Սուրեշին «Ելքի Ճամբան»…
Սուրեշը կու գայ Հնդկաստանէն: Ան քսաներկու տարեկան երիտասարդ մըն է: Հազիւ կրցած է յաճախել դպրոց, ստանալ քիչ մը ուսում եւ սորվիլ իր մայրենի լեզուն՝ գրել եւ կարդալ: Սուրեշը, բոլորին նման, ինքն ալ ունի կեանքի մէջ բաղձալի եւ իրագործելի երազներ… Անցեալ Փետրուարին ամուսնացած է եւ սկսած է կազմել տուն եւ ընտանիք: Բայց կեանքի պայքարը եւ անոր համար մղուող ամէն ջանք՝ ապահովելու համար ապրուստ, ստիպած են իրեն ձգել իր գիւղն ու ընտանիքը եւ հասնիլ Տուպայի… Եթէ Սուրեշին ըսած են, թէ պիտի երթայ «կաթ» ու «մեղր» բխող երկիրը, եւ ուր ան պիտի ապահովէր իր եւ ընտանիքին ապագան, բայց չէին իմացուցած, թէ ինչե՛ր պիտի սպասէին իրեն այդ սփիւռքեան կեանքին մէջ իր «պայքար»ը կերտելու իրականութիւնները…
Սուրեշը մէկն է այն աւելի քան երեք միլիոն բանուորներէն, որոնք կու գան ասիական եւ ափրիկեան ցամաքամասերէն՝ աշխատելու եւ զարգացնելու համար Տուպային եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները: Եթէ բանուորները կը կազմեն չերեւցող հիմքը այս երկրի ճարտարարուեստին ու անոր զարգացման, բայց նոյնքան նաեւ անոնք բաժնեկից չեն նոյն այս ճարտարարուեստին հասութաբեր եկամուտներուն…
Սուրեշը կ՚ապրի պզտիկ սենեակի, իմա՛ խցիկի մը մէջ, իրեն նման հինգ այլ բանուորներու հետ… Այս խցիկները մեծ տարածքաշրջանի մը մէջ քով-քովի իրարու կպած շինութիւններ են՝ քաղաքէն անջատուած, եւ որոնք կը կոչուին բանուորական ճամբարներ: Եւ շատ է թիւը այս ճամբարներուն՝ երկրին ամբողջ տարածքին: Ճամբարը ունի իր պահակները. ողջունելով զիրենք՝ ներս մտայ այս մէկ ճամբարին մեծ դռնէն: Երկար շարքի վրայ քով-քովի շինուած սենեակներուն շատ արագ եւ հպանցիկ նայուածք մը նետելէ ետք, Սուրե-շը եւ իր սենեկակիցները «հիւրընկալեցին» զիս իրենց անկիւնը…
Այս պզտիկ անկիւնին մէջ կ՚ապրին այս վեց երիտասարդները, հեռու՝ իրենց ընտանիքներէն եւ հարազատներէն: Լուացարան, բաղնիք թէ խոհանոց՝ բոլորն ալ սենեակէն դուրս են: Եւ միայն մէկ կարելիութիւն կայ այդ հարիւրաւոր բանուորներուն համար: Եթէ կը վիճին, թէ կը վիճաբանին, բայց նոյնքան նաեւ կը բաժնեն իրենց ցաւերը եւ ապրուած փորձառութիւնները, եւ այս բոլորը՝ այդ փոքր անկիւնին մէջ: Պարտաւոր են արթննալու առաւօտ կանուխ, որպէսզի ճամբարէն ուղղուին իրենց աշխատանքային վայրերը եւ գիշերը վերադառնան նոյն տեղը: Եւ ասիկա կրկնուող իրականութիւն մըն է շաբթուան վեց օրերուն վրայ երկարող՝ վերածելով անոնց կեանքերը նոյնանման եւ նոյնատեսակ ապրուած օրերու՝ առանց փոփոխութեան եւ կամ այլ հմայքի…
