ դուրս իսկ վազել երբեմն այն սահմաններէն, զորս կը գծեն առ մեզ քննադատին առջեւ ընկերային պատշաճութիւնք ու նապախաշարմունք եւ այսու շատ անգամ յինքն գրաւեց նա հոգաբարձութեանց զայրոյթն ու ատելութիւնը եւ հակառակ իւր անվիճելի կարողութեան՝ կորոյս յաճախ իւր դասախօսական բեմերը, մատնուելով. մանաւանդ վերջին տարիներու կարտօութեան իսկ:
Բայց իւր «Պարսկական նամակներ»է մի քանիք պիտի մնան միշտ վկայ իւր անկողմնակալ, արդարասէր, անկախ ու սէգ ոգւոյն, որպէս եւ օրինակ հզօր, սրամիտ, յստակամիտ, կորովալից քննադատութեան:
Գիտեմք, իւր քննասէր եւ խուզարկու ոգին այնպիսի նիւթ մը եւս ընտրեց, որ կը պահանջէ խոր պատմական աղբերց հմտութիւն եւ որ սակաւուց եւեթ մատչելի է: Եղիազար Մուրատեան Իզմիրեանց կտակի Յանձնաժողովոյն մատոյց պատմական քննական գործ մը, մեր պատմութեան ամենէն շահեկան ժամանակներէն եւ դէմքերէն միոյն վրայ, գործ որ ձեռնհաս քննիչի մը՝ Մարկոս Աղաբէկեանի, հաւանութեանն էր արժանացած եւ զոր մամլոյ յանձնելու փափաք, աւա՜ղ, չկարողացաւ գոհացնել ի կենդանութեան:
Եղիազար Մուրատեանի մէջ կար քերթող մը, իւր գրական կենաց առաջին շրջանին մէջ նա գրած էր խանդոտ քերթուածներ, որոնք Պէշիկթաշլեանի եւ Օտեանի ուշադրութիւնն ու համակրանքն ձգած էին երիտասարդ, գրեթէ պատանի գրագէտին վրայ եւ միշտ իւր արձակն ունէր փայլ մը քերթողական, թռիչ մ՚երեւակայութեան:
Տակաւ Մուրատեան հակեցաւ յիմաստասիրութեան՝ նա մանաւանդ յիմաստասիրութեան բնութեան, գործարանաւոր ու անգործարան նիւթոյն: Տարվին եւ Պիւխներ եղան վերջին սիրելագոյն ուսուցիչքն այս ուսուցչին, որ ամէն լաւ ուսուցչաց պէս սիրեց ցվերջ ըլլալ միանգամայն ուսանող մը: Նիւթապաշտ մ՚եղաւ նա դժբախտաբար, մտածութիւն եւ զգացում վերագրելով նիւթոյն, թերեւս համաստուածեան մը՝ տիեզերաց մէջ տեսնելով միանգամայն զայն, որ կը շարժի եւ զայն որ կը շարժէ: Այլ անկեղծ համոզումներ միշտ յարգելի չեն, ո՛րքան եւ ուղղափառ չլինին կամ չերեւին անոնք: Ինչ որ ալ լինի, Եղիազար Մուրատեան խորհող մ՚եղաւ, իմաստասէր միտք մը, իւր առօրեայ գործէն յաճախ վեր կ՚առնուր իւր մտածութիւնը եւ կ՚ուղղէր զայն յաւիտենութեան խորոց մէջ, ճգնելով իւր մտաց լուսով թափանցել խաւարն, որ կը ծածկէ սկիզբն ու վախճանը, տկար ճիգն, լոյս աղօտ, բայց որ կը յայտնէ մեծ մտքերը, ազնուական՝ բարձր ոգիները:
Կարող եւ յառաջդիմական ուսուցիչ, դասագիր, քննադատ, քերթող-իմաստասէր, ահա ինչ որ եղաւ Եղիազար Մուրատեան: Եղաւ եւ հայր ընտանեաց, ունեցաւ մի ուստր եւ մի դուստր, մանչն ըրաւ ընտիր գերմանագէտ մը, աղջիկն ընտիր դաշնակահար-արուեստագէտ: Ընտանեկան, ազգային, դասախօսական եւ գրական ասպարէզներու մէջ աշխատեցաւ անդուլ, արտադրեց, լաւագոյնն իրականցնելու տենչն ունեցաւ, արդիւնալից կեանք մ՚ապրեցաւ: Վայելեց -շատ քիչ- պտուղն իւր ճգնաց, անողոք հիւանդութիւնն կը չարչարէր զինքն երկար ատենէ ի վեր, աղքատութիւնը իւր տանջանք աւելցուց այդ չարչարանաց վրայ, իւր անկեղծութիւնն ալ, ծայրայեղ դիւրագրգռութեամբ որում յաճախ կու տար բուռն բացատրութիւն, իւր մասն ունեցաւ իւր դժբախտութեանց մէջ: Իւր աղջկան նորածին փառքն ու անոր դաշնական նուագն եղաւ իւր տառապակից վերջին նեղ օրերուն միակ սփոփն: Այժմ ալ չի կրեր, իւր հոգին զերծ է մարմնոյն շղթաներէն ու պէտքերէն, զերծ նաեւ նիւթոյն կեղեւէն, պայծառագոյն կը տեսնէ այժմ գաղտնիքը էութեան, որ անհանգիստ կ՚ընէր զինքն. մարմնոյ եւ մտքի տանջանքն դադրեցան իւր համար, կը հանգչի վաստակեալն, օրհնեալ ըլլայ իւր յիշատակն (Արտատպուած Վ. Զարդարեանի «Հայ երեւելիներ» գործէն) (էջ Ը-ԺԲ):
Իր աշակերտներէն Գրիգոր Մինէճեան այսպէս գրած է իր ուսուցիչին մասին.
* …Հայերէնի եւ ֆրանսերէնի ուսուցիչ մը բերին, որուն անունը առանց յուզուելու չեմ կարող յիշել, Եղիազար Մուրատեանն էր:
Եղիազար Մուրատեանը անստգիւտ դասատու մըն էր, թէպէտեւ համալսարան յաճախած չէր, բայց եթէ Ֆրանսա կրթուած ըլլար՝ «Էքոլ Նորմալ»ի մէջ դասախօսելու արժանի պիտի դատուէր:
Երբ առաջի անգամ տեսանք զինքը գլխարկով, իր չոր ու թուխ դէմքը եւ վարի շրթունքին տակը բուսած քանի մը թել պարպիշը՝ զինքը աւելի Քէֆալօնեացի ասպետի մը կը նմանցնէինք: Բայց անիկա իր առջի դասախօսութեամբը անմիջապէս զմեզ հրապուրեց. տեսանք որ մարդը սովորական վարժապետ մը չէր. իր ընտրած մեթոտը հինցած, մգլոտած բաներէ կազմուած չէր. ամենապարզ նիւթ մը իմաստասիրական, բանասիրական եւ գիտական աղով մը կը համեմէր, տափակ բաներու եւ գրուածքներու ոխերիմ թշնամիր էր:
Ինք առաջինը եղաւ՝ հակառակ գրաբար քերականութեան մը հեղինակը ըլլալուն՝ որ աշխարհաբարի մոլեռանդ մը ըլլալը բացորոշապէս մեզի արտայայտելէ չքաշուեցաւ. ինքը եղաւ մեզի գրագիտութեան դասը սկսողը, գրական պատմութեան մեզի առաջին աւանդողը:
Միւս ուսուցիչներէն ալ մեր ընդարմացած միտքերը սթափեցուցին իրենց նոր ու հրապուրիչ դասախօսութիւններով:
Ասիկա հազիւ մէկ կամ մէկուկէս տարի տեւեց:
Ուրիշ հոգաբարձութիւն մը եկաւ, որ գրեթէ Intellectuelներէ կազմուած էր, որուն առաջին գործը եղաւ, ինչպէս ինքզինք յարգող հոգաբարձութիւն մը ուրիշ կերպ չէ կարող ընել, այդ սքանչելի դասատուներէն… զմեզ զրկել:
Նախ ըսեմ թէ Եղիազար Մուրատեանը անխախտ մնաց, վասնզի նորեկ հոգաբարձուները շատ կը յարգէին զանիկա եւ քիչ մըն ալ կը վախնային անոր գրիչէն ու լեզուէն (էջ ԺԳ-ԺԴ):
Իսկ Տիգրան Ամիրճանեան ստանալէ ետք Մուրատեանի «Ծաղիկ» աշխատասիրութիւնը, հետեւեալ նամակը գրած է անոր.
