ՍՈՒՐԻԱ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ
Ընդհանրապէս որոշած եմ քաղաքականութեան մասին չգրել, պարզ այն պատճառով, ինչպէս նաեւ համոզումով, որ քաղաքականութիւնը հիմնուած է լոկ մի քանի մենաշնորհներու շահերը ապահովելու, սակայն ոչ երբեք ժողովուրդին, բայց Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը առիթ կու տայ քաղաքականութեան շուրջ մի քանի կարծիքներ յայտնելու: Վստահաբար բոլորս ալ քիչ կամ շատ ծանօթ ենք Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն. ինչպէս ամէն բանի մէջ, այդտեղ եւս հիները կ՚երթան ու կու գան նորերը: Նորերուն գալը դրակա՞ն է թէ ժխտական, այդ մէկը միայն ժամանակը կրնայ փաստել, որովհետեւ մենք որպէս հայ ժողովուրդ (մեր սեփական փորձառութեան վրայ հիմնուելով) խոստումներու չենք հաւատար, այլ գործը որպէս փաստ կ՚ընդունինք:
Կը հաւատանք, որ վատին յստակութիւնը, նորին անյստակութենէն շատ աւելի լաւ է եւ հայ ժողովուրդը, մանաւանդ սուրիահայ մեր գաղութը պարտի չէզոք դիրք ընդունիլ՝ իր ժողովուրդի զաւակներուն շահերը պաշտպանելու համար։ Այսօր կրնայ աջ կողմը իշխել, սակայն ժամանակ մը ետք իշխանութիւնը կրնայ անցնիլ ձախ կողմ. եթէ որպէս գաղութ կողմնակից եղած ենք աջին, ապա ձախը պիտի հարուածէ մեզ եւ վստահաբար հակառակը եւ հետեւաբար իրենց ներքին յաղթանակներուն, պարտութիւններուն ու կռիւներուն պէտք չէ բաժին դարձնել նաեւ մեր ժողովուրդի ազատութիւնն ու իրաւունքները եւ հետեւաբար կողմ մը բռնելու փոխարէն պէտք է հետապնդել եւ պաշտպանել միայն ու միայն ի նպաստ հայ ժողովուրդին եղող բոլոր պայմանները։ Շատ բնական է, որ շատեր սէր չունենան Սուրիոյ նախկին իշխանութիւններուն հանդէպ եւ նոյնպէս շատ բնական է, որ շատեր վախ ունենան նորերուն հանդէպ՝ մանաւանդ նկատի ունենալով որ անոնց մօտիկ անցեալը եւս լեցուն է չարիքներով. որպէս հայութիւն, մեզի համար կարեւորն ու առաջնահերթը պիտի ըլլայ հայ դպրոցին, եկեղեցւոյ, կազմակերպութիւններուն ու հաստատութիւններուն լիիրաւ ազատութիւնը, այլապէս աջը իշխած է թէ ձախը այնքան ալ տարբերութիւն մը չունի եւ այս մէկը մեզ կ՚առաջնորդէ հետեւեալ վերլուծութեան.
