ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Որ տարիքի մէջ ալ գտնուինք, որպէս մարդ արարածներ միշտ կարիքը ունինք խրախուսանքի, ոգեշնչման ու քաջալերանքի. սակայն այս պէտքը դեռահասներու պարագային աւելիով կը շեշտուի, որովհետեւ անոնք այդ տարիքին կ՚ապրին զգացական եւ հոգեկան փոփոխութիւններ եւ անոնց լոյսին տակ կը ձեւաւորուի անոնց ինքնութիւնը եւ խրախուսումը դրական մեծ դեր կ՚ունենայ անոնց զարգացումին եւ մարտահրաւէրները յաղթելուն կարեւոր մարտահրաւէրին մէջ:
Սակայն մարդկային կեանքին մէջ կան մի քանի տարբեր տեսակ խրախուսանքներ. ինչպէս օրինակ՝ դրամական, բարոյական, ընկերային, որոնք վճռորոշ դեր կը խաղան որոշումներուն եւ ընդհանուր կեանքի արդիւնաւորութեան վրայ: Դժուար է որոշել, թէ խրախուսանքի վերոյիշեալ ձեւերէն ո՞ր մէկն է աւելի արդիւնաւէտ ու շահաւէտ, որովհետեւ իւրաքանչիւր պարագայ ու եղելութիւն կը ստեղծէ իր կարիքները, որոնք կրնար ըլլալ տարբեր՝ հիմնուելով ենթակայ կացութենէն.
Բարոյական աջակցութեան կարեւորութիւնը.- Մարդկային կեանքի մնայուն ու ամենէն կարեւոր արժէքները նիւթականէն ու միւս բոլորէն աւելի բարոյականն է. մարդիկ կը գործեն ու իրենց կեանքը կ՚ապրին հիմնուելով իրենց բարոյական արժէքներուն վրայ եւ այդ բարոյական արժէքներուն վրայ է, որ կը հիմնուի մարդու սխալներն ու ճիշդերը։ Սակայն, մարդկային կեանքին մէջ կան պահեր, երբ մարդ իրապէս կը զգայ ուրիշի մը բարոյական աջակցութիւնը՝ նոյնիսկ նիւթականէն շատ աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր ձեւով: Ուրիշի մը բարոյական աջակցութիւնը իրապէս կը խթանէ մարդու կեանքի ընթացքը եւ նոր կորով, ուժ կու տայ անոր, նոյնիսկ ամենէն դժուար պահերուն: Բարոյական աջակցութիւնը միջոց մըն է մարդուն հասկցնելու, որ ինք կարեւոր է եւ իր լաւութեան համար շատ շատեր պատրաստ են որոշ զոհողութիւններ կատարել. բարոյական աջակցութիւնը մարդուն սիրուած ըլլալու զգացումը կու տայ եւ հաւատացէք, որ աշխարհի վրայ չկայ մարդ, որ սիրուած ըլլալու զգացումը չուզէ ապրիլ: Այսօր մեր երիտասարդներ իրենց անձնական կեանքին մէջ կը դիմագրաւեն բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ շատ անգամ այնպիսիներ՝ որոնք նոյնիսկ իրենց տարիքին համապատասխան չեն. սակայն քիչ են զիրենք բարոյապէս քաջալերողները. կը տեսնենք, որ ծնողներ իսկ իրենց զաւակները բարոյապէս խրախուսելու փոխարէն կա՛մ կը քննադատեն զիրենք եւ կամ անոնց գլխուն «քարոզ» կը կարդան ու հրահանգներ կը հնչեցնեն: Յաճախ շատեր կը կարծեն, որ ուրիշի մը դժուարութիւնը լուծելը հարցին լուծում կու տայ, սակայն, այդ մէկը ճիշդ չէ. դժուարութիւններու համար տրուած լաւագոյն միջոցը այդ դժուարութիւնները լուծելու ձեւը սորվեցնեն ու զինք քաջալերելն է. մարդու համար քաջալերանքը մեծ նշանակութիւն ունի՝ նոյնիսկ եթէ անոր վերջը դրական չըլլայ։ Դրամական աջակցութիւնը մարդոց համար կարեւոր է, սակայն ըսենք որ այդքան ալ մեծ նշանակութիւն չունի, որովհետեւ կրնաս այսօր անձի մը նիւթապէս օգնել, սակայն, անով այնքան մտահոգուած չըլլալ. այդ է հիմնական տարբերութիւնը նիւթականին եւ բարոյականին, որովհետեւ բարոյականը նիւթականէն անդին հոգիին ու սիրտին մօտիկութիւնը ցոյց կու տայ:
