«ՀԻՒԱՆԴՆԵՐԸ ԲՈՒԺԵՑԷ՛Ք»

«Հի­ւանդ­նե­րը բու­ժե­ցէ՛ք» (ՄԱՏԹ. Ժ 8)։ Այս­պէս կ՚ը­սէ Յի­սուս, ինչ որ ե­կե­ղե­ցին ըն­դու­նած է որ­պէս յանձ­նա­ռու­թիւն Տի­րոջ­մէ եւ կը ջա­նայ ի­րա­գոր­ծել զայն թէ՛ այն խնամք­նե­րուն շնոր­հիւ՝ ո­րոնք կը մա­տա­կա­րա­րէ հի­ւանդ­նե­րուն, թէ՛ ա­նոնց ըն­կե­րակ­ցող բա­րե­խօ­սու­թեան ա­ղօթ­քով։ Ան կը հա­ւա­տայ կեն­սա­գործ ներ­կա­յու­թեան Քրսի­տո­սի՝ բժիշկ հո­գի­նե­րու եւ մար­մին­նե­րու։

Այս ներ­կա­յու­թիւ­նը յա­տուկ կեր­պով գոր­ծօն է սուրբ խոր­հուրդ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ։

Եւ մաս­նա­յա­տուկ կեր­պով կը գոր­ծէ եւ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ՝ Սուրբ Հա­ղոր­դու­թեամբ, որ «յա­ւի­տե­նա­կան կեանք»ը տուող հացն է, որ մարմ­նա­ւոր ա­ռող­ջու­թեան հետ ա­ռըն­չուած է, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ. «Ուս­տի ա­մէն մարդ նախ ինք­զինք թող քննէ եւ ա­պա միայն այս հա­ցէն ու­տէ եւ բա­ժա­կէն խմէ՝ այդ ու­տե­լովն ու խմե­լովն ինք­զինք դա­տա­պար­տու­թեան կ՚են­թար­կէ, քա­նի որ զա­նա­զա­նու­թիւն չի դներ սո­վո­րա­կան հար­ցին եւ Տի­րոջ մար­մի­նին մի­ջեւ։ Այս է ա­հա պատ­ճա­ռը, որ ձեր մէջ բազ­մա­թիւ հի­ւանդ­ներ ու ցա­ւա­գար­ներ կան եւ բազ­մա­թիւ են նաեւ ա­նոնք՝ որ նոյն պատ­ճա­ռով մե­ռան» (Ա. ԿՈՐՆԹ. ԺԱ 29-30)։­

Ար­դա­րեւ հի­ւան­դու­թիւ­նը, ո՛ր կող­մէ ալ դի­տե­լու ըլ­լանք, իր ծա­գու­մով հե­տե­ւանքն է մար­դու տգի­տու­թեան, անզ­գու­շու­թեան եւ սխալ­նե­րուն, ինչ­պէս կ՚ը­սուի՝ ա­նոր կա­մայ եւ ա­կա­մայ, գի­տու­թեամբ եւ ան­գի­տու­թեամբ գոր­ծած սխալ­նե­րուն եւ մեղ­քե­րուն։ Ան­շուշտ կան հի­ւան­դու­թիւն­ներ, ո­րոնք ծի­նա­յին կամ ժա­ռան­գա­կան են, կան նաեւ հի­ւան­դու­թիւն­ներ ալ, ո­րոնց պատ­ճա­ռը ուղ­ղա­կի մե՛նք ենք։

Մար­դիկ ե­թէ ապ­րէին շնոր­հի կեան­քը ի­րենց աս­տուա­ծա­յին նկա­րագ­րի հա­մե­մատ, չէին հի­ւան­դա­նար։

Ու­րեմն, մար­դոց հա­կաաս­տուա­ծա­յին կեանքն ու ան­կա­նոն կեան­քը, տա­րօ­րի­նակ ու անհ­նա­զանդ կեն­ցա­ղը պատ­ճա՛ռ են ա­նոնց հի­ւան­դու­թիւն­նե­րուն։ Տար­բեր խօս­քով՝ հի­ւան­դը, ընդ­հան­րա­պէս սխա­լած մարդն է, մե­ղա­ւոր մարդն է՝ որ հե­ռա­ցած է բնա­կա­նոն կեան­քէն՝ Աս­տու­ծոյ կեան­քէն եւ ան­շուշտ Աս­տուծ­մէ։ Հե­տե­ւա­բար, սխա­լած մար­դը՝ մե­ղա­ւո­րը պէ՛տք է խոս­տո­վա­նի իր մեղ­քե­րը, ան­շուշտ նա­խա­պէս անդ­րա­դառ­նա­լով ա­նոնց, եւ զղջայ։ Բայց միայն զղջա­լը բա­ւա­րար չէ, այլ եւ պէտք է մտադ­րու­թիւ­նը ու­նե­նայ զա­նոնք սրբագ­րե­լու եւ չկրկնե­լու զա­նոնք։ Ա­սի­կա կը պա­հան­ջէ զօ­րա­ւոր կամք եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան ո­գի։

Իսկ Ե­կե­ղե­ցին՝ ա­ղօթ­քի մի­ջո­ցով կը մաս­նակ­ցի ու կը զօ­րակ­ցի զղջա­ցո­ղին, ո­րէսզի «հի­ւանդ»ը խոս­տո­վա­նու­թեամբ թե­թեւ­նայ եւ ա­ղօթ­քով զօ­րա­նայ։

Ա­հա­ւա­սիկ այս է «Հի­ւան­դաց կարգ»ը՝ որ սկզբուն­քով կը նոյ­նա­նայ Ա­պաշ­խա­րու­թեան խոր­հուր­դին հետ։

Հի­ւանդ­նե­րուն իւ­ղով օ­ծու­մը հրէա­կան հին սո­վո­րու­թիւն էր, որ շա­րու­նա­կուե­ցաւ նաեւ ա­ռա­քե­լա­կան ժա­մա­նակ­նե­րուն Ե­կե­ղե­ցիի մէջ։ Երբ Յի­սուս Քրիս­տոս Իր ա­շա­կերտ­նե­րուն իշ­խա­նու­թիւն տուաւ եւ ա­ռա­քեց զա­նոնք, որ­պէս­զի դաս­տիա­րա­կեն, ու­սու­ցա­նեն ժո­ղո­վուր­դը։ Մար­կոս ա­ւե­տա­րա­նիչ կ՚ը­սէ, թէ ա­նոնք կը քա­րո­զէին, իւ­ղով կ՚օ­ծէին հի­ւանդ­նե­րը եւ կը բժշկէին զա­նոնք։ Իսկ Յա­կո­բոս ա­ռա­քեալ կ՚ը­սէ. «Մէ­կը հի­ւան­դա­ցա՞ւ՝ թող կան­չէ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց­նե­րը, որ­պէս­զի իր վրայ ա­ղօ­թեն եւ իւ­ղով օ­ծեն զինք, Տի­րոջ ա­նու­նով։ Եւ հա­ւատ­քով կա­տա­րուած ա­ղօթ­քը պի­տի բժշկէ հի­ւան­դը։ Տէ­րը զայն ոտ­քի պի­տի հա­նէ, եւ ե­թէ ո­րե­ւէ մեղք գոր­ծած է՝ պի­տի նե­րէ ա­նոր։ Հե­տե­ւա­բար ձեր մեղ­քե­րը ի­րա­րու խոս­տո­վա­նե­ցէք եւ ի­րա­րու հա­մար ա­ղօ­թե­ցէք, որ­պէս­զի բժշկուիք. ո­րով­հե­տեւ ար­դա­րի մը ա­ղօթ­քը ազ­դե­ցիկ է եւ մե­ծա­պէս կ՚օգ­նէ» (ՅԱ­ԿՈ­ԲՈՍ Ե 14-16)։

­Պէտք է նշել, որ «Հի­ւանդ­նե­րու օ­ծում»ի խո­հուր­դը յա­ճախ եւ սխալ­մամբ ա­նուա­ն-ւած է «վեր­ջին օ­ծում»։ Ուղ­ղա­փառ մօ­տե­ցու­մը այս խոր­հուր­դին՝ ո՛չ թէ վեր­ջին օ­ծում է, այլ օ­ծում է բժշկու­թեան հա­մար, որ­պէս­զի մարդ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նայ վերս­տին ա­ռող­ջա­նա­լու՝ հո­գիով եւ մար­մի­նով։

