ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԷՏՆԵՐԸ

Անցնող մի քանի տասնամեակներուն մարդկութիւնը դիմագրաւեց բազմաթիւ դժուարութիւններ ու աղէտներ, որոնք մեծապէս իրենց բացասական ազդեցութիւնը ունեցան մարդկային մեր կեանքէն ներս. աշխարհով մէկ տարածուած հիւանդութիւն մը խլեց բազմաթիւ կեանքեր, աշխարհագրական որոշ տեղեր զոհ դարձաւ ջրհեղեղի, երկրաշարժի եւ այլ աղէտներու եւ այդ բոլորը առանց դադար առնելու աշխարհի վրայ տեղ մը իր գործը կը շարունակէ. օրինակ՝ լրատուամիջոցներուն մօտէն հետեւողներ վստահաբար գիտեն, թէ ինչպիսի մեծ հրդեհի մը զոհ կ՚երթայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու որոշ շրջաններ: Այս բոլորը մարդոց մէջ կամայ թէ ակամայ, առանց հաւատացեալի եւ անհաւատի միջեւ խտրութիւն դնելու յաճախ կու տայ հետեւեալ մտածումը. ինչո՞ւ համար Աստուած ականատես կ՚ըլլայ այս բոլորին, սակայն, իր հայրական միջամտութիւնը ի գործ չի դներ. որպէս հայ ժողովուրդ այս հարցը մեր մէջ ծագած է շատ աւելի առաջ՝ 1915 թուականին, որուն պատճառով շատեր ուրացան Աստուծոյ գոյութիւնը, որովհետեւ կար այն համոզումը, որ եթէ Աստուած իրապէս գթառատ Հայր է, ապա անտարբեր չի կրնար մնալ նման պարագաներու:

Մարդկային մտածողութեան հիմնական հարցերէն ու փնտռտուքէն մէկը եղած է գտնել Աստուծոյ դեռը այս բոլորին մէջ եւ այս բոլորին պատասխանը գտնելու լաւագոյն ձեւը Աստուածաշունչն է, ուր կարելի է բազմաթիւ յիշատակումներ գտնել աղէտներու եւ անոնց հետեւանքներուն մասին: Հիմա միասնաբար ուսումնասիրենք, թէ ո՞ւր է Աստուած աղէտներու պարագային եւ այս մէկը կ՚ուզենք ո՛չ թէ հաւատքի աչքերով, այլ առարկայականօրէն ընել։ Կործանումներու եւ Աստուծոյ դիրքորոշման մասին առաջին մէջբերումը, որ կը գտնեմ Առակաց գիրքի առաջին գլուխէն է. «Այսուհետեւ ես ծիծաղեցայց զկորստեամբ ձերով, եւ ոտնհար եղէց՝ յորժամ գայցէ. երկեւղ ձերձեզ նեղութիւն եւ պաշարումն։ Եւ յորժամ հասանիցէ ձեզ յանկարծակի խռովութիւն, եւ կործանումն ի նմանութիւն մրրկի գայցէ. կամ յորժամ հասանիցէ ձեզ սատակումն. իցէ զի կարդայցէք առ իս, եւ ես ոչ լսիցեմ ձեզ» (Առակաց 1:26-28): Այստեղ Սողոմոն Իմաստուն Աստուծոյ կողմէ մարգարէանալով կ՚ըսէ, որ մարդոց նեղութեան ու թշնամութեան ժամանակ Աստուած կը ծիծաղի եւ կը ծաղրէ մարդը. Աստուած կ՚ըսէ, որ մարդը զիս օգնութեան կը կանչէ, սակայն ես անոր ձայնը չեմ լսեր. վստահաբար որպէս գթառատ Հայր ճանչուած Աստուծոյ մը համար հակասական են այս տողերը, որովհետեւ իսկական Հայր մը չի կրնար անտարբեր մնալ, երբ իր զաւակները նման դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն. սակայն Առակաց գիրքէն կը հասկնանք հետեւեալը. մարդ արարած իր առօրեայ կեանքին ընթացքին մոռցած է իր երկնաւոր Հայրը եւ զինք կը յիշէ միայն այն ժամանակ, երբ Աստուծոյ օգնութեան կարիքը ունի: Փորձենք այս մէկը վերլուծել մեր մարդկային կեանքով։ Պատկերացուցէք, որ մէկը ձեզ կը դիմէ միայն այն ժամանակ, երբ նեղութեան մէջ է եւ օգնութեան կարիք ունի, սակայն իր ուրախութեան ժամերը կ՚անցընէ ուրիշներու հետ, որոնք իր նեղութեան ժամանակ կ՚անհետանան: Որպէս մարդ մեր ինքնասիրութիւնը չի՞ վիրաւորուիր. մենք ալ բնականաբար կ՚ըսենք, որ այդ անձը երթայ դիմէ անոնց, որոնց հետ իր ուրախ ժամերը ապրեցաւ: Պէտք չէ մոռնալ, որ Աստուածաշունչը բազմիցս կը յիշէ, թէ «Աստուած նախանձոտ է» (Ելք 34:14). նման արտայայտութիւն մը կը տեսնենք նաեւ Բ. Օրինաց Գիրքին մէջ. «Տէր Աստուած քո հուր ծախիչ է, Աստուած նախանձոտ» (Բ. Օր. 4:24):

