ԵՐԿՈՒ ՆԿԱՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ - 4

Վերջին այցելութիւններս Հալէպ շատ հոգեպարար էին ու յուզումնալից, աւերակներով ապրող քաղաք, չքաւորութիւն, յուսալքութիւններ, հայութեան թիւի նուազում: Բազմազան զգացումներ ունէի Հալէպին հանդէպ. ցասում, խղճահարութիւն, կարօտ, նոյն կարօտի հատուցման խեղթող ու անբաժան փափաք (տնտեսական հատուցման հետ զուգակցող), որ կը տանէր նոյնիսկ դէպի ամենայն պատմականութիւնը դրժելու ու աւելի կապուելու համաշխարհայնացման (իբրեւ ապաքինում եւ բոլոր մեծ ու փոքր մարդկութեանց հաւաքականութիւններուն հաշիւներու լուացում): Քառասուն Մանուկն ալ իր ալեկոծումներով կ՚երեւէր այս բոլորին հետ։ Այն մշտականն էր ինծի համար ու Հալէպի տոմս էր դէպի իրական դրախտ-դժոխք ու քաւարանը: Մանկութիւնս ու պատանեկութիւնս մնացած էին Հալէպի վէրքերուն գերի, կարծես դարձեալ այս վէրքերը անցեալը սրբացնելու մղուած էին ու սէր հայցելով քաղաքին նոր առաքելութիւն կ՚ուզէին տալ: Ես սիրահարուածներէն չէի Հալէպին, որմէ նոյնիսկ յաճախ փախած եմ, բայց պատերազմէն ու աւերէն ետք ամէն ինչ ուրիշ էր: Մեր կեանքը երկար տարիներ անցած էր Հայաստանի եւ ուրիշ երկիրներու մէջ․ հազարումէկ Քառասուն Մանուկներ տարած-բերած էր մեր դէմ: Ինծի համար պաշտելի նորանորութիւնը նուաճուած կ՚ուզէի տեսնել ու տեսակ մը պատգամ հասցնելով Հալէպի Քառասուն Մանուկին ըսելով.

 -Պիտի գամ քովդ փրկելու ամէն ինչը ու մարդկային վերջնականութեամբ պիտի մսխեմ քեզ ինձմով, քեզի հետ ըլլալու համար կատարեալ:

«Դրախտ-դժոխք ու քաւարան» նկարը չէր զուգադիպած ինծի, հակառակ անզգալաբար զայն փնտռելուս եւրոպական ու ասիական եկեղեցիներուն մէջ, իսկ կեանքի բաւիղներով վաղուց արդէն սատանաները միայն նկարին մէջ չէին ու սատանայացնող իրականութիւնները չէին յուշեր Քառասուն Մանուկի նկարները: Երբ խանդավառ ես ու գերկեանքոտ, յաճախ կը մտածէի, թէ սատանան ալ պարզօրէն կ՚ընդունիս, եւ տեղ մը նոյնիսկ ան կը դառնայ հաճելի ու ըմբոշխնելի (ոչ թէ չարիքային համակարգով, այլ զուտ գոյութենական ու տեղ մըն ալ գեղագիտական յառաջատարութիւններով):

Երեւանի մէջ ամենամեայ գիրքի փառատօնը տեղի ունեցաւ ամիս մը առաջ եւ մենք ըստ ընկալեալ սովորութեան այցելեցինք տաղաւարներէն մի քանին։ Եւ նոյն վերջին օրը ուզեցինք ներկայ գտնուիլ փակման հանդիսութենէն առաջ կատարուած բանաստեղծական երեկոյթին, որ տեղի կ՚ունենար Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի երկրորդ յարկը:

