ԱԿՆԱՐԿ - 92 - «ԱՊՐԻԼ ԱՊՐԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»
Կիրակի, 17 նոյեմբեր 2024-ին ընտանիքիս հետ առիթ ունեցայ ներկայ գտնուելու «ԿՈՄԻՏԱՍ՝ ԵՐԱԺԻՇՏ ԵՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ» խորագիրը կրողը նախագիծին ութերորդ համերգին:
Այս նախագիծին գաղափարը ունեցած եւ զայն կեանքի կոչած է երաժիշտ, երգահան, երգիչ՝ Վահան Արծրունին:
Անցնող եօթ համերգներու ընթացքին Վահան Արծրունին հանդէս եկած է տարբեր երաժիշտներու, երգիչներու եւ երգչախումբի հետ: Այս համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին փայտափողային գործիքներու նորարար եւ վարպետ՝ Նորայր Քարտաշեանը եւ «Մենուա» խումբը:
Համերգը պարզապէս հրաշալի էր:
Դարձեալ եւ դարձեալ հանդիպում եւ մտերմութիւն Կոմիտաս Վարդապետին հետ, շնորհիւ եւ հրաշալի կատարումներովը տաղանդաւոր վարպետներուն՝ Արծրունիի եւ Քարտաշեանի, եւ անոնց ընկերացող երաժիշտներուն:
Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները երկու մեծ վարպետներու՝ Վահան Արծրունիի եւ Նորայր Քարտաշեանի մշակումով եւ կատարմամբ, հանդիսատեսներէն շա՜տ շատերը հեռուները տարած էին…:
Արդարեւ, մեր ներկայ իրականութեան պայմաններուն մէջ նման համերգները առիթ են վերադառնալու դէպի արմատներ, կտրուելու ներկայի գաղջ եւ անառողջ մթնոլորտէն, առիթ ունենալ խորհելու՝ որ մեր ժողովուրդը այդքան ալ վատ ժողովուրդ չէ՝ ինչքան ալ որ վերջերս կը փորձեն մեզ համոզել:
Իրականութեան մէջ, մեր ժողովուրդը չի՛ կրնար այդքան վատ ըլլալ՝ ինչպէս ոմանք կը փորձեն համոզել հանրութեան, այնքան ատեն որ իր ծոցէն տուած է Կոմիտասի նման մեծութիւն մը, աւելին՝ այդ մեծութեան հաղորդ դարձած, լաւապէս ըմբռնած մեծութիւն, ինչպիսին է մեր օրերուն լուսաւոր իւրայատուկ դէմքերէն մէկը՝ Վահան Արծրունին, որու շնորհիւ Կոմիտասը տակաւին կը շարունակէ խօսիլ, տակաւին կը շարունակէ երգել ու նուագել:
Նորայր Քարտաշեանը համերգի ընթացքին Վահան Արծրունիին ուղղած իր երախտագիտական խօսքին մէջ, խօսելով Արծրունիի կատարած հսկայ աշխատանքին մասին, ի միջի այլոց ըսաւ, թէ Վահան Արծրունին «ապրում է ապրեցնելու համար», այսինքն՝ «կ՚ապրի՝ ապրեցնելու համար»:
Յաճախ լսած ենք եւ կը լսենք՝ «ապրիլ ապրելու համար» արտայայտութիւնը, որ կեանքին թեթեւ նայելու կերպ մըն է, որ դէպի կորուստ ու վերացում կը տանի: Վարպետ Նորայր Քարտաշեանի այս մէկ արտայայտութիւնը՝ «ապրում է ապրեցնելու համար» մեզ կը տանի շա՜տ խորերը, հասկնալու կեանքի ինչութիւնը, այդ կեանքը ապրելու հմտութեան տիրանալ, ինչպէս նաեւ այս կեանքը ապրելով անմահանալ, միաժամանակ դէպի անմահութիւն տանող ճամբան ցոյց տալ շատերուն:
