ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ՝ ԷՏՈՒԱՌ ՏՌԻՈՅԻ ԳՐԻՉԷՆ

Մեծն Աղեքսանդր տիրացաւ այն երկրին՝ որ կը գտնուի Արեւելքէն՝ ընդմէջ Միջերկրականի, Սեւ ծովու եւ Սահարայի, Ինդոսի, այսինքն՝ Եւրոպայէն Հնդկաստանի ճամբուն վրայ։ Իրմէ ետք, Հռոմէական կայսրութիւնը հազուադէպօրէն այդ ուղղութեամբ հասաւ Տիգրիս՝ որով Պարսկաստան կրցաւ դարձեալ բարձրացում մը ունենալ։ Աւելի ուշ, Է. եւ Ը. դարուն՝ Արաբական կայսրութիւնը եւս տարածուեցաւ Միջերկրականէն Ինդոս (İndus) եւ իր սահմանները Ասիայի մէջ, բացի դէպի հարաւ փոքր շեղումէ մը, ճիշդ ու ճիշդ բռնեցին Մակեդոնեան կայսրութեան սահմանները։

Աւելի վերջ, ԺԲ.-ԺԴ. դար, արշաւանքներու պատճառով Եւրոպա, արեւմտեան Ասիան, այնքան եւրոպական որքան ասիական այս գօտին, Ասիան կամ յառաջագոյն Եւրոպան տակնուվրայ եղաւ ժողովուրդներու մեծ գաղթումներուն հետեւանքով։ Ճէնկիզ Խանի եւ Լէնկթիմուրի կայսրութիւնները ծածկեցին ամբողջ երկիրը՝ Փոքր-Ասիայէն մինչեւ Գանգէս, Կ.Պոլիսը երկար ատեն Եւրոպայի վերջին պատուարը եղաւ՝ Ծայրագոյն Արեւելքէն կամ կեդրոնական Ասիոյ լեռնադաշտերէն վազող եկող «աշխարհակալներ»ուն առջեւ։

Ասիական այս արշաւողներուն վերջին մէկ ալիքը տապալեց, 1453-ին, Կոստանդիանոսի քաղաքին պարիսպները՝ քրիստոնէական հաւատքին պատուարը ընդդէմ իսլամին։

Օսմանեան կայսրութիւնը, աւելի քան չորս դար, տարածուեցաւ արեւելեան Եւրոպայի եւ արեւմտեան Ասիոյ վրայ, Պարսկական ծոցէն մինչեւ Դանուր եւ Ադրիական ծով։

ԺԶ. դարէն սկսեալ, Կ.Պոլսոյ սուլթանը միջամտեց Եւրոպայի գործերուն, եւ արդէն Ֆրանսայի դաշնակից, դէպի միջին Դանուր քշեց գերման սահմանագլուխները։ Սուլթան Սիւլէյմանի (1520-1566) իշխանութիւնը գագաթնակէտը եղաւ այդ զօրութեան։

Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութիւնը տարածուած հողերուն մէջ, գէթ Եւրոպայ, ընդհանրապէս խորունկ արմատներ չմխրճեց. պարտուած ժողովուրդներու վրայ զետեղուեցան՝ առանց անոնց հետ ձուլուիլ ջանալու։

Թերեւս անհնարին էր ֆիննական ցեղէ թուրքը ձուլել արիական ցեղէ յոյներուն կամ սլաւներուն հետ. իսլամը՝ քրիստոնէին հետ։ Իսկ ԺԷ. դարէն, Օսմանեան կայսրութիւնը հետզհետէ տկարացաւ՝ սահմանները ընկրկեցան, ինքն իր վրայ սեղմուեցաւ։

Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ, Վոսփորի եւ Տարտանէլի երկու կողմէն Օսմանեան կայսրութեան ընկրկումը ծնունդ տուաւ Արեւելեան Խնդրին։ Իր պատմութիւնը իրապէս պատմութիւնն է դրացի ազգերու յառաջդիմութեան՝ ի վնաս իսլամ ժողովուրդներու։ Հետեւաբար անիկա կրօնական հանգամանք ունի։

Մէհմէտ Բ.-ի եւ Սուլթան Սիւլէյմանի յաղթանակը քրիստոնեայ երկրի վրայ՝ մահիկին յաղթանակը եղաւ խաչին վրայ։

Կավկաս, Դանուբ, Սուրիա եւ այլն պատմական երկիրներու տիրացումը մեծ կարեւորութիւն ունի, քանի որ եւրոպական ժողովուրդները Ասիոյ մէջ՝ Ինդոսէն եւ Արալ լիճէն անդին, կենսական շահեր ունին, որովհետեւ Կ.Պոլսոյ եւ յառաջագոյն Ասիոյ տէրը կրնայ ըլլալ տէրը հին աշխարհի, բովանդակ Եւրոպա անձկութեամբ կը հետեւի Արեւելեան խնդրին շրջափոխութեանը։ Ռուսաստանը, իր նպաստաւոր դիրքովը, շատ երիտասարդ եւ հաւատքով լեցուած, ամբողջովին անոր վրայ կ՚իշխէ հիւսիսէն՝ Դանուբէն մինչեւ Բամիր։

Բայց Ֆրանսան ալ, արեւելեան Միջերկրականի բոլոր այդ եզերքներուն վրայ նիւթական եւ բարոյական շատ հին շահեր ունի՝ որոնք չի կրնար լքել առանց դաւելու անոնց դէմ՝ որ խաչակրութիւններէն ի վեր վարժուած են իր վրայ յոյս դնել։ Սակայն Աւստրիա-Հունգարիան, որ հետզհետէ աւելի դանուրեան երկիր կը դառնար, չէր ուզեր որ կտրուէր իր ճամբան դէպի Արշիպեղաքոս, եւ Բրուսիական Գերմանիա, վախնալով որ Աւստրիա նորէն դէպի Հռենոս եւ Էլպա կը դառնար, դէպի հարաւ կը մղէր զայն։ Բայց Անգլիա, չէր ուզեր թողուլ որ կտրեն այն ճամբան՝ որ Միջերկրականէն Հնդկաստան կը տանէր, եւ Կիպրոսէն, Եգիպտոսէն, Աֆղանիստանէն կը ջանար զսպել, անդր քան Սեւ ծով եւ Կասպից ծով, «ռուսական վիթխարի սառնակոյտը»՝ որ կը սահէր միշտ։

Այսպէս, Եգիպտոսի ժողովուրդներու, Միջագետքի սեմականներու, Փոքր-Ասիոյ թուրքերուն շուրջը՝ Յաբեթի ամբողջ սերունդը, լատիններ եւ յոյներ, գերմաններ եւ անկլոսաքսոններ, սլաւներ եւ ռուսեր կը խուժեն, Աշխարհի Առաստաղին ստորոտը՝ կործանելու համար այս տարօրինակ ժողովուրդները, որոնք անակնկալ կերպով եկած են՝ Ինդոսի եւ Միջերկրականի միջեւ, երկուքի բաժնել հնդեւրոպական ընտանիքին երկու մեծ ճիւղերը՝ որոնք գոգցես ճակատագրօրէն իրար պիտի միանան արդէն։

Բայց Արեւելեան խնդրին այս պատմութիւնը մանաւանդ մեր օրերը հետզհետէ «տնտեսական հանգամանք» մը կը ստանայ։

Անիկա մէկ ձեւն է կեանքի այն պայքարին՝ որ իրարու դէմ կը հանէ նոյնիսկ արենակից ազգեր։ Սուէզի ջրանցքին բացումը նորէն հոն տարաւ հին աշխարհի առետուրին մեծ ճամբան, որ 350 միլիոն եւրոպացիները կը միացնէր 250 միլիոն հնդիկներուն եւ 400 միլիոն չինացիներուն, որ Խաղաղականէն Ատլանտեան կը տանի, հին աշխարհի վրայով, բոլոր այն բերքերը որոնցմով կազմուած էր մեր առօրեայ ապրուստը։

Անգլիա՝ անոր լաւագոյն կէտերը կը գրաւէր Միջերկրականի, Կարմիր ծովու եւ Հնդկաց ովկիանոսի մէջ։ Բայց Ֆրանսա ունէր արեւմտեան Միջերկրականի հիւսիսային եզերքը եւ հարաւ եզերքը, եւ Արեւելքի մէջ շահեր ունէր, աւելի հզօր աւանդութիւններ, Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ նորարծած շահեր, զորս կ՚ուզէր արժեցնել։

Ռուսաստան չէր հաւաներ փակուած մնալ հիւսիսի սթեփներուն կամ սառնապատ դաշտերուն մէջ, եւ իրեն նաւահանգիստներ պէտք էին ազատ ծովու մը վրայ, Միջերկրականի, Հնդկաց ովկիանոսի կամ Խաղաղականի։

Եւ Եւրոպայի բոլոր միւս ազգերը տեղի մը պէտք ունէին առեւտրական այդ մեծ ճամբուն վրայ։ Որովհետեւ կ՚երեւի, թէ անոնք որ մէկդի ձգուին՝ պիտի ստիպուէին հրաժարիլ մեծ դեր մը խաղալէ մերձաւոր ժամանակներու տնտեսական գործունէութեան մէջ։

Արեւելքը՝ ուր պատմութիւնը սկսաւ, նորէն պատմութեան գլխաւոր թատերավայրը եղաւ. եւ իր նոր պատմութիւնը՝ բաղդատմամբ առաջուանին՝ եղականօրէն այլազան է եւ կերպով մը աւելի «տրամաթիք», կնճռութեամբ այն հարցերուն՝ որոնք կը ձեւացնեն ներկայի քաղաքականութիւնը. թէեւ կրնայ ըլլալ որ նախնի ժողովուրդներու կեանքը այլեւս պարզ չ՚երեւիր մեզի, անոր համար որ շատ աղէկ չենք ճանչնար զայն եւ չենք ապրիր ալ զայն…

Ուստի, ներկան հասկնալու համար անցեալին պատմութիւնը անհրաժե՛շտ է…

- Սկզբնաղբիւր. Էտուառ Տռիօ. «Արեւելեան Խնդիրը», Եր. Սրմաքէշխանլեանի թարգանութեամբ. Կ.Պոլիս, 1913։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 1, 2024, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2024