ԶԱՐՈՒՀԻ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Հանգուցեալ գեղանկարիչ Սարգիս Մուրատեանի դուստրը՝ Զարուհի Մուրատեան, ընկերակցութեամբ «Փարոս» ամսաթերթի խմբագրապետուհի Մայտա Սարիսի այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ  Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։

Զարուհի Մուրատեան քաղաքս եկած է ու մասնակցեցած «Փարոս» ամսաթերթի չորրորդ տարեդարձին առթիւ բացուած ցուցահանդէսին։ Սարգիս Մուրատեանի ստեղծագործութիւններուն ցուցահանդէսը խորագրուած է «Անցեալէն դէպի ապագայ»։ Այցելուները ծանօթութիւններ տուին հանգուցեալ նկարչին եւ իր ստեղծագործումներուն մասին։ Իր աշխատութիւններու շարքին առանցքային բնոյթ ունի Կոմիտաս Վարդապետի նկարը, որ ցուցադրութեան մասնակից հասարակութեան եւս ուշադրութիւնը գրաւած է։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար։ Այցելուներուն ցոյց տուաւ Պատրիարքարանի նկարները եւ անոնց մասին փոխանցեց հակիրճ տեղեկութիւններ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2015