ՀԱՅ ԳԻՐԸ ԱՅՍՕՐ…
Բնաւ մտահոգուա՞ծ էք հայ գիրով, բնաւ հետաքրքրուած էք, որ այսօր քանի՞ հայ կը գործածէ իր սեփական, իր հարազատ գիրը, այն աստուածատուր, կեանքե՜ր արժող՝ սքանչելի այբուբենը։
Այսօր, այդ՝ հրաշքներով ստեղծուած այբուբենի սիրահարներ կու լան, արցունք կը թափեն, ցաւ եւ վիշտ կ՚արտայայտեն՝ արցունքը, այսպէս, անձրեւի փոխուած կ՚իջնէ հայ գիրերէ այլեւս զրկուած ճերմակ թուղթերու վրայ։ Այն թուղթերուն վրայ, որոնք զարմանքով կը նային հայորդիներու՝ որ գիր մը իսկ չեն թողուր իրենց վրայ։
Հայ գիրը՝ այբուբենը այսօր որբ՝ ընտանեզուրկ թողած են իր հարազատները։ Այսօր, յարգելի բացառութիւն մը կը կազմեն անոնք՝ որոնք կը գործածեն, կը շարունակեն պահել իրենց սէրը եւ մտերմութիւնը հայ գիրին նկատմամբ։ Այսօր ո՜րքան ցաւալի է խորհիլ հայ գիրերով գրող մէկու մը համար, թէ արդեօք քանի՞ հայ պիտի կարենայ կարդալ գրութիւնը։
Դժբախտաբար, հայը օտար է, անծանօթ է հայ գիրին։ Օտարներ աւելի շատ կը հետաքրքրուին եւ կը գնահատեն հայ գիրը, քան հայ մարդը…
Վկայած ենք հայերու, որոնք չեն գործածեր հայ գիրը, որոնց պատրուակը այն եղած է, թէ այբուբենը գործածել դժուար է, անոնք գանգատած են հայերէնի ուղղագրութեան դժուարութենէն։ Բայց, ըսէք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, կեանքի մէջ, աշխարհի վրայ ի՞նչ բան դիւրին է, կա՞յ որեւէ արդիւնք, կա՞յ որեւէ յաջողութիւն առանց դժուարութեան։ Եւ եթէ հայը իր սեփական արժէքներուն տէր չկանգնի, օտարը կը կանգնի՞…
Ինչո՞ւ այս սրտնեղութիւնը, ինչո՞ւ այս արդար զայրոյթը, ինչո՞ւ այս մտահոգութիւնը։
Կը մտահոգուինք, քանի որ հայ գիրը մեր սիրելին է, մեր հարազատն է եւ ոչ ոք կ՚ուզէ կորսնցնել իր սիրելիները, իրեն պատկանած արժէքը։ Ապա ուրեմն, չենք ուզեր, որ հայ գիրը կորսուի, այբուբենը պատմութեան խաւարին մէջ ոչնչանայ։ Այբուբեն մը՝ որ կը սկսի «Ա»ով՝ «Աստուած»ով, կը շարունակէ «Է»ով, որ «Էութիւն» կը նշանակէ եւ եօթներորդ գիրն է, իսկ եօթը թիւը կատարելութեան խորհրդանիշն է, եւ վերջապէս կը վերջանայ, կ՚ամբողջանայ «Ք»ով, որ կը համապատասխանէ «Քրիստոս»ի։ Սիրելի՜ ընթերցող, չ՚արժե՞ր սիրով իւրացնել այս սրբազան այբուբենը։
Մտահոգ ենք, որովհետեւ…
Որովհետեւ հայ գիրը կը նահանջէ։
Դարերու այն պայքարը՝ մաքառումը, զոր հայ ժողովուրդը իբրեւ ինքնագոյութեան, գոյապահպանման եւ գոյատեւման մոլեգին պայքար տարեր է, ձեռագիրներ կենսաւորող սրբազան «գրիչ»ներու դողդողացող մատներէն սկսեալ մինչեւ անապատի աւազներուն վրայ կենսատու ձեռքերու շարժումը այսօր այլեւս թուլցեր է, յուսալքուած, ոգելքուած նահանջը յիշեցնող սրտաբեկութեամբ մը։
Բնական երեւոյթ է, թէ այն անդամը, որ գործէ կը դադրի՝ կ՚ամլանայ, կ՚ոչնչանայ…
Մտահոգ ենք, որովհետեւ հայ գիրը կը տառապի, կը տանջուի, ցաւ կը քաշէ։
Արժէք մը, որ պահպանումէ զուրկ է, բնականաբար կը տուայտի, կը չարչարուի եւ հալումաշ կ՚ըլլայ։ Անտէր մնացած ամէն բան այս նեղութիւնը կը քաշէ։ Եւ հայ գիրն ալ անտէր մնալու վտանգին մէջ է այսօր, անշուշտ, կը յարգենք այն սիրելի բացառութիւնները՝ որոնք կը շարունակեն տակաւին տէր կանգնիլ հայ գիրին՝ իրենց հարազատ, սեփական արժէքին։
Հայ անունով, հայ հոգիով մարդիկ օտարացած, խորթացեր են Հայ գիրին։ Ոմանք, յարգելի փոքրամասութիւն մը դեռ կը պայքարին ի խնդիր անոր պահպանութեան եւ կենդանութեան։ Ոմանք յուսահատեր են արդէն։ Իսկ, աւելի վտանգաւոր վիճակ է, որ ուրիշներ, անտարբերութեան ջլատիչ ազդեցութեան տակ՝ անհաղորդ եւ անշահախնդիր դարձեր են։ Եւ աւելի ցաւալին ալ վկայած ենք. եղած են հայեր, որոնք հայ գիրը՝ «անպէտ», «անօգուտ», «անշահ», «անպիտան» նկատած եւ ասիկա համարձակօրէն արտայայտելու յանդգնած են։
Մտահոգ ենք, քանի որ հայ գիրը կը թարշամի, կը խամրի եւ կը գունատի հետզհետէ։
Դարձեալ վկայած ենք անձերու, հայ ընտանիքներու, որոնք իրենց ժառանգուած գիրքերը որպէս անարժէք, անպէտ «նիւթ» դուրս նետած են։ Հայ գիրով մարմին առած գիրքերը «փայտի կոճղ»երու պէս նետուեր են հոս-հոն, ասդին-անդին, երբեմն իբրեւ հիներէն թողուած ժառանգութիւն՝ տուներու շտեմարաններու մէջ պահուելով, երբեմն զարդի եւ ցոյցի ծառայելով եւ երբեմն ալ գրադարաններու՝ յաճախ «գրապահեստ»ի վերածուած, հասցէ փնտռելով…
Մեր արցունքը կը մնայ մշտաղբիւր, եւ բոլոր այն ազնիւ գրասէրներու արցունքը, որոնք կարելին կ՚ընեն հայ գիրը պահելու համար վառ եւ կենսունա՛կ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 9, 2025, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 01/10/2025
- 01/10/2025