ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ գործող «Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատու Արեգնազ Աւագեան, օգնականը՝ Դաւիթ Խաչատրեան եւ աշխատութեանց նիւթապէս ու բարոյապէս սատարող Թալին Հորոզօղլու այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Հիւրերը Նորին Սրբազնութեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ սոյն դպրոցին նեցուկ կը կանգնի եւ կը բերէ իր օժանդակութիւնը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին իրենց տարեկան եկամուտին մասին եւ անդրադարձան իրենց կարիքներուն։ Յայտնի դարձաւ, թէ իրենց առաջին եւ կարեւոր կարիքն է ընդարձակ սենեակներու չգոյութիւնը՝ 172 աշակերտներուն հանգիստ ուսում ջամբելու համար։ Իսկ երկրորդ հարցը նիւթականի մասին է։ Բացի իրենց եկամուտէն, անոնք ունին պիւտճէի մեծ բաց մը։
Նորին Սրբազնութիւնը իր ստացած ընդարձակ տեղեկութիւններէն ետք խոստացաւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար ըլլալ՝ հարցերու լուծման համար։ Հիւրերը իրենց ուրախութիւնը, գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելով հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն։
Միւս կողմէ, Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի, այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ յառաջիկայ 18 Հոկտեմբերին պիտի կատարուի եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը։ Այս առթիւ պիտի մատուցուի հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ, որու աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին իրենց աշխատութեանց մասին։
Սրբազան Հայրը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։