ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՌՈՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը, ինչ որ բնորոշուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան մեծահանդէս արարողութեամբ։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցան արարողութիւնները։ Առաւօտուն Մայր Տաճարի մէջ պատարագեց Տ. Վարդան Եպսկ. Խաչատրեան։ Յետմիջօրէին Մայրավանքի Ս. Տրդատ Գ. Արքայի բաց խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը։ Մայր Տաճարի զանգակներու զուարթ ղօղանջին ներքեւ հայրապետական ծանրաշուք թափօրը Վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի բաց խորան։ Հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ Վեհափառ Հայրապետը ամպհովանիով առաջնորդուեցաւ Ս. Խորան, որու կեդրոնը զետեղուած էր Սրբալոյս Միւռոնի կաթսան։ «Խորհուրդ խորին» եւ «Ուրախ լեր» շարականներու երգեցողութիւնը եկաւ բնորոշել արարողութեան սկիզբը։ Ծովածաւալ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Մայրավանքի համալիրէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան, Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգային բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Արցախի Թեմի Առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, Ռուսաստանի Թեմի Առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան, Հարաւային Ռուսաստանի Թեմի Առաջնորդ Տ. Մովսէս Եպսկ. Մովսիսեան եւ Մայր Աթոռի միաբաններ Տ. Փառէն Արք. Աւետիքեան։ Նորին Սրբութեան փէշակիրներն էին Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան։ Թափօրին միացած էր նաեւ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, որ կը կրէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ օրհնուած Միւռոնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւս մաս կազմեց թափօրին, օրուան քաւորին՝ Հայկ Թիթիզեանի հետ։ Մայր Աթոռի մօտ ի պահ դրուած սրբութիւններն ի ձեռին լրիւ հանդերձանքով թափօրին միացած էին նաեւ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան, Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեան, Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան եւ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեան։ Կանոնական աղօթքներու եւ Ս. Գրոց ընթերցումներէն վերջ, հաւատացեալներու յուզումնալի հայեացքին առջեւ բացուեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի կաթսային կափարիչը։ Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ իւղին մէջ խառնեց ծաղկանց նիւթը, բալասանը եւ հին Միւռոնը։ Ի նշան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միութեան՝ կաթսային մէջ խառնուեցաւ Կիլիկեան Աթոռին մէջ օծուած Միւռոնը։ Հոգեզմայլ շարականներու երգեցողութեամբ Վեհափառ Հայրապետը Սրբալոյս Միւռոնը օրհնեց Կենաց Փայտի մասունքով, Ս. Գեղարդով եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջով։
Երբ հրճուանքը հասած էր գագաթնակէտին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր պատգամը՝ համայն հայութեան։ Նորին Սրբութեան երէկուան քարոզը պիտի ներկայացնենք մեր վաղուան թիւով։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի արձակման աղօթքէն վերջ երգուեցաւ «Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականը եւ Հայրապետական մաղթանքը։ Մինչ հազարաւոր ուխտաւորներ իրենց խոնարհումը բերին Սրբալոյս Միւռոնի կաթսային առջեւ։
Երէկուան պատմական արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի պետական աւագանիին բարձրաստիճան ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, որու կողքին էր նաեւ Առաջին տիկին Ռիթա Սար-գըսեան։ Քոյր եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն առընթեր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասուն մեծամասնութիւնը եւ Մայր Աթոռի միաբանութիւնը ներկայ գտնուեցան Միւռոնօրհնութեան։ Սփիւռքեան յառաջատար գործիչներու մեծ փաղանգ մըն ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին փութացած էր Միւռոնօրհնութեան առթիւ։ Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանը ուղիղ եթերով սփռեց ամբողջ արարողութիւնը, որու շնորհիւ համայն հայութիւնը աշխարհի բոլոր կողմերուն հնարաւորութիւն ունեցաւ հաղորդ դառնալու վեհախորհուրդ արարողութեան։
Միւռոնօրհնութենէն վերջ սարքուեցաւ նաեւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ։
Իսկ այս առաւօտ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ Միւռոնօրհնութեան մասնակից միջեկեղեցական հիւրերը այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ էքիւմենիք աղօթք մըն ալ տեղի ունեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ։