ՍՈՒՐԲ ԼՈՅՍ ՏՈՒՈՂ ԻՒՂԻՆ՝ ՄԻՒՌՈՆԻՆ ՀԱՄԱՐ
Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագրքին վերջին հատուածներէն մին՝ Գլուխ ՂԳ.-ը, վերնագրուած է «Աղօթք թարգմանօրէն վասն սրբալոյս իւղոյն միւռոնի». բաժին մը, զոր հոգեւորականներ կ՚ընթերցեն Միւռոնօրհնէքի հոգեպարար արարողութեան ժամանակ։ Այսու կը ներկայացնենք հատուած մը յիշեալ աղօթքէն՝ աշխարհաբարի թարգմանուած թերթիս հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի կողմէ («Աշխարհաբար Նարեկ», Պոլիս, 1902)։
*
ԺԹ. Օրհնաբանուած այս միւռոնը, զոր մարգարէն կանուխէն, իբր աչքերու լոյս՝ թախանձելով կը խնդրէր՝ քերականական կազմութիւնը ու Հոմերոնի (յունարէն) ստուգաբանութեանը համեմատ թարգմանուելով կը հասկցուի ինձ մայր. այսինքն թէ՝ մեր բնութիւնը զօրաւոր կերպով իրեն քաշող, որ չքնաղ փոփոխութիւնով ջուրին հեղուկ բնաւորութիւնը հաստատուն պնդութեան կը փոխէ, երբ լուսաւորելու համար աւազանին մէջ թափուի, որ (միւռոնը) մեր մէջ խառնուելով իբր կաթը մակրդող՝ իր հաստատութիւնովը կը փոխարինէ իմ ցնդած վայրագութիւնս, ինչպէս նաեւ աղբիւրներու մշտահոս հեղեղը։ Իսկ ուրիշ տեսակ ստուգաբանութեան մը համեմատ, միւռոնը մութ ալ կը նշանակէ, որ մթին, ծածկուած եւ չտեսնուող ըսել է եւ այս տեսակ անուանակոչութիւն մը անյարմար չէ (միւռոնին), որովհետեւ անունը իր նշանակած իրէն կ՚առնուի եւ միւռոնին այս խորութիւնը անքննելի է յաւէտ. ամէն սրբութեանց սրբութենէն աւելի։ Որովհետեւ չէ թէ ջուրի նման կը լուանայ աղտը եւ կամ հացի հանգամանքով սիրտը կը հաստատէ, այլ մարդը նորոգելով, անոր ազդող զգայարանքներուն վրայ տիրաբար կը խաչակնքուի, սակայն երկնային անհասանելիութեամբը անունը անքննելի է։ Եւ ինչպէս որ Աստուած իր ծայրագոյն պայծառութեանը համար իսկ եւ իսկ անմատչելի լոյս կ՚ըսուի, բայց անսահման փառաւորութեամբը մեր մտքի հասկցողութենէն վեր ըլլալով, անքննելի խաւարի մէջ ծածկուած կը հասկցուի, այնպէս ալ լոյսի այս ծորումը ճարտար բանաստեղծներու ոմանց լեզուովը դրականապէս առնուելով մութ կ՚ըսուի անոր համար որ մարդկային բնութիւնը չի կրնար հասկնալ անոր (միւռոնին) իսկութիւնը։ Իսկ աստուածային երկու հանգամանքներն ալ կատարելապէս ունի ասիկա (միւռոնը) իր մէջ, որովհետեւ բարձրեալին անուամբ յորջորջուելով կրկին կը մեծանայ, անուշահոտ ազնիւ կնդրուկով բաղադրուած այս նուիրական եղը. վասնզի Մովսէսի խօսքին համեմատ այրող կրակ է մեր Աստուածը եւ դարձեալ Յովհաննու խօսքին համեմատ լոյս է. ուստի Եսայի ալ ճշմարտապէս ասիկա կ՚ակնարկէ երբ կ՚ըսէ «Իսրայէլին լոյսը կրակ թող ըլլայ»։
