COP29-Ի ՍԵՄԻՆ ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ԱՂՕԹՔ
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) նոյեմբերի 10-ին, Ժընեւի Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ, տեղական ժամով 17.00-ին, կազմակերպած է մասնաւոր աղօթքի արարողութիւն մը՝ համագործակցաբար Զուիզերիոյ հայ համայնքին։ ԵՀԽ էքիւմենիք այս արարողութիւնը պիտի իրականացնէ՝ Պաքուի մէջ նախատեսուած COP29 կլիմայի համաշխարհային գագաթաժողովի ճիշդ նախօրեակին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կոչին ընդառաջ։ Վեհափառ Հայրապետը վերջին օրերուն աշխարհի բոլոր մարդոց կոչ ուղղած էր՝ զանոնք հրաւիրելով աղօթել Պաքուի հայ պատանդներու եւ ռազմագերիներու ազատ արձակման համար։ Վեհափառ Հայրապետի այս կոչին արձագանգած է ԵՀԽ-ի նախագահ տքթ. Հայրիխ Պետֆորտ-Շթրոմ։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ Հայաստան կարիքն ունի իրենց աղօթքներուն։ Իր խօսքով՝ քրիստոնէական հաւատքը ուղեկցած է հայ ժողովուրդին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադրումէն՝ 301 թուականէն ի վեր։
Իր կարգին, ԵՀԽ-ի ընդհանուր քարտուղար փրոֆ. Ճերի Փիլայ վերահաստատեց՝ արդար եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ կոչին՝ միջազգային մարդասիրական եւ մարդու իրաւանց օրէնքներուն համապատասխան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնած է, թէ ԵՀԽ-ի կողմէ նախաձեռնուած հոգեւոր ջանքերը կը բարձրացնեն համաշխարհային իրազեկման մակարդակը՝ առկայ մարդասիրական տագնապին վերաբերեալ եւ իրենց նպաստը կը բերեն արդարութեան ու ճշմարտութեան վրայ հիմնուած խաղաղարար լուծման։
Եկեղեցական
- 11/27/2024