Նախկին իշխանութիւնը սիրենք թէ ոչ, պէտք է ընդունինք, որ անցնող մի քանի տասնեակներու ընթացքին սուրիահայ գաղութը զանազան դժուարութիւններով հանդերձ, յաջողեցաւ անարգել պահել իր անկախութիւնն ու անդոյրը. եկեղեցին գործեց ազատ ձեւով, դպրոցներն ու կուսակցութիւնները ունեցան իրենց ներքին ազատութիւնը եւ լաւագոյն ձեւով ծաւալեցին իրենց գործունէութիւնը, որուն շնորհիւ սուրիահայ գաղութը դարձաւ սփիւռքի տարածքին իր արմատներուն ամուր կառչած հաւաքականութիւն մը: Անշուշտ, մենք ալ լաւապէս կը գիտակցինք, որ ամբողջութեամբ կատարեալ վիճակ մը չէ ունեցած այդ բոլորը. սակայն նախկին կառավարութիւնը անմիջական միջամտութիւններ չունենալով մեծ յարգանք ունեցած է ընդհանրապէս քրիստոնեաներուն եւ մասնաւորապէս հայերուն հանդէպ։ Սուրիոյ պետութիւնը այլակրօն ըլլալով հանդերձ եւ աւելին՝ որպէս բռնապետ ճանչցուելով հանդերձ, տուած էր կրօնական ազատութիւն. հայերը լիովին կրնային կատարել իրենց ազգային ու աւանդական բոլոր սովորութիւններն ու տօները. պահել իրենց եկեղեցիներն ու ազգապատկան կառոյցները եւ նախկինները ատողներ անգամ ըլլան, պէտք է ըլլալ իրաւացի. եթէ նկատի ունենաք, որ անցնող յիսուն տարիներուն նախկինները իշխած են, ապա հայ ժողովուրդը պարտի ունենալ երախտագիտութեան զգացում, որովհետեւ օտարութեան մէջ հայ մնալու շնորհը բոլորին չէ՛ տրուած:
Մեր ամբողջ յոյսն է, որ նորերը շատ աւելի լաւն ու դրականը ըլլան քան նորերը, ո՛չ թէ այն պատճառով, որ իշխանութիւնը իրենց ձեռքը առին, այլ պարզապէս հայ ժողովուրդի շահերէն ելլելով. սակայն, ներկայ անյստակութիւնը, կամայ թէ ակամայ, որոշ մտահոգութիւն կը ստեղծէ. անշուշտ, մեր փափաքն ու մաղթանքն է, որ ներկաները հիներէն ալ լաւ վարուին հայ ժողովուրդին հետ՝ ինչպէս հիմա կը խոստանան: Մենք արդէն իսկ խոստումներու չենք հաւատար. տակաւին տեսած չենք քաղաքական խմբաւորութիւն մը, որ տէր ըլլար իր նախնական խոստումներուն. այդ իսկ պատճառով չենք ուզեր խոստումներով տարուիլ:
Այսօր կը տեսնենք, որ շատ մը հայեր իրենց էջերուն վրայ որոշ գրառումներ կը կատարեն, կը նախատեն հիները, կը մեծարեն նորերը եւ կամ հակառակը. որպէս հայ՝ մեր յորդորն է հեռու մնալ նման հրապարակումներէ եւ կուսակցական կռիւներու միջամուխ ըլլալու փոխարէն պաշտպանեն իրենց ազգին, հայ ժողովուրդին շահերը: Հաւատացէ՛ք, որ աջակողմեանին եւ ձախակողմեանին յաղթանակումը ո՛չ հայ ազգին եւ ո՛չ Հայաստանին շահ մը պիտի բերէ. այնպէս ինչպէս Խրիմեան Հայրիկ թուղթէ շերեփով իր ազգին շահերը պաշտպանել կը փորձէր, նոյնպէս այսօր հալէպահայութիւնը պիտի փորձէ երկու խմբաւորումներուն մէջէն իր շահերն ու իրաւունքները պահանջել։ Այսօր ո՛չ ուրախանալու եւ ո՛չ ալ տխրելու առիթ է, որովհետեւ տակաւին կը շարունակէ հարցական մնալ. յոյսով ենք, որ մտահոգութիւնները կը ցնդին եւ նորերը շատ աւելի դրական կ՚ըլլան հայերու հանդէպ՝ քան հիները, որովհետեւ մեզի համար կողմերն ու իշխողները չեն կարեւորները. մեզի համար կարեւորը մեր ազգի զաւակներն են:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Սուրիոյ մէջ քանի՞ հայկական եկեղեցիներ ու դպրոցներ կան:
Պատասխան. Սուրիոյ մէջ, յատկապէս Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ կ՚ապրին բազմաթիւ թիւով հայեր: Այդ եւ որոշ այլ շրջաններու մէջ կան աւելի քան երեսուն հայկական եկեղեցիներ եւ մի քանի տասնեակ դպրոցներ, որոնք կը ղեկավարուին Հայ Առաքելական, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն կողմէ: Այս հաստատութիւնները կենսական դեր կը խաղան հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ աւանդութեան պաշտպանութեան պահպանման գործին մէջ: Այդ դպրոցներէն նշանաւոր է Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը եւ այլ դպրոցներ, որոնք կ՚ապահովեն կրթական հնարաւորութիւն հայ ուսանողներու համար:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 02/05/2025
- 02/05/2025