Ի. Դարձեալ ուրիշ խօսքերով բացատրելով յայտնեմ պատկերը այն իրին, որովհետեւ չեմ մոռնար կրկին գովեստով օրհնել գթութիւնը մեծիդ, ուրկէ անուշցաւ իմ նողկալի բնաւորութիւնս. մեռայ որ (եբրայեցերէն) լեղիութիւն ըսել է, յարմար կերպով կը նշանակէ չարչարանքը տաժանելի կեանքին. միւռոնն ալ մեր լեզուի ստուգաբանութեան համաձայն ազգակից կամ հոմանիշ է մեռելութեան։ Որովհետեւ այս հոգեւոր օծումին շնորհիւ խզուելով կը կտրուինք հակառակողին (սատանայ), սնոտիասէր, մահանման եւ տաղտկալի ու զազիր հեշտութիւններէն, որ խոնաւ օդի մեղկութեամբ կը թուլցնէ մեր ձայն տուող քնարները (ականջ) եւ անոր թմբուկին վրայ ծածկուած նուրբ մաշկը -որ ամէն հարուածի խրոխտ ձայն կը հանէ- վրան ջուր թափուածի խոնաւութիւնով կը թուլցնէ եւ ներդաշնակութիւնը եղծանելով՝ կորուստի կ՚ենթարկէ մեր բնաւորութիւնը, եւ (այս օծումին շնորհիւ) կրկնապատիկ յոյսով դարձեալ կը կապուինք Քու խաչիդ խելքէ վեր խորհուրդին հետ ո՛վ Քրիստոս. Կենդանիիդ մահուամբը մկրտուելով՝ ասով անվերջ կեանքիդ կը մասնակցինք եւ կատարեալ համարձակութեամբ անբաժանելի կերպով Քեզ իսկ կը միանանք յաւէտ ո՛վ Աստուած։
ԻԱ. Այս եղը՝ Քու անունովդ օծած քառակուսին (խաչը) Բարձրեալիդ նշանին (խաչին) կը հաւասարցնէ, Քու ապրեցնող արիւնիդ նման, եւ անոր փառքին հաւասար շնորհ կ՚ընձեռէ (օծուած խաչին), զոր անբաժանելի փառքով կը պսակէ եւ կը մեծացնէ։ Մարգարէին կանխասացութեան համեմատ օրհնութեան իւղի փայտ կ՚անուանուի, որ անտառի հասարակ բոյսերէն կազմուածը՝ չարին վտանգաւոր արկածներէն եւ մոլար կարծիքներէն զօրաւոր կերպով մաքրելով՝ ստեղծողիդ ծառայելու յատկացուած այն կեանքի նիւթին (խաչին) կը հաւասարցնէ։ Մեր մարմինին միշտ բաց եղող թափանցիկ պատուհաններուն մուտքն ալ՝ (զգայարանք) Ահաւորիդ մեծութեան զօրաւոր անունովը՝ երբ խոհական համեստութեամբ Քեզմով խաչակնքուի։ Հոգիիդ ըղձալի բնակարանը կը դառնայ (մեր անձը) որ ո՛չ չարին խաբէութիւններէն եւ ո՛չ ալ խաբողին (սատանայ) մութ հովերէն կ՚ազդուի։ Այս լուսով զսպուելով կը հաւաքուինք իրիկուան պաշտամունքի գոհաբանութիւնը նուագելու երկնային լուսաւոր լամպարներուն հետ, իբր օրինակը Քու շնորհիդ մեր մէջ վառելուն։ (Հոգեւոր) Փրկութեան բարիքներուն յիշատակը ասով տնկուելով կը ծագի եւ ծաղկաւէտ ըլլալով կը պտղաբերի, Մեծիդ գալստեանը վերջի գիշերուան ընթրիքին պատրաստութեանը գործածուելու համար։ Ահա այս օրիակով է որ կը գործածենք ճրագին լոյսը։