* 1884 յունիս 26, Վան
Անձկալի բարեկամ,
Ընկալայ ձեր պատուական նուէրը, նուէր՝ վաղեմի բարեկամէ եւ Մեծ Հայրենակցէ, վասն որոյ անպատում եղաւ ուրախութիւնս: «Ծաղիկ» անուն ունի ձեր գրքոյկը. ծաղիկ է նա սրտի, ծաղիկ է մտաց: Մեծագին է նա յաչս իմ եւ նոցա՝ որ գիտեն ըստ արժանւոյն գնահատել, քան զայն՝ զոր նուիրեն իշխանք: Անմահ ես դու, բարեկամ, քո երկերով. ուրախ եմ յոյժ ընդ այն, եւ առաւել ուրախ որ քո անմահութիւնը փառք եւ կեանք է հայրենեաց:
Սիրտս զքեզ կը պաշտէ, քու կարօտով կը մաշիմ. ահա այս փոխադարձ նուէր քո բարեկամէն, ընկալ, կ՚աղաչե՜մ:
Կը մաղթեմ քեզ յաջողութիւն եւ կեանք երկար յօգուտ եւ ի պարծանս Հայրենեաց:
Քոյդ՝ Տ. Ամիրճանեան (էջ ԺԴ):
2016-ին Եղիազար Մուրատեանի արժանի յետնորդ՝ բանաստեղծ, գրականագէտ, սփիւռքագէտ տքթ. Արթուր Անդրանիկեան հրատարակած է Մուրատեանի աշխատութիւնները երեք հատորով: Հարցազրոյցի մը ընթացքին տքթ. Անդրանիկեան այսպէս արտայայտուած է. «Կը ներէք՝ ընդմիջեմ․ արդեօք կը հաւատա՞ք ժառանգականութեան հրաշքին։ Արմատներով՝ մօրս կողմէ մեծագոյն հպարտութիւն է վասպուրականցիի զարմէն սերուած ըլլալս, ամէն պարագայի՝ ճակատագրական։ Նախահայրս՝ Եղիազար Մուրատեան /1841-1891/, մեծահամբաւ ուսուցչապետ, եղած է Պետրոս Դուրեանի գրաբարի եւ ֆրանսերէնի ճարտասանութեան ուսուցիչը՝ Զարթօնքի սերունդէն։ 2016-ին անոր եռահատոր /շուրջ հազար էջ/ ժողովածուն հրատարակած եմ։ Կարծեմ որոշապէս յայտնի եղաւ արեւմտահայերէն գիտնալուս՝ ըստ իս, բանիբուն ակունքը։ Ասոր կը հաւատամ եւ չեմ խորշիր արտայայտուելէ։ Ուրիշ բացատրութիւ՞ն՝ թերեւս տարիներու տքնութիւնս»:
Յաջորդիւ մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Եղիազար Մուրատեանի ժառանգութենէն հատուածներ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
2 սեպտեմբեր 2024, Վաղարշապատ