Տեղաւորուեցանք ետեւի շարքերէն մէկուն, քանի գրեթէ լեցուած էր սրահը: Բաւական հեռու էինք բեմէն, բայց առաջին առթիւ աչքիս զարկաւ մեծ գեղանկար մը ու առանց վարանման ճանչցայ, որ Քառասուն Մանուկի «Դրախտ-դժոխք-քաւարան»ի նմանակն էր: Բնականաբար, ինծի համար իրականն ու առաջինը կը մնար Քառասուն Մանուկինը եւ կայծակի ազդեցութեամբ յայտնաբերուած յանկարծակի այս նկարը երկար տարիներու, հին ու նոր կուտակուածութիւններու, եղածի-ընթացածի եւ սպասուածի ծաղկաքաղ մը արթնցուց իմ մէջ: Մէկ վայրկեան քարացած էի: Մենք Երեւանի, Հայաստանի Ազգային թանգարանին մէջ ենք, Հալէպ չենք, ինքնութեան բոլոր շերտաւորուածութիւնը, ուժգնութիւնն ու թունդութիւնը, հայոց պատմութիւնը, հայկական սփիւռքի ամենաանքակտելի, ամենաբանալի հոսքով պատմականացած պահս կը տեսնէի, ուր ըլլալը ազգայինի առաքելութեան հետ վերծանելն էր դրախտ-դժոխտի երկրայինը, ամէն տեսակի քաւարաններով՝ ըլլան անոնք քաղաքական կամ պարզ ընկերային:

 Այո՛, այս կեանքի շրջանին բացուիլ ու ի յայտ բերել նոյն «Դրախտ-դժոխք-քաւարան»ը Երեւանի մէջ, ինչքան ալ վանէր ինձմէ առաքելութիւններ փնտռելու վիճակները, ակամայ մէջս ու դուրսս կ՚ուրախացնէր, որպէսզի տեսնեմ առաքելութիւններ, կամ առնուազն երջանիկ կեանքակերտում մը: Այնքան տարիներու անձնական ու ընդհանուր, կերտուած ու չկերտուած վիճակները կ՚ուզես առիթներու բերումով միշտ խտացնել ու փայփայել։ Այս այդ պահերէն մէկն էր, երբ անցած, ներծծած բարձրագոյն ինքնամաքրումներդ, ինքնահերքումներդ ու ինքնակերտումներդ կ՚ուզեն յամենալ, կատարելագործուիլ ու արշաւել ազատ, իսկ դուն նստած ես քարացած ու լուռ, կամային ու յուզալից: Եւ ահա, «Դրախտ-դժոխք-քաւարան»ին աւելցաւ նոր մը ու այս անգամ ինծի աւելի մօտ՝ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ: Մօտէն զննելով զայն զգացի, որ բաւական տարբերութիւններ կային «առաջինէս», սատանան մարդկային կերպարանք չունէր հոն, այլ մեծ շանաձուկի տեսքով էր, իսկ քաւարանի մանրամասնութիւնները, նաեւ վերը Աստուծոյ գահը ուրիշ տեսակ էր: Այդ բոլորը նոր սկիզբի մը նշանները կրնային տալ, բայց Հալէպինը անշրջանցելի համարուելով՝ արդէն ունէր զուգընկեր մը:

Այս յօդուածս կը մրոտէի Երեւանի Քասքատ շրջանի բաց սրճարաններէն մէկուն նստած, յանկարծ Հայաստանի Ազգային թարգարանի աշխատակից Սաթենիկ Չուքասըզեանը անցաւ: Ծանօթ էինք ու ոտքի ելայ, փափաքելով խօսիլ թանգարանի «Դրախտ-դժոխք-քաւարան»2 նկարին մասին ու սկսանք զրուցել: Կարծես Սաթենիկը ուղարկուած էր ճի՛շդ գրութեանս այն պահին եւ ճիշդ «Դրախտ-դժոխք-քաւարան»2ի կողմէ: Սաթենիկը նոր տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ ըսաւ, որ ուսումնասիրութիւն մըն ալ ունի այդ նկարին շուրջ: Նոր Ջուղայի հայկական Ամենափրկիչ եկեղեցիին մէջն է առաջնեկն ու իսկականը նկարին, որ կը կոչուի «Ահեղ կամ վերջին դատաստան» (17-րդ դար), գծագրուած եւրոպական քրիստոնէական նկարչութեան ազդեցութեամբ հայ գծագրիչներու կողմէ: Գլուխ գործոց մըն էր այդ մէկը։

Արդէն Նոր Ջուղայի Ամենափրկիչ եկեղեցին դարձաւ իմ «Դրախտ-դժոխք-քաւարան»իս նոր տէրն ու կանչողը…

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

-վերջ-

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2024