ԽԱՉՎԵՐԱՑԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յով­հան­նէս Կո­պո­յեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րան, մաս­նակ­ցու­թեամբ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեա­նի։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց սկիւ­տար­ցի­նե­րը, ո­րոնք Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան՝ Խաչ­վե­րա­ցի տա­ղա­ւա­րին ըն­դա­ռաջ այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած էին Պատ­րիար­քա­րան։ Շա­բա­թա­վեր­ջի ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար ա­նոնք խնդրե­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։ Սկիւ­տա­րի ըն­տա­նի­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը հրա­ւի­րե­ցին նա­խա­գա­հե­լու ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Թա­ղա­կան­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան հա­շուե­տուու­թիւ­նը եւ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լուած­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յայտ­նեց, թէ սի­րով պի­տի ըն­դա­ռա­ջէ ի­րեն ներ­կա­յա­ցուած խնդրան­քին։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս իր ու­րա­խու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տեց ներ­կա­յա­ցուած հա­շուե­տուու­թեան շուրջ, յա­ջո­ղու­թեան ու կա­րո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղե­լով թա­ղա­յին խոր­հուր­դի գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015