ԱՂՄԿԱՅԱՐՈՅՑ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՆԵՐ
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան ցնցիչ հրաժարականներ։ Այժմ օրակարգի վրայ է հարցում մը. բացուա՞ծ է արտահերթ ընտրութեան փուլը։ Տեղի ունեցածը աննախադէպ էր բազում առումներով։ Նախ ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած լուրերը, ապա կամաց-կամաց իշխանութեան մօտիկ հարթակներու արձագանգները պատկերը դարձուցին ամբողջական։
Հայաստանի վարչապետի յորդորներուն անսալով՝ վեց կարեւոր պաշտօնեայ (երկու նախարար եւ այլ դիւանականեր) հրաժարեցաւ։ Պատահածը շատերու համար անսպասելի էր՝ մանաւանդ, որ հրաժարեալները բաւական լաւ յարաբերութիւն ունէին վարչապետին եւ իշխանական խաւին հետ։
Անշուշտ, այս բոլորէն անդին պէտք է հաշուի առնել հրաժարականներէն քանի մը օր առաջ Փաշինեանի հնչեցուցած գնահատակնները՝ կառավարութեան նիստի ընթացքին, երբ դժգոհութիւն յայտնեց մասնակից նախարարներէն։ Այս մէկը, անշուշտ, չէր թաքցնեէր, որ Փաշինեան այդ գրոհէն ետք ու փրկելու համար իր ընդվզողի կերպարը կարգ մը քայլերու պիտի դիմէր, սակայն, ոչ ոք կ՚ակնկալէր, որ այդ քայլերը պիտի ըլլային այդքան հատու եւ անկանկալ։
Միւս կողմէ, կային խօսակցութիւններ, թէ Փաշինեանի իշխանախումբը այս հարուածով որոշ ցնցումներու պիտի ենթարկուի։ Այդ մօտեցումը կարծես անհիմն դարձած է, որովհետեւ իշխանական մեծամասնութիւնը շատ անվրդով կերպով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը ու մինչեւ կառավարութեան յաջորդ նիստը պաշտօնեաներու մեծ մասը արդէն ունեցաւ փոխարինող։ Ճիշդ է, որ մեծ ու փոքր հարցադրումներու շարքին տեղ գտան դրոյթներ, որոնք դաւադրական տեսութեան ջաղացքին ջուր լեցուցին։ Խօսքը կը վերաբերի տարածաշրջանային եւ միջազգային որոշ զարգացումներու, որոնք, ըստ կարգ մը ընդդիմադիր շրջանակներու՝ ազդեցութիւն գործեցին դէպքերուն վրայ եւ Փաշինեանը ստիպեցին՝ այս անակնկալ քայլերը առնել։ Ամէն պարագայի յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ ի վերջոյ ի՞նչ կար այս հրաժարականներու ետին, ո՞վ էր օգտուողը կամ ո՞վ էր դրդողը։
Ժամանակի մը մէջ, երբ ընդդիմութիւնը ընդհանրապէս մարած թոնիրի մը տեսք ունի, ժամանակ մը, երբ միջազգային խաղացողներ հետաքրքրուած են շատ աւելի մեծ ու տարողունակ հիմնախնդիրներով, Փաշինեան երբեք պէտք չունէր նման արագավազ քայլերու՝ այսպէսով ալ կրակ բանալով նախ եւ առաջ ինքն իր վրայ։ Տակաւին չենք խօսիր այն մասին, թէ անոնք, որոնք հրաժարեալներուն կը փոխարինեն, առաւելապէս պիտի կարողանա՞ն կացութեան տէրը դառնալ կամ ոչ։
Հարցումները շատ են, սակայն, ամենակարեւորը հետեւեալն է. Փաշինեան նման քայլերով արտահերթ ընտրութիւններո՞ւ փուլը բանալ կ՚ուզէ։ Ամէն պարագայի, ստեղծուած իրավիճակին մասին հրապարակագիր Վահէ Յովհաննիսեան հանդէս եկած է ուշագրաւ խորհրդածութիւններով։
Յովհաննիսեան կը գրէ՝
«Զաւեշտի աստիճանը այնքան մեծ է, որ իրօք դժուար է զսպել ծաղրը եւ դաշտը ողողած, երբեմն շատ որակեալ երգիծական գրառումները լրիւ հասկնալի են։ Այնուամենայնիւ, փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ կատարուած է։ Եկէք նայինք գործընթացի խորքը։ Կատարուածը ուղիղ կապ ունի յառաջիկայ ամիսներու գործընթացներուն, պետութեան ապագայի ու մեր իւրաքանչիւրի ընտանիքին հետ։ Սա պէտք է լրջացնէ բոլորս», գրած է ան։
Վերլուծաբանի խօսքով՝ շատ կարեւոր է ճշդել, որ պաշտօնանկութիւնները շատերը չեն ազատեր իրենց գործուէութեան ընթացքին կատարուած անօրինութիւններէն, մարդոց ու պետութեան ճակատագրին հետ խաղացած ըլլալու պատասխանատուութենէն՝ անկախ այն բանէն, թէ որո՞ւ հրամանով այդ բոլորը կատարուած է։
Հուսկ, իշխանական ճամբարին համազօր քննադատութիւններ հասցէագրուած են ընդդիմութեան։ Ըստ վերլուծաբանին՝ եթէ ըլլար զօրեղ ընդդիմութիւն, ապա իշխանութիւնը ինքզինք կաշկանդուած կը զգար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան