ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Աթոռը երէկ կարեւոր յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ վերջին շրջանին երկրորդ անգամ Գումգաբուի կողմէ հերթական անհանգստութիւնը արտայայտուեցաւ՝ ներկայիս երկրէն ներս ստեղծուած մթնոլորտին կապակցութեամբ։ Եթէ առաջին յայտարարութիւնը կը վերաբերէն ընդհանուր հասարակութեան կողմէ մեր համայնքին վերագրուած զրպարտութիւններուն, ապա այս երկրորդն ալ ունի ձեւով մը ինքնաքննադատութեան բնոյթ, որովհետեւ հասցէագրուած է անոնց, որոնք կը յաւակնին համայնքին անունով խօսելու։ Քաղաքական նիւթերու շուրջ անհատներու կողմէ կատարուած զանազան յայտարարութիւններ պարզ է, որ ներկայ փուլին կը վերագրուին մեր համայնքի ընդհանուրին, ինչ որ առիթ հանդիսացած է Գումգաբուի տեղին հակազդեցութեան։
Ստորեւ կը հրատարակենք Պատ-րիարքարանի յայտարարութիւնը եւ անոր թրքերէն բնագիրը։
Վերջերս կայքէջերու վրայ յանուն հայ համայնքին կատարուած հրապարակումներու, ինչպէս նաեւ գործունէութեանց կապակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռը իր ցաւը յայտնեց, նաեւ թարգման հանդիսանալով համայնքի սրտցաւ անդամներու ընդվզումին։
Պատրիարքական Աթոռը ընդգծեց, թէ անհատներ ազատ են յայտնելու իրենց գաղափարները, որոնք կը կրեն սոսկ անհատական բնոյթ։ Նաեւ շեշտուեցաւ, թէ գաղափար յայտնելու ազատութիւնը անսահման չէ եւ այդ ազա-տութիւնը կարելի չէ օգտագործել առանց նկատի ունենալու հանրութեան անդորրութիւնը։
Պատրիարքական Աթոռը յիշեցուց, թէ ըլլալով Թուրքիոյ հայ համայնքին հոգեւոր կեդրոնը՝ պետական, պաշտօնական, դիւանագիտական եւ կրօնական աւագանիին կողմէ իր այս հանգամանքով կը ճանչցուի որպէս ներկայացուցիչը հայ համայնքին։ Արդէն իսկ այդ հանգամանքով է, որ ըստ հնամենի աւանդութեան, ի պահանջել հարկին իր խօսքը կ՚ունենայ համայնքի կրօնական, բարեսիրական եւ ընկերային հաստատութեանց եւ կամ ընդհանրապէս հանայնքի հետ առընչուած հարցերու կապակցութեամբ։
Անհատներ եւ կամ մարմիններ իրաւասութիւն չունին յանուն համայնքի արտայայտուելու եւ կամ գործելու։ Նման անպատաս-խանատու արտայայտութիւններ եւ կամ գործունէութիւններ չեն առընչուիր Պատրիարքական Աթոռին եւ հայ համայնքին հետ, նաեւ չեն ցոլացներ բոլոր համայնքին զգացումներն ու գաղափարները։ Նաեւ այս տեսակի արտայայտութիւններ եւ գործունէութիւններ չեն կրնար համայնքի դիրքաւորումէն աւելի գերակայ դիրքի մը հասնիլ։
Պատրիարքական Աթոռը յիշեցուց Ս. Գրքի խօսքը. «Մտիկ ըրէք ձեր առաջնորդներուն եւ հնազանդեցէք անոնց, որովհետեւ անոնք կը տքնին ձեր հոգիներուն համար, քանի որ հաշիւ պիտի տան ձեր փոխարէն, եւ անոնք ուրախութեամբ թող ընեն այդ բանը եւ ոչ թէ հառաչելով, բան մը՝ որ օգուտ չի տար ձեզի» (Եբրայեցիս, 13.17)։
Այս տեսակէտները հաղորդը-ւեցան նաեւ տեղական պաշտօնական մամլոյ մարմիններուն։
*
Son günlerde sosyal medya aracılığıyla sanal ortamda Ermeni halkı adını kullanarak bazı yayınlar yapıldığı ve faaliyetlerde bulunulduğu üzüntüyle görülmüştür. Bu beyanlar ve faaliyetler cemaatimizde infial yaratmaktadır.
Kişiler, fikirlerini beyan etmekte özgürdürler ve beyan ettikleri fikirler sadece kendilerini bağlar niteliktedir. Ancak, fikir beyan etme özgürlüğünün sınırsız olmadığı ve kamu düzeni göz önünde bulundurulmadan kullanılamayacağı da bilinen bir husustur.
Türkiye Ermenileri Patrikliği, Türkiye Ermeni Cemaati’nin ruhani merkezi, cemaatimiz adına karar verecek ve temsil edecek tek mercidir. Resmi, kordiplomatik ve dini erkan Türkiye Ermenileri Patrikliği’ni, cemaati temsil eden kurum olarak görür. Dini, hayri ve sosyal kurumlarımızı veya genel olarak cemaati ilgilendiren sorunlar hakkında cemaatimizin düşüncesini dile getirecek beyanlarda bulunma konusunun, kadim geleneklerimize göre Patrikliğimizi ilgilendirdiği bir gerçektir.
Patrikliğimiz dışında, kişilerin veya kurumların cemaatimizin adına beyanda veya faaliyetlerde bulunma hakkı ve yetkisi yoktur. Yapılacak bu tarz sorumsuz beyan ve faaliyetlerin Patriklik Makamı’nı ve Ermeni cemaatini bağlamayacağı gibi, tüm cemaatimizin hislerini ve düşüncelerini temsil etmeyeceği de açıktır. Ayrıca bu beyanlar ve faaliyetler cemaatimizin konumu karşısında üstünlük sağlamaz.
554 yıldan beri varlığını sürdüren Türkiye Ermenileri Patrikliği’ni ve ona bağlı Türkiye Ermeni Cemaati’ni üzen bu tür konuları yerel medyanın dikkatine sunmanın bu ülkede sağlıklı ve huzurlu bir yaşam sürdürme yönünde önem arz edeceğine inanıyoruz.
Cemaatimize, Kutsal Kitap’ın sözünü sevgiyle hatırlatırız: “Önderlerinizin sözünü dinleyin, onlara bağlı kalın. Çünkü onlar canlarınız için hesap verecek kişiler olarak sizi kollarlar. Onların sözünü dinleyin ki, görevlerini inleyerek değil -bunun size yararı olmaz- sevinçle yapsınlar (İbranilere, 13:17).
TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