Հայ Ե­կե­ղե­ցին կա­տա­րած է հի­ւանդ­նե­րու օ­ծում։

Սա­կայն յե­տոյ խա­փա­նուած է այն բա­նա­ւոր պատ­ճառ­նե­րով, քա­նի որ մար­դիկ չեն գի­տեր՝ ե՛րբ, ուր­տե՛ղ, ինչ­պէ՛ս պի­տի հի­ւան­դա­նան եւ մեռ­նին. տո՞ւ­նը, ճամ­բոր­դու­թեա՞ն ժա­մա­նակ, յան­կա՞րծ, թէ՛ եր­կա­րա­տեւ կամ կար­ճա­տեւ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէ, ո­րե­ւէ ար­կա՞­ծէ, թէ՛ մար­դու մը ձեռ­քով։ Եւ որ­պէս­զի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան չզրկուին «Վեր­ջին օ­ծում»էն, Հայ Ե­կե­ղե­ցին այս խոր­հուր­դը միա­ցու­ցած է «Ա­ռա­ջին օ­ծում»ին, այ­սինքն՝ Մկրտու­թեան ըն­թաց­քին կա­տա­րուած «Դրոշմ»ին։

Սուրբ Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցիէն (+1410) շատ ա­ռաջ դադ­րած է «Վեր­ջին օ­ծում»ի ա­ռան­ձին  կա­տա­րու­մը Հայ Ե­կե­ղե­ցիին մէջ, քա­նի որ Տա­թե­ւա­ցիի «Գիրք Հարց­մանց»ի մէջ (էջ. 604-605), բա­ցատ­րու­թիւն­ներ կը տրուի այս մա­սին եւ կ՚ը­սուի. «Մկրտուո­ղի վրայ Ա­ռա­ջին օ­ծու­մը (Դրոշ­մը) եւ Վեր­ջին օ­ծու­մը միա­սին կը կա­տա­րենք»։­

Եւ կը նշէ՝ որ խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը Հի­ւանդ­նե­րու կար­գին հա­մար անհ­րա­ժեշտ նա­խա­պայ­ման է։

Ու­րիշ Ե­կե­ղե­ցի­ներ վեր­ցու­ցած, ջնջած են եւ պահ­պա­նած են միայն իւ­ղով օ­ծու­մը, եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, փո­խա­նակ խոս­տո­վա­նու­թեամբ սրբուե­լու, ի­րենց յոյ­սը ա­նոր վրայ դրած են ը­սե­լով, թէ՝ «վեր­ջին օր»ը բա­լա­սա­նի (=բոյս մը՝ որ իբր սպե­ղա­նի կը գոր­ծա­ծուի) ձէ­թով կ՚օ­ծուինք եւ կ՚ար­դա­րա­նանք։

Եւ ա­հա այս պատ­ճա­ռով է, որ Ե­կե­ղե­ցիի հայ­րա­պետ­նե­րը նպա­տա­կա­յար­մար հա­մա­րե­ցին վերց­նել «Վեր­ջին օ­ծում»ի կար­գը։

Հի­ւանդ­նե­րու բժշկու­թեան ծի­սա­րա­րու­թիւ­նը հաս­տա­տուած է մեր Տի­րոջ Յի­սուս Քրիս­տո­սի կող­մէ իբ­րեւ Նոր Կտա­կա­րա­նին սուրբ խոր­հուրդ՝ բա­ռին իս­կա­կան եւ յա­տուկ ա­ռու­մով։ Բայց հի­ւանդ­նե­րու ա­ղօթ­քը իր նպա­տա­կին կը հաս­նի՝ հի­ւան­դին ան­սա­սան, ան­խախտ հա­ւատ­քին ապ­րու­մին գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ ա­ղօթ­քին հետ Ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թեր­ցու­մով։ Ուս­տի բժշկու­թեան հա­մար անհ­րա­ժե՛շտ է հա­ւատ­քը։ Ե­կե­ղե­ցին կ՚ըն­դու­նի, թէ խոր­հուրդ մըն է այս, յատ­կա­պէս սահ­մա­նուած կ՚ազ­դու­րե­լու հի­ւան­դու­թե­նէ տա­ռա­պող­նե­րը։

Ար­դա­րեւ Նա­րե­կա­ցիի զօ­րա­ւոր ա­ղօթք­նե­րու հրա­շա­գործ ար­դիւնք­նե­րը օ­տար չէ՛ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 6, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2015