Վահան Արծրունին, արդարեւ, կ՚ապրի ապրեցնելու համար: Ան ապրած է ու կ՚ապրի Կոմիտասով, բայց այդքանով չէ՛ բաւարարուած, այլ՝ հսկայ աշխատանք ու ջանք տարած է, որպէսզի շատեր առիթ ունենան ապրելու Կոմիտասով: Փաստը այն է, որ ամէն անգամ երբ Արծրունին նոյն նախագիծով հանդէս կու գայ, մարդիկ կը շտապեն լսելու զինք, որովհետեւ ամէն անգամ իւրովի ու նորովի կը ներկայացնէ Կոմիտասին, առիթ տալով հանդիսատեսին հաղորդակցելու Մեծ Վարդապետին հետ:
Վահան Արծրունիի աշխատանքը չի՛ սահմանափակուիր միայն ներկայով, այլ՝ այն իր մէջ ունի այն զսպանակուածութիւնը, որ կ՚երթայ դէպի հեռո՜ւ հեռու ապագայ, այլ խօսքով, Վահանի գործը նաեւ մե՜ծ ծառայութիւն մըն է կրթելու եւ դաստիարակելու եկող սերունդները՝ ինչպէս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Նորայր Քարտաշեանը: Վահան Արծրունին իր արուեստով ո՛չ միայն կ՚ազնուացնէ ներկայիս ապրող մարդոց հոգին ու միտքը, լեցնելով զանոնք հայկականութեամբ, զինելով զիրենք հայկական արուեստի ու մշակոյթի անկորնչելի գանձերով ու ժառանգութեամբ, այլեւ եկող սերունդներուն համար պատրաստի ժառանգութիւն կը ձգէ:
Ինչ կը վերաբերի մեծ վարպետ Նորայր Քարտաշեանին, ապա ի՛նք եւս այն քիչերէն մէկն է, որ կ՚ապրի ապրեցնելու համար: Այս խօսքին մեծագոյն վկայութիւնը Նորայր Քարտաշեանի հիմնած խումբն է՝ «Մենուա»ն: Խումբը հիմնադրուած է 2015 թուականին, նպատակ ունենալով ներկայացնել հայկական երաժշտութեան աւանդոյթները մասնագիտական մեկնաբանութեամբ: Խումբը կը ներկայացնէ հայկական փողային նուագարաններու հին ընտանիքներ՝ տուտուկ, բլուլ, շուի, պարկապզուկ եւ զուռնա: «Մենուա»ն կազմող երաժիշտները բոլորն ալ երիտասարդ ուժեր են, որոնք փայլուն ապագայ կը խոստանան հայ արուեստին՝ իրենց նոյն արուեստին նկատմամբ ունեցած նուիրուածութեամբ եւ իրենց գործիքներուն տիրապետելու հմպտութեամբ:
Մեծ վարպետին եւ «Մենուա» խումբին ներդաշնակութիւնը եւ Կոմիտասեան ստեղծագործութիւնները մե՜ծ վարպետութեամբ հանդիսատեսին ներկայացնելը եւս վկայութիւն մըն էր, թէ Քարտաշեանն ու «Մենուա»ն սովորական երաժիշտներ չեն, որոնք կու գան եւ կ՚երթան, այլ՝ հայկականութեան արմատներուն վրայ ամուր կերպով արմատացած են, որով իրենց արուեստը հայկականութիւն բուրող եւ հայկականութիւն շնչել տուող է:
Գիրերն ու բառերը անզօր են ներկայացնելու հոգեկան այն մե՜ծ բաւարարութիւնն ու գոհունակութիւնը, որ համերգը պարգեւեց հանդիսատեսին, պէտք է մասնակից դառնալ՝ կարենալ հաղորդակցուելու համար այս տաղանդներու ընձեռած վայելքին:
Եզրակացնելով, թէ՛ Վահան Արծրունին եւ թէ Նորայր Քարտաշեանը որպէս իրենց տրուած երկնատուր շնորհքները արժեւորող անձնաւորութիւններ, յաջողած են, կը յաջողին եւ հաւատացողն եմ, որ տակաւին երկա՜ր ժամանակ պիտի յաջողին այդ շնորհքները լաւագոյնս թարգմանել իրենց կեանքով, իրենց արուեստով եւ իրենց նուիրումով, միշտ բարձր պահելով իրենց կեանքին նշանաբան իսկ դարձուցած՝ ապրիլ՝ ապրեցնելու համար կարգախօսը:
Բի՜ւր յարգանք եւ երախտագիտութիւն մերօրեայ մե՛ծ ՎԱՐՊԵՏներուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
19 նոյեմբեր 2024, Վաղարշապատ