Յայտնութեան գիրքին մէջ կը կարդանք աղէտի մը մասին, ուր երկինքը կը բացուի եւ մեծ երկրաշարժ մը կ՚ըլլայ երկրի վրայ եւ լուսինը իր գոյնը արիւնի կը փոխէ. ապա երկինքի աստղերը կը սկսին թափիլ մարդոց վրայ. բոլոր սարերն ու կղզիները կը սկսին իրենց տեղէն շարժիլ եւ այս բոլորին համար Աստուած կ՚ըսէ. «Ես տեսայ» (հմմտ Յայտնութիւն 6:12):

Վերը կարդացինք, թէ Տէրը ինչպէս կ՚ըսէ, որ մարդիկ զիս ուզեցին, սակայն ես չլսեցի եւ կ՚ըսէ, թէ ծաղրեցի մարդը. սակայն նոյն Տէրը Սաղմոսացին մէջ կ՚ըսէ. «Կարդասցէ առ իս՝ եւ ես լուայց նմա, եւ առ նմա եղէց ի նեղութեան. փրկեցից, փառաւոր արարից զնա»։ Այստեղ Աստուած կը խոստանայ, որ պիտի փրկէ մարդը՝ երբ ան զինք օգնութեան կանչէ: Այստեղ կրնայ հարց ծագիլ, որ Աստուած երկմի՞տ Աստուած է. մարդոց կանչը «կամաւոր» չլսող Աստուածը այստեղ կ՚ըսէ «պիտի լսեմ». եթէ բառացի ու մարդկային ձեւով փորձենք հասկնալ, ապա այս երկու տողերէն պիտի հասկնանք, որ Աստուած պատրաստ է լսել անոր, որ Աստուծմով կ՚ապրի իր կեանքը՝ իր լաւ ու վատ օրերուն, սակայն պիտի չլսէ անոր՝ որ միայն նեղութեան ժամանակ Տէրը կը յիշէ. սակայն այս մէկը եւս հարցական մը կը ստեղծէ, որովհետեւ 1015 թուականին մեր ժողովուրդի զաւակներուն մեծամասնութիւնը իր կեանքը կ՚ապրէր աստուածավախութեամբ ու հաւատքով, սակայն Տէրը անոնց պարագային ականջալուր չեղաւ: Հետեւաբար հարցը դարձեալ կը մնայ հարցական:

Յաճախ այս բոլորը կը բացատրուի այն համոզումով, որ Աստուած չ՚ուզեր անմիջական ձեւով մարդուն կեանքի ընթացքին միջամուխ ըլլալ՝ հաւատալով, որ Աստուած մարդուն տուած է մեծագոյն շնորհքը՝ ազատութիւնը եւ նոյնիսկ աղէտներու պարագային միջամտելը կրնայ ոտնակոխել այդ ազատութիւնը։ Եթէ ընդունինք, որ այս մէկը ճիշդ է, ապա կը ծագի այլ հարց մը. եթէ Աստուած չ՚ուզեր մարդուն ազատութիւնը խոչընդոտել, ապա ինչո՞ւ համար աղէտները չի հեռացներ երկրի երեսէն. կրնայ ըլլալ գիտութիւնը փաստէ, թէ ինչու համար որոշ աշխարհիկ երեւոյթներ, օրինակ՝ քամի, փոթորիկ, ցուրտ կամ տաք կարեւոր են մարդուն եւ աշխարհին համար, սակայն այդ բոլորն ալ բաւարար պիտի չըլլան համոզելու աղէտներու գոյութեան կարեւորութիւնը. օրինակի համար, ի՞նչ բարենպաստ արդիւնք կրնայ ունենալ երկրաշարժ մը, որ կը խլէ հազարաւոր մարդոց կեանքերը եւ կամ մինչեւ հիմա շարունակուող հրդեհը, որ թէ՛ մարդոց կեանքը եւ թէ անոնց տասնամեակներու վաստակը կը վերացնէ:

Այս ալ մարդուն տրուած պայքար մըն է. եթէ ուսումնասիրենք երկար պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ ժամանակ առ ժամանակ նոյն տեղը դարձեալ աղէտ կը պատահի. օրինակի համար, երկրաշարժ մը կը քանդէ քաղաքը. մարդը տասնամեակներ կ՚աշխատի դարձեալ վերականգնելու քաղաքը, անտեղեակ ըլլալով, թէ ե՞րբ է յառաջիկայ աղէտը. մի՞ւս տարի, թէ տասնամեակներ ետք. ու Աստուած, մարդ եւ բնութիւն պայքարի մէջ կը մտնեն. պայքար, որ վերջ չունի. պայքար, որ յատուկ է թէ՛ հարուստին եւ թէ աղքատին:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար երկրաշարժ կ՚ըլլայ. բնութեան համար դրական կողմ ունի՞:

Պատասխան. Երկրաշարժները տեղի կ՚ունենան, երբ երկիրը կը տեղաշարժի։ Երկրաշարժը իր հետ աւերուածութիւններ, կորուստներ ու վախ կը բերէ, սակայն բնութեան մէջ ունի իր դրական կողմը: Երկրաշարժի ճամբով բնութիւնը կը վերյիշեցնէ իր անկանխատեսելի ուժը. երկրաշարժը եւ նման աղէտներ կ՚օգնեն, որպէսզի մարդ սկսի աւելի ուշադրութեամբ հետեւիլ աշխարհով։ Երկրաշարժները պատճառ կ՚ըլլան, որպէսզի մարդ աճի եւ աշխարհի եւ բնութեան հանդէպ աւելի գիտակից ըլլայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2025