ԻԲ. Դարձեալ գծուած գիրերու գումարումէն՝ (այբ բէն գիմի) 24 (կամ քսան անգամ չորս) գիրերու շարադասութենէն սկսելով՝ երբ այբ գիրէն համրենք, 22երրորդ գիրին (Ն) վրայ այս խորին խորհուրդը բացատրելով՝ ամենայարմար կերպով գեղեցիկ ճաշակ մը կրնանք պատրաստել հաղորդակից գտնուողներուն. որովհետեւ 80 նշանակող (Ձ) գիրը երբ 400-ի փոխենք (Ն) ստոյգ բացատրութեամբ ձիւթը (ձէթին ձիւթ ըսած է հոս) նիւթ կ՚ըլլայ, ինչ որ նմանութիւնն է խմորի արդիւնքին (մաեա) որ ամբողջ զանգուածը իրեն կը հաւասարացնէ զօրեղապէս եւ քիչը չէ որ շատէն կը գոյանայ, այլ Աւետարանի առակին համեմատ ամէնքն ալ նոյն իրին դարձնելով դէպի իրեն կը քաշէ ու շատցնէ։
ԻԳ. Հեզութեան այս եղը բարձրանալու եւ խոնարհելու օրինակ է միշտ. մէկուն՝ կակուղ պատառով կը տրուի ուղիղ եւ յարմարաւոր խօսքի նման, իսկ բոլոր լոյծ, հեղուկ եւ ջրային նիւթերէն վեր կանգնելով, անոնց երեսին վրայ կը պտըտի, իբր գերագոյն պատկերը հրաշափառ խորհուրդին. եւ երբ մորթէ տիկի մէջ ալ դրուի, ոչ թէ գինիի նման եւ կամ ջուրի թացութիւնով կը թուլցնէ ու կ՚աւրէ զայն, այլ պատշաճ կակուղութեան սահմանին մէջ կը պահէ իր ամանը։ Այսպէս ընդունելով Քու բարիքներուդ անհաւասար առաւելութիւնը՝ այս սրբանուէր օծումը Քու արիւնովդ կը գրենք մեր դէմքերուն ճակտին վրայ, ո՛վ կենդանի Աստուծոյ որդին. եւ մեր բնութեան շունչին (հոգի) մէջ Քու Հոգիովդ կը տպաւորենք զայն, մեր մտքին խորհուրդովը հաւատալով թէ, նորէ՛ն պիտի յայտնուի այն եւ պիտի փայլի շատ մը ոստերով ճիւղաւորուած՝ ընդարձակօրէն տարածելու՝ բազմատեսակ հրաշքներ գործող եղին ընծայած պտուղը, հանդերձեալ աշխարհի ապագայ փառքին մէջ լոյս տալու համար մեզ։ Հոգեւոր, երջանիկ եւ երկինքի մէջ վառող այս եղը՝ այն ատեն Քու նշանովդ թող վառի երեսներուս ու դէմքիս պատկերին վրայ։
ԻԴ. Այս մեծ զօրութիւնը՝ (մեռոն) իբր խելքէ մտքէ վեր ու անըմբռնելի՝ թեթեւ թեւերով՝ մտքի հասողութեան պայմաններէն վեր սլանալով արագութեամբ, մարդկային հասողութենէն գեր ի վեր, անծայր ճամբով, անհետ փախուստով, լայն անջրպետով յաւէտ զատուեցաւ ու հեռացաւ ինձմէ. ո՛չ իրեն հաւասար մէկը ունենալով (հին ու նոր օրէնքին մէջ, անով) օրինակուեցաւ, ո՛չ զուգակից ու նմանակից ունեցաւ, ո՛չ ձեւակերպութեամբ սահմանուեցաւ, ոչ ալ աստիճանակից ընկերի մը չափովը կշռուեցաւ, այլ ահա Աստուածային