ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏԵԱԼ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հոգեւորականներու հերթական խումբը։ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն քահանայ հայրերու այս խումբն ալ վերապատրաստման դասընթացքէ անցած էր «Գարեգին Ա.» կեդրոնէն ներս։
Վերապատրաստեալ հոգեւոր հայրերու հետ զրուցելու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ աշխարհասփիւռ հայոց թեմերու հոգեւորականներու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համախմբումը լաւագոյն առիթն է գիտելիքներու եւ հովուական կեանքի փորձառութեան առկայ մարտահրաւէրներու, հովուական կեանքի վերաբերեալ եւ հաւատացեալներու մասին զանազան հարցերու շուրջ քննարկումներ կազմակերպելու եւ խնդիրներու յաղթահարման ուղղեալ ընդհանուր մօտեցումներ ձեւաւորելու։ Ան քահանաներուն մաղթեց ուժ, կորով եւ Երկնաւորի առաջնորդութիւնը՝ իրենց հոգեւոր առաքելութեան մէջ։
Հուսկ, Վեհ. Հայրապետը իր մասնաւոր գնահատանքը արտայայտեց՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի տնօրէն Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեանին, որ կը ծրագրէ իրականացման ուղղութեամբ կը ցուցաբերէ լուրջ հետեւողականութիւն։
Եկեղեցական
- 11/27/2024