ԽԱՉԻՆ ԵՐԵՒՈՒՄԸ ՄԱՇՏՈՑԻՆ ՎՐԱՅ

Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ կայ ե­րե­ւոյթ մը՝ ուր Խա­չը փայ­լա­տա­կած է եր­կին­քի վրայ եւ զայն տե­սած է ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը։ Հին­գե­րորդ դա­րուն պա­տա­հած այս դէպ­քը վկա­յուած է Խո­րե­նա­ցի եւ Կո­րիւն պատ­միչ­նե­րու կող­մէ։ Հին­գե­րորդ դա­րու կէ­սե­րուն, երբ հայ գի­րե­րու ստեղ­ծիչ Մես­րոպ Մաշ­տոց փա­կեց իր աչ­քե­րը ար­դէն տա­րի­քը ա­ռած, իր տան վրայ Քրիս­տո­սի խա­չա­փայ­տը փայ­լուն ու յստակ կեր­պով ե­րեւ­ցաւ եւ տես­նուե­ցաւ բո­լո­րին կող­մէ։ Եւ պատ­միչ­նե­րը դար­ձեալ կը վկա­յեն, թէ՝ երբ Մաշ­տո­ցի ան­շունչ մար­մի­նը կրող դա­գա­ղը Վա­ղար­շա­պա­տէն կը փո­խադ­րուէր դէ­պի Օ­շա­կան գիւ­ղը՝ Ա­մա­տու­նի Վա­հան իշ­խա­նի կա­լուած­քը, ճամ­բուն վրայ՝ յու­ղար­կա­ւոր­նե­րուն եւ դա­գա­ղին ըն­կե­րակ­ցող­նե­րուն եր­կին­քէն կը հե­տե­ւէր փայ­լուն այդ խա­չի նշա­նը։

Սի­րե­լի­նե՜ր, կը տես­նէ՞ք Խա­չին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին մտեր­մու­թիւ­նը, սերտ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը, զօ­րա­ւո՛ր կա­պը…։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, հայ ժո­ղո­վուր­դին, Հայ Ե­կե­ղե­ցիին ա՜յն­քան մօտ յա­րա­բե­րու­թեան պատ­ճա­ռը եւ փա՛ս­տը։

Այս պատ­մա­կան դէպքն իսկ հա­ւաս­տիք մըն է՝ ա­պա­ցոյց մը, թէ ո՛ր­քան սերտ կա­պե­րով կա­պուած են Խա­չը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը։ Հայ ժո­ղո­վուր­դը Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի հո­գե­շունչ ա­ղօթք­նե­րով, հա­ւատ­քով ու հա­ւա­տար­մու­թեամբ կա­րո­ղա­ցած է Աստուա­ծոր­դին ի­ջեց­նել իր մեծ Սուր­բին վրայ։ Եւ այս ա­պա­ցոյց մըն է նաեւ, թէ Մես­րոպ Մաշ­տոց ո՜ր­քան մեծ բա­րիք ու օգ­տա­կա­րու­թիւն ու­նե­ցած է հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ ան­շուշտ ա­նոր հո­գեմ­տա­ւոր կեան­քին զար­գաց­ման հա­մար։

Եւ ե­թէ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ լու­սա­ւո­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դին հո­գին, Մես­րոպ Մաշ­տոց ալ պայ­ծա­ռա­ցուց, բա­րե­զար­դեց հայ ժո­ղո­վուր­դին միտ­քը։ Եւ ա­նոնք կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին հո­գեմ­տա­ւոր կալուա­ծը։

Ար­դա­րեւ Ին­քը՝ Աս­տուա­ծոր­դին, լու­սե­ղէն նշան­նե­րով ցոյց տուած է Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին նա­խա­գի­ծը՝ ու­րուա­գի­ծը Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չին։ Եւ դար­ձեալ, Աս­տուա­ծոր­դին յար­գած է նաեւ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի յի­շա­տա­կը, իր ե­զա­կի ար­դիւ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը՝ ըն­ծա­յու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դին, հայ հա­ւա­տա­ցեա­լին՝ Իր խա­չա­փայ­տը հո­վա­նի դարձ­նե­լով ո՛չ միայն Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի, այլ ա­նոր մի­ջո­ցով՝ Հայ Ե­կե­ղե­ցիին եւ ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին վրայ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, հաս­տատ փաստ մը՝ Խա­չին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին մօ­տա­ւո­րու­թեան եւ սերտ ա­ռըն­չու­թեան, ի­րա­րու հետ կա­պուա­ծու­թեան, եւ ե­թէ կ՚ու­զէք՝ մտեր­մու­թեա՛ն…։

Եւ սի­րե­լի՜­ներ, այդ պատ­ճա­ռով է, որ Հայ Ե­կե­ղե­ցին ու­նի Խա­չի ի­ւա­յա­տուկ տօ­նը՝ որ կը տօ­նէ «Վա­րա­գայ Սուրբ Խա­չի» ա­նու­նով։

Երբ խա­չի միւս տօ­նե­րը բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­ներ կը տօ­նեն միա­սին, միայն Հայ Ե­կե­ղե­ցին է, որ միայն ի­րեն յա­տուկ տօ­նով կը տօ­նէ ու կը փա­ռա­ւո­րէ Խա­չը։ Ա­հա­ւա­սիկ, այս ալ ցոյց կու տայ, թէ Խա­չը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը՝ Հայ Ե­կե­ղե­ցին ո՜ր­քան մօտ ու «մտե­րիմ» են ի­րե­րու։