խաչիդ նշանին եւ ապրեցնող արիւնիդ հաւասարելով՝ հոգեւոր զօրութեամբ գերազանց երեւցաւ անոնց հետ։ Արդ, ո՛վ Տէր, ասով եւ ասոր միջոցով օրհնէ զմեզ, որ ահաւոր, լուսաւոր, երկնաւոր եւ զարմանալի անունդ աւելի եւս օրհնուի բուրվառովը մաքրակրօններուն եւ գովաբանուի անճառելի փառքդ ո՛վ սուրբ որ մաքուր, անքննելի, անպատմելի, բարձրացած, ողորմած, կրկին երգուած ճշմարիտ, բարերար եւ սուրբ ես, ասով փրկէ մեր հոգիները, քաւութիւն տո՛ւր, բժշկութիւն պարգեւէ՛, շնորհ պատրաստէ եւ երջանկութիւն առատաձեռնէ՛։ Այս ձէթին երկինքէն անձրեւուած լոյսովն օծուելով անարատ թող դառնամ. ես որ այս իւղով եղոտած՝ կտաւի բանաւոր հէնք մ՚եմ, մեղքի տխրութիւնը թող չմտնէ մէջս, թող չգրաւէ զիս եւ թող չաղտոտէ բնաւ՝ կերպարանքը հոգիիս։ Անոնք որ այս եղով օծուիլ կը փութան՝ հոգիով երջանկապէս զարդարուելով՝ սուրբ վայելչութեամբ՝ գեղեցիկ կերպով թող պճնուին ու պարծենան՝ զարդարուած հարսի նման։ Այս լուսափառ եւ Աստուծմէ ձրի պարգեւուած կրակը՝ փորձուելու համար իրեն մօտեցողներուն՝ կրկնապատիկ եռացումով ջուր տրուած եւ փափաքուած ջերմութեան աստիճանին հասնելով՝ ուրիշ ձեւի փոխուած երկաթի (պողպատի) զօրութիւնը թող տայ, որով կատարեալ եւ ամենապատրաստ պնդութեամբ՝ կարծր ու անշարժ վէմիդ վրայ տեւական կերպով արձանանալով՝ Քեզմով հաստատուիմ հոն՝ առանց երկմտելու։ Երկնային յաղթանակի այս պարգեւովը վառողներուն նշանը այս ըլլայ որ, ջուրով չխեղդուին, կրակով չայրին, ցուրտէն չսառին, վնասակար հովէ չմարին, ոեւէ պիղծ ուրուականէ չաղտոտին, իրենց պահածները չարին չյանձնեն, երբ աշխարհէ ելլեն՝ յիմարաբար դուրս չհանեն իրենց մթերած կեանքի գանձերը. ոչ անպաստպար մնան Քու թեւերուդ օգնութենէն եւ ո՛չ ալ մեզի կցուած օծութիւնը անմաքուր կերպով մերկանան։ Այլ Քու շնորհիւդ ասով այրուած ըլլանք, ասով գիրնանք, ասով լուսաւորուինք, ասով արդարանանք (հոգւով) ազատինք, պսակուինք ու (յաւիտենականութեան մէջ) թագաւորենք։ Եւ Քեզ՝ որ միակ օծուած մէկն ես, ամէնուն կողմէ օրհնութեան երգեր, լեզուներու ալէլուներ, ձայներու հնչումներ, գովաբանական յաղթանակներ, շրթունքներու բարեբաստութիւններ, սաղմոսներու սրբասացութիւններ թող մատուցուին Քեզ՝ Հօր եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ. ամէն։
Մաքուրին համար (կոչնակ) այն է իմ խոստովանութիւնս (զոր գրեցի ՂԲ. գլխուն մէջ), իսկ մաքուրներէ աւելի մաքուրին (մեռոն) համար այս է հաստատ դաւանութիւնս։