Օրինակը բերենք մեզմէ. ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ յօդուածներ կը գրենք. փողոցը եւ կամ հաւաքի մը ընթացքին անձ մը կը յայտնէ, թէ սիրելով կը կարդայ ձեր յօդուածները. արդէն իսկ այս մէկը բարոյական աջակցութիւն է. նիւթապէս վարձատրուիլը այնքան ալ իմաստ չունի, ինչքան բարոյապէս վարձատրուիլը եւ բարոյականն է, որ մարդուն մէջ կը ստեղծէ ոգեշնչում նորերը գրելու, վստահ ըլլալով, որ իւրաքանչիւր յօդուած ունի իր ընթերցողը: Այսօր այդ պակասը ունին մեր երիտասարդները. անոնց գրածները քննադատելու փոխարէն պէտք է քաջալերել. անոնց սխալները հաշուելու փոխարէն պէտք է անոնց ճիշդերը փաստենք։ Եւ հաւատացէք այս պարզ թուացող առաքելութիւնը ընելու մէջ մեր ազգը ձախողութեան մարմնացում մըն է:
Այս ձախողութեան օրինակները բերենք մեր վրայով. այսօր աւելի քան հազար յօդուած ստորագրած ենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ. եղած են անձեր, որոնք հարիւրաւոր ու հազարաւոր յօդուածներուն մէջ գտած են ուղղագրական «փոքր» սխալ մը եւ ժամանակ բաց չեն ձգած այդ մէկը գրելու համար. եղած են անձեր, որոնք հինգհարիւր յօդուածի ճիշդերուն մասին բան մը չխօսելով՝ յանկարծ խօսած են 501-րդի մէկ սխալին մասին. մենք ալ կ՚ընդունինք, որ անսխալականներ չենք. վստահաբար, սխալներ կատարած ենք, սակայն ինչո՞ւ համար բազմահարիւր ճիշդերուն համար բան չըսել եւ յանկարծ սխալի մը համար ձայն բարձրացնել:
Նոյնն է մեր վերաբերմունքը մեր երիտասարդներուն հանդէպ. անոնց լաւ գործերը չենք գնահատեր, սակայն առաջին սխալին համար պատրաստ ենք քննադատել։ Եթէ անձի մը լաւը չենք գիտեր գնահատել, ապա իրաւունք չունին անոր վատին մասին խօսելու, որովհետեւ այդ մէկը միայն ատելութեան ու նախանձի պատճառ կրնայ ըլլալ. մեր երիտասարդութեան ձախողութեան հիմնական պատճառը այդ աջակցութեան պակասն է եւ այդ մէկն է, որ զանոնք կ՚առաջնորդէ դէպի վատառողջ մթնոլորտներ, ուր կը փորձեն լրացնել պակասը, որ ունին իրենց կեանքին մէջ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Պէ՞տք է երիտասարդները քաջալերել:
Պատասխան. Առողջ ու բարգաւաճ ապագայ մը ստեղծելու համար անհրաժեշտ է երիտասարդները խրախուսել ու քաջալերել: Անոնց տրամադրելով առաջնորդութիւն եւ աջակցութիւն կրնանք անոնց մէջ զարգացնել հմտութիւններ ու վստահութիւն ներշնչել, որոնք անհրաժեշտ են մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար: Երիտասարդները խրախուսելը անոնց մէջ կը զօրացնէ ներուժը եւ կ՚օգնէ, որպէսզի անոնք կարենան աւելի ինքնավստահութեամբ կողմնորոշուիլ աշխարհի բարդութիւններուն մէջ եւ դառնալ նոր առաջնորդներ: Այսօր պէտք է խրախուսել երիտասարդութիւնը՝ անոնց առջեւ հարթելով ճամբան, որ կը տանի դէպի ապագայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 02/05/2025
- 02/05/2025