Հա­կիրճ ու ամ­փոփ կեր­պով մը յի­շենք Վա­րա­գայ Սուրբ Խա­չի տօ­նին հիմք կազ­մող պատ­մա­կան դէպ­քը։ Վա­րա­գայ Խա­չը, Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան, իր «Ծի­սա­կան բա­ռա­րան»ին մէջ հե­տե­ւեալ կեր­պով կը նկա­րագ­րէ՝ պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու վկա­յու­թեամբ։

«Խա­չի հրա­շա­լի ե­րե­ւում­նե­րէն Յու­նաց ե­կե­ղե­ցին ու­նի Ե­րու­սա­ղէ­մի ե­րե­ւու­մը 351 թուա­կա­նին, իսկ Հա­յոց ե­կե­ղե­ցին Վա­րա­գայ ե­րե­ւու­մը՝ 653-ին։

«Մենք ալ կը կա­տա­րենք Ե­րեւ­ման Խա­չին տօ­նը, իսկ Վա­րա­գայ ե­րե­ւու­մը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ներ­սէս Գ. Շի­նող Կա­թո­ղի­կո­սի (Ներ­սէս Գ. Տա­յե­ցի - Իշ­խա­նե­ցի՝ 641-661) օ­րով, եւ տօնն ալ հաս­տա­տուե­ցաւ իր կող­մէ։

«Ս. Հռիփ­սի­մէ ի­րեն հետ ու­նե­ցած է բուն խա­չա­փայ­տէն մաս մը՝ զոր ի վեր­ջոյ պա­հած է Վա­րա­գէն վեր գտնուող Գա­լի­լիա կո­չո­ւած ժայ­ռին մէջ, եւ այդ Խա­չա­փայ­տի մա­սը լու­սա­ւոր տա­ճա­րի տե­սիլ­քով յայտ­նուած է Թո­դիկ ճգնա­ւո­րին, եւ տե­ղէն ել­լե­լով՝ ե­կած հանգ­չած է Վա­րա­գայ վան­քի ե­կե­ղե­ցին՝ եւ ա­ռաջ Թո­դիկ եւ Յո­վէլ ճգնա­ւոր­նե­րը եւ յե­տոյ բո­լոր շրջա­կայ գիւ­ղե­րէն եւ Վան քա­ղա­քէն ե­կող ուխ­տա­ւոր­ներ տե­սած ու պաշ­տած են զայն։

«Խա­չա­փայ­տին գիւ­տը տե­ղի ու­նե­ցաւ 327 թուա­կա­նին, իսկ Ս. Հռիփ­սի­մէի մար­տի­րո­սու­թիւ­նը՝ 301-ին կա­տա­րուե­ցաւ. այս հա­շո­ւով՝ Խա­չի գիւ­տէն ա­ռաջ Խա­չա­փայ­տի մա­սուն­քին գո­յու­թիւ­նը կրնայ մեկ­նուիլ կրկին ա­ւան­դու­թիւն­նե­րով։ Քա­նի որ թէ՛ Տեառ­նեղ­բայր Յա­կո­բոս ա­ռա­քեա­լին հա­մար կ՚ը­սուի, թէ կրցած է մաս մը ձեռք ձգել Վե­րաց­ման ա­տեն, եւ թէ՛ Պատ­րո­նի­կէ դշխո­յի հա­մար կը պատ­մուի, թէ Կղո­դիոս կայ­սեր օ­րով (41-54) Խա­չա­փայ­տի մաս­նա­ւոր գիւտ մը կա­տա­րել յա­ջո­ղած է։

«Վա­րա­գայ վան­քին մէջ հանգ­չող Խա­չա­փայ­տին, ա­ւե­լի սո­վո­րա­կան կեր­պով կո­չ-ւած է Ս. Նշան, եւ Ս. Նշա­նի մա­սուն­քը մին­չեւ 1021 մնա­ցած է Վա­րագ, եւ նոյն տա­րին փո­խադ­րուած է Սե­բաս­տիա, 1026-ին դար­ձեալ Վա­րագ բե­րուած, 1651-ին Խո­շաբ տարուած, իսկ 1655-ին Վա­նի Ս. Տի­րա­մայր Մայր-ե­կե­ղե­ցին դրուած՝ որ այ­նու­հե­տեւ կոչուած է Ս. Նշան։

«Տօ­նը կը կա­տա­րուի Վե­րաց­ման Խա­չէն տասն­հինգ օր ետ­քը, այ­սինքն Սեպ­տեմ­բեր 25-էն մին­չեւ Հակ­տեմ­բեր 1-ի հան­դի­պող Կի­րա­կին։

«Վա­րա­գայ Խա­չի նա­խըն­թաց եօթ­նեա­կը շա­բա­թա­պահք է, եւ Վա­րա­գայ Խա­չէն կ՚առ­նէ ա­նու­նը, եւ սա­կայն տօ­նին հետ ա­ղերս չու­նի…»։

­Բո­լոր այս պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րը, եւ մա­նա­ւանդ Ս. Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի տան եւ ա­ւե­լի վերջ դա­գա­ղին Օ­շա­կան փո­խադ­րու­թեան ըն­թաց­քին, ամ­բողջ ճամ­բու տե­ւո­ղու­թեան փայ­լա­տա­կած Խա­չը, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի հրա­շա­լի տե­սիլ­քը, հա­ւաս­տիքն է Աս­տու­ծոյ յա­տուկ հո­գա­ծու­թեան հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ։

Ու­րեմն մենք, բո­լորս պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ ենք փո­խա­դար­ձե­լու այդ խնա­մա­տա­րու­թեան եւ պար­տա­ւո՛ր ենք պահ­պա­նել մեր ար­ժէք­նե­րը՝ մտա­ւոր ե՛ւ հո­գե­ւոր հարս­տու­թիւն­նե­րը՝ բծախնդ­րու­թեա՛մբ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 7, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015