ԹԷԵՒ ԲԱԺԱԿԸ ՓՈՔՐ Է…
«Թէեւ բաժակս փոքր է, բայց ես կը նախընտրեմ ի՛մ բաժակէս խմել», կ՚ըսէ Alfred de Musset (1810-1857)։
Ամէն անգամ որ կարդամ այս տողերը, ես ինծի կը հարցնեմ, որ արդեօք այս իմաստալից խօսքը Musset հայ ժողովուրդին համար ըսած կրնա՞յ ըլլալ։ Անշուշտ, լաւատես մտածում մըն է ասիկա, քանի որ խնդրական է, թէ Musset ճանչցած ըլլայ հայը, եւ եթէ նոյնիսկ ծանօթութիւն ունենայ անոր հոգերուն, մանաւանդ լեզուի, մշակոյթի նկատմամբ մտահոգութիւններուն, ապրած նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն…
Հայերէն լեզուն այսօր կը գործածուի նեղ շրջանակի մը մէջ, համասփիւռ, ամբողջ աշխարհի վրայ տարածուած հայերու կողմէ։ Այս կը նշանակէ՝ որ հայերէնը գործածող համեստ բազմութիւն մը կայ։ Անշուշտ, հարցը այս չէ, բաւ է, որ հայերէնը գործածուի բոլոր հայերու կողմէ՝ քանակութեամբ քիչ կամ շատ։
Բայց բո՛ւն հարցը սա է. արդեօք բոլոր հայերը կը գործածե՞ն հայերէնը՝ իրենց մայրենի լեզուն։
Միշտ հետաքրքրուած եմ այն հարցով, բայց յստակ պատասխան մը չեմ կրցած ստանալ, թէ հայերէն խօսողներու, հայերէնը գործածողերուն թիւը ինչո՞ւ չի համեմա՛տիր հայերու թիւին հետ ամբողջ աշխարհի վրայ։
Եթէ արտօնելի է, կ՚ուզեմ իմ կեանքի փորձառութենէս օրինակ մը տալ։ Ընդհանրապէս, երբ հայու մը հետ ծանօթանամ, վարանած եմ անոր հետ հայերէն խօսիլ, խորհելով թէ՝ արդեօք խօսակիցս հայը հայերէնի ծանօ՞թ է, թէ ոչ։ Ի՞նչու այս վարանումը։ Անշուշտ, պատճառ ունի այդ վարանումս, քանի որ շատ հանդիպած եմ հայերու, որոնց հետ հայերէն խօսիլ սկսած եմ բնականաբար, սակայն դիմաւորուած եմ անոր սա խօսքին. «Ներողութիւն, ես հայերէնի ծանօթ չեմ, չեմ հասկնար ձեր ըսածները…»։
Արդեօք ամբողջ աշխարհի վրայ կա՞յ ուրիշ ժողովուրդ մը՝ որ անծանօթ ըլլայ իր լեզուին։
Բայց, դժբախտաբար, հայերէնի, իրենց մայրենի լեզուին անծանօթ եղողներու մէջ հայերէնի ծանօթանալու, հայերէն սորվելու ջանք մը, փափաք մըն ալ գոյութիւն չունի. ցաւալին ա՛յս է ահաւասիկ։
Ընդհանրապէս, պարզ եւ հասարակ խօսակցութիւն մը կատարելու համար 150-200 բառ բաւարար է. մեր ամէնօրեայ խօսակցութեան մէջ եւ կամ գրութիւն մը գրած ատեն, չեմ կարծեր որ 150-200 բառէն աւելի գործածուի։ Եւ ուրեմն, դժուա՞ր է սորվիլ այդքան բառը։ Հասկնալի է. որոշ տարիք մը ունեցողներու համար ասիկա դժուար կրնայ ըլլալ, բնական է ասիկա։ Բայց, հապա երիտասարդնե՞ր։
Ի՜նչ պիտի արժէ բազմաթիւ լեզուներու տիրանալ, ծանօթանալ, սորվիլ, բայց անծանօթ եւ օտար մնալ իր իսկ մայրենի հարազատ լեզուին։
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ, հայուն հայերէն կարդալուն եւ գրելուն համար՝ հայ ժողովուրդին նուիրեր է հայ գիրը։
Գոնէ եկեղեցւոյ մէջ հայերէն խօսիլ, հայերէն կարդալ, հայերէն լսել ո՜րքան գոհացուցիչ, հաճելի պիտի ըլլար, քանի որ եկեղեցին Հայ Եկեղեցի է։ Ասիկա կ՚ըսենք, քանի որ աշխարհի վրայ գրեթէ բոլոր Հայ Եկեղեցիներու մէջ հայերէնի թերացումը ցաւով կը տեսնենք։ Ուստի, կարելի չէ՞ արդեօք հայերէնի անծանօթ եւ օտար հայերու հայերէնը ծանօթացնելու ծառայութիւն մը մատուցանել, քանի որ ան ալ աստուածահաճոյ առաքելութիւն մըն է սորվեցնելը եւ թէ Եկեղեցիին, յատկապէս Հայ Եկեղեցիին պարտականութիւններէն է դպրութիւնը՝ դպրոցի հանգամանքը։ Սորվելը եւ սորվեցնելն ալ աստուածահաճոյ արարք մը չէ՞։ Սորվեցնէ հոգեւոր եւ մտաւոր ծառայութիւն մը, առաքելութիւն մը չէ՞, ապա ուրեմն թող չզլացուի այս ծառայութենէն, քանի որ սորվիլը եւ սորվեցնելն ալ «աղօթք» մըն է, ինչպէս ամէն աստուածահաճոյ արարք, ծառայութիւն։
Աստուած մարդը ստեղծեց զայն կոչելով իրերօգնութեան՝ տարբեր յատկութիւններ ունեցողներ իրարու թերութիւնը լրացնելու եւ տկարութիւնը զօրացնելու համար։ Գիտցածը ուրիշի փոխանցել ալ իրերօգնութեան կոչումին հաւատարմութիւն է։
Ուստի, հոգեւորականներ, որոնք նաեւ բնական մտաւորական եւ կրթական մշակներ են եւ որոնք հայերէնի ծանօթ են, իրենց բնական հոգեւորականի ծառայութեան համընթաց մտաւոր եւ ուսուցչական ծառայութիւն ալ մատուցանեն ժողովուրդին։ Արդարեւ, ուսուցչութիւնը սրբազան ծառայութինւ մըն է ե՛ւ անկասկած հոգեւորական ծառայութիւնը, ուրեմն հոգեւորականներու պարտականութիւնն է ուսուցաել, սորվեցնել, գիտութիւն բաշխել։
Կարելի է որ ոմանք ըսեն. «Բժի՛շկ նախ դուն ինքզինքդ բժշկէ»։ Այս տրուպ գրիչը յաճախ կը ջանայ հրաւիրել հայերէնի անծանօթ հայերը ծանօթանալու իրենց մայրենի-հարազատ լեզուին։ Ամէն մարդ իր կարողութեան եւ կարելիութեան չափով…
Շատ բան կ՚ուզե՞նք արդեօք, զոր օրինակ, Հայ թերթ կարդալու, տեղին հայերէն խօսելու հրաւիրելով հայերը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 31, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 02/05/2025
- 02/05/2025