Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ նոր եղանակի բացումը։ Միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին երեկոյթի բոլոր մասնակիցները։ Նոր եղանակի բացումը բնորոշեց «Պոլիս լուսատու» խումբին լուսանկարչական ցուցահանդէսը։ Այսպէսով, «Վարպետ ձեռքերու կախարդանքը» խորագրեալ ցուցահանդէսը կը կրկնուի Իսթանպուլի Ասիական ափին։ Թէ՛ միութեան վարչայինները եւ թէ «Պոլիս լուսատու»ի լուսանկարիչները ջերմ զրոյց ունեցան բոլոր այցելուներուն հետ։
Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները բացատրութիւններ տուին յառաջիկայ շրջանին նախատեսուած աշխատանքներուն շուրջ։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2024