«ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՀՐԱՇԱԼԻՔԸ»
«Անկրկնելի հրաշալիքը» վերնագիրն է Տոց. Դոկտ. Վարդ Շիկահերի, դարձեալ իր բառերով «երեք օրհնեալ ձեռքեր՝ Սահակ Պարթեւ, Վռամշապուհ թագաւոր եւ Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած մեծ գործին ու շարժումին» մասին հետաքրքրական յօդուածին։
Ուրեմն, այս «մշակոյթի ամսուան» պատեհ կը նկատենք վերյիշել սոյն յօդուածը եւ ներկայացնել զայն անգամ մը եւս, մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն։
ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՀՐԱՇԱԼԻՔԸ
Քրիստոնէութեան մուտքը եւ տարածումը Հայ Աշխարհի, ակնկալուած արդիւնքը չէին տուած, մտաւոր եւ մասնաւորաբար հոգեկան ամբողջական յեղաշրջում մը կամ կերպարանափոխութիւն մը առաջացնելու, իրագործելու տեսակէտով։
Հեթանոսական հնամենի բարքեր, մեհենական հանգանակներ, արմատացած սովորութիւններ եւ առասպելներու հմայքներ՝ դեռ կը շարունակէին իրենց ազդեցութեան տակ պահել ժողովուրդի ստուար զանգուածներ։ Հայ ժողովուրդը իր հարազատ ներկայացուցիչներով, նաե՛ւ նախարարներով, մեծաւ մասամբ անհաղորդ կը մնար քրիստոնէական հաւատալիքներու ներզօր թելադրանքներուն եւ բարոյացուցիչ սկզբունքներուն։ Յունարէն եւ ասորերէն լեզուներով կը կատարուէին եկեղեցական պաշտամունքը, ժամասացութիւնները։ Ժողովուրդի բարբառով եկեղեցական գրականութիւն չկար ու շատ հեղ նոյնիսկ այլազգի էին հոգեւորականները։ Եկեղեցիներ կային ուրեմն հայերուն համար, բայց չկար Հայ Եկեղեցին, Հայ Ազգային Եկեղեցին։
Ե. դարու սկիզբն էինք, 403 թուականը։ Եռուզեռ կայ Վաղարշապատի մէջ, ժողովի նստած են Վռամշապուհ թագաւոր, Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց։ Նախասահմանումով կը կարծես՝ մօտիկ եկած են իրարու նաեւ եպիսկոպոսներ, վարդապետներ։ Մեսրոպեան շարժումին մեկնակէտն էր այս համագումարը։ Մեսրոպ Մաշտոց առանցքն էր, միջնաջիղն էր այս շարժումին, կեդրոնական ակօսը՝ ցեղի վերածնունդեան անդաստանին։ Երեք օրհնեալ ձեռքեր՝ Սահակ Պարթեւ, Վռամշապուհ եւ Մեսրոպ Մաշտոց իտէալ մը բարձրացուցեր են, ուխտադեր մտերմութեան մը մէջ։
Մուշի Տարօն գաւառի Հացեկաց գիւղէն էր Մեսրոպ, Վարդան անուն բարեպաշտ անձի մը զաւակը եւ աշակերտը՝ Մեծն Ներսէսի։ Գիտէր Յունաց, Պարսից եւ Ասորւոց լեզուները։ Արշակունեաց արքաներու մօտ դիւանադպրի պաշտօն վարեր էր, կէս մը քաղաքային, կէս մը զինուորական հանգամանքով, քանի որ հմո՛ւտ էր նաեւ զինուորական արհեստին։
Մեր նշանագրերու պատմութեան գլխաւոր աղբիւրը Կորիւն, առաջին կենսագիրը՝ հայ գրականութեան մէջ, Կորիւն Սքանչելին կամ Երանելին՝ կը պատմէ մեզի իր ուսուցչին, Առաջին Հայ Ուսուցչին կեանքը, «Պատմութիւն Վարուց Մաշտոցի Վարդապետի» երկին մէջ, ականատեսի վկայութիւններով։
«Ոչ եթէ ի հին համբաւոյ տեղեկացեալ, այլ որոց մեր իսկ ականատես եղեալ կերպարանացն եւ առընթերակաց հոգեւոր գործոցն եւ լսող շնորհապատում վարդապետութեանն եւ նոցին՝ (այսինքն՝ Ս. Սահակայ եւ Ս. Մեսրոպայ) արբանեակք ըստ աւետարանական հրամանցն»։
Մեսրոպ Մաշտոց սկիզբէն ի վեր հոգեւոր սիրով վառուած էր, կը թողուր արքունիքն ու աշխարհիկ կեանքը, եկեղեցական կարգ կը զգենուր վանքի մը մէջ, երեսուն տարեկանին Ս. Սահակի ձեռամբ։ Նա ուսումնասիրեր էր Ս. Գիրքը, բայց շուտով կը թողուր նաեւ վանքի միօրինակ կեանքը, նախընտրելով անապատի եւ քարանձաւերու խստավար կենցաղը, հոգեւոր կրթութեամբ աւելի լաւ մարզելու համար իր անձը։ Ապա դուրս կու գար աշակերտներու ընկերակցութեամբ, քաղաքներ, աւաններ ու գիւղեր պտըտելու, մտքի եւ հոգիի լուսաւորութեան գեղեցկութիւնները քարոզելու, ջնջելու նաեւ հեթանոսութեան եւ աւելորդապաշտութեան վերջին մնացորդները։
Իր այս առաքելութիւններուն մէջ, սիրտը կը լեցուէր վշտով, երբ կը տեսնէր թէ՝ «Հին Աստուածներ»ը կը տիրապետեն տակաւին, մեհեաններու ներգործութիւնը կը շարունակուի հոգիներու մէջ, երբ կը տեսնէր մանաւանդ ժողովրդի տգիտութիւնը, հայ մանուկներու տառապանքը՝ օտարութեան մէջ, ասորերէն կամ յունարէն սորվելու, Ս. Եկեղեցւոյ ապարդիւն ջանքերը եւ Ս. Գրքի ընթերցումներուն կամ թարգմանութիւններուն անօգուտ մնալը։ Կը կրկնէր իր հոգիի խորէն.
«Տրտում եմ, սրտիս ցաւը անպակա՜ս է եղբայրներուս եւ ազգակիցներուս համար», «Տրտմութի՜ւն է ինձ եւ անպակաս ցաւք սրտի իմոյ, վասն եղբարց իմոց եւ ազգակցաց»։
Կամ տակաւին ահաւասիկ հեծեծանքը իր հոգւոյն.
«Ծով կենցաղոյս հանապազ զիս ալեկոծէ, Նաւապետ բարի ինձ օգնեա, գործք որք պատրանաց զիս կորուսանեն, այլ դու Նաւապետ բարի, շնորհեա ինձ Նաւահանգիստ»։
Ժողովուրդին պէտք է խօսէր ի՛ր ձայնով, ի՛ր հնչիւններով, իր լեզուով, ի՛ր սեփական գիրերով։
Ե. դարու սկիզբը, հայոց ծանօթ էին յունական, ասորական, պարսկական տառերը։ Անոնք մեր լեզուի հնչիւններուն ճշգրիտ արձագանգ չէին կրնար տալ։ Անծանօթ կը մնար դարը, ժողովուրդը ինքզինք չէր ճանչնար։
Այբուբենը, ազգային գիրը կը յստակէ, կը բիւրեղացնէ լեզուն, զայն կը պահպանէ անհարազատ, թիւր ու մոլար այլափոխումներէ։
Մեսրոպ յօրինեց մեր լեզուի հնչիւնները անպակաս արտայայտող այբուբեն, մեր ազգային այբուբենը։ Փրկարար բանալին էր ան, ոսկեղէն բանալին՝ որով կը բացուէին լուսեղէն շաւիղները մեր ինքնուրոյն եւ թարգմանական գրականութիւններուն եւ հայաբարբառ եկեղեցական պաշտամունքի։ Ահա կը շողային ջինջ ու յստակ. Աստուածապարգեւ նշանագրերն հայոց, Մեսրոպեան երկաթագիրերը։
Ամենէն առաջ կը մշակուի եկեղեցական հայերէն լեզուն։
Շուտով կ՚ընդունուի ան Արեւմտեան եւ Արեւելեան մասնաբաժիններու համայնքներէն։ Լեզուն կը հանդիսանայ միջո՛ց միասնակութեան, երկփեղուած տարածքներու վրայ։ Այսպէս՝ ազգային գիրով հայ լեզուն կ՚ըլլայ առանցք՝ ցանկալի ամբողջականութեան, համագոյութեան։
Պետական իշխանութիւնները պիտի թօթափէին յոյն, պարսիկ եւ ասորի ազդեցութիւնները, ջանալով իրենց կարգին՝ որ հեռանա՜ն ուծացման, օտարացման ու ձուլումի վտանգները, պիտի բազմապատկէին թիւը՝ ազգային կըր-թարաններուն, որպէս զի ի՛ր սեփական գիրերով, ի՛ր լեզուով ուսում ջամբուի ժողովուրդի զաւակներուն։
Հայ մանուկներ գտեր էին լո՜յս եւ խնդո՜ւմ։ Անոնք այլեւս պիտի չթափառէին տարաշխարհի մէջ։ «Ամենայն անձն որպէս ի խաւարէ յասորի տանջանացան վերծեալք, ի լոյս խնդային», կը վկայէ Ղազար Փարպեցին։
Կ՚արթննար ազգի գիտակցութիւնը, կը պահպանուէր արժանապատուութիւնը։
Ահա՝ Մեսրոպեան-Սահակեան դարաշրջանը, անկրկնե՜լի հրաշալիքը։
Հայախօս կ՚ըլլան տաճարները։ Կը լիանան քաղցրանոր բառ ու բանով։ Կ՚իջնէ հայադրոշմ, բարեշունչ հնչիւններով շունչն Աստուծոյ՝ Աստուածաշունչը։
Կը սրբանան խորշ ու գաւիթ։ Կը լիանան ե՛ւ հոգիներու տաճարները՝ ներաշխարհները, հոգեղէն երգ ու գանձով, կը լիանան անպատմելի երանութեամբ։
Կրօնք, ազգ, լեզու եւ մատենագրութիւն կը գտնեն իրենց ճշմարիտ էութիւնը։ Կը ջնջուին հեթանոսաց շրջանի մնացորդացը։ Կը սրբագործուի ազգապահպանման նուիրական իրաւունքը։
Տոց. Դոկտ. Վարդ Շիկահեր (2006)
Ուրեմն շնորհաւոր ըլլայ Գիրերու Գիւտը եւ Թարգմանչաց տօնը՝ բոլոր անոնց, որ կ՚անդրադառնան իրենց սեփական արժէքներուն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 10, 2015, Իսթանպուլ