Սուրեշին եւ իր բարեկամներուն աշխատավարձը հազիւ կը հասնի 250 ամերիկեան տոլարի: Եւ այս՝ ամսական դրութեամբ եւ շատ մը անգամներ ուշացումով ու տակաւին քաշքշուքներով… Ու ասոնց վրայ տակաւին՝ չհաշուուած այլ զրկանքներ: Եւ եթէ այս (չ)վաստկած եկամուտով պիտի ապրին Տուպայիի մէջ, բայց նաեւ անոր մէկ մասը պիտի ղրկեն տուն, իրենց ընտանիքներուն, բարւոք ապագայ մը կերտելու իրենց տեսլականով:
Սուրեշը ինծի հետ բաժնեց իր միակ ունեցածը… իր անկողինը: Եւ անոր վրայ նստած՝ սկսայ դիտել այս տղաքը: Գործէն նոր վերադարձած էին եւ կը պատրաստէին իրենց ընթրիքը. իսկ ընթրիքը օրական դրութեամբ բրինձն է… եւ՝ ամիսը մէկ անգամ միայն միս ճաշակելու հնարաւորութիւնը: Կերակուրը կը պատրաստէին միասին, մեծ քանակով ու կը զետեղէին զայն փոքր տոպրակներու մէջ՝ իւրաքանչիւրին համար երկու տոպրակ: Եւ ասիկա իրենց յաջորդ օրուան նախաճաշի եւ ապա ճաշի պատրաստութիւնն էր:
Կը նայէի իւրաքանչիւր բանուորի աչքերուն: Հոն կար կարօտ եւ նոյնքան յուզում: Եթէ կարօտը տան եւ ընտանիքին էր, բայց նաեւ նոյնքան յուզումը՝ իրենց ապրած այդ կեանքի պայմաններուն համար: Եթէ ապրեցայ այդ .պայմաններըե իրենց հետ, բայց նաեւ կրցայ տեսնել իրենց հանդարտութիւնը եւ գոհունակութիւնը այդ բոլորին մէջէն: Աչքերս գետին սեւեռած էի, երբ տեսայ միջատները, որոնք սկսան միանալ մեր խումբին: Սուրեշ զգաց, թէ անհանգստացած եմ: Պզտիկ ժպիտ մը գծուեցաւ դէմքին վրայ եւ իր հանդարտ ու գոհունակ վիճակին մէջէն ըսաւ. .Մեր բարեկամներն են եւ մեզի հետ կ՛ապրինե:
Եւ իւրաքանչիւրը սկսաւ բանալ իր կեանքին .տոպրակըե: Այդ .տոպրակներունե մէջ անոնք դրած էին իրենց երկրին ու տան մէջ ապրուած կեանքերը, որոնց մէջ կան շատ փորձառութիւններ, լեցուն՝ դժբախտութիւններով եւ նաեւ զրկանքներով: Բայց ստիպուած էին շալկել այդ բոլորը, որովհետեւ մտած էին իրենց կեանքի պայքարին մէջ եւ պէտք էր, որ մաքառէին այդ բոլորին դէմ: Այս բոլորը անոնք իրենց հետ բերած էին մինչեւ Տուպայ՝ գէթ այն համոզմունքով, որ պիտի կարենային թեթեւցնել այդ .բեռըե: Բայց այդ բեռը թեթեւցնելու գործընթացը իրենց սորվեցուցած էր նոր փորձառութիւններ…
.Մենք հոս մինակ ենք,- Սուրեշն է խօսողը:- Այս ճամբարէն դուրս մէկը չկայ, որ մեզի հոգ տանի: Եւ քանի որ տունէն հեռու ենք եւ մէկը չունինք այս քաղաքին մէջ, իրարու հետ եւ իրարմով կ՛ապրինքե:
Տուպայի մէջ չկայ բանուորներու համադաշնակցութիւն, որ պարտի տէր կանգնիլ բանուորներու իրաւունքներուն: Եւ անոնք իրենց սփիւռքեան աշխատանքային կեանքի .պայմաններունե պէտք էր տոկային… մինակ: Եթէ կը տեսնէի բանուորներուն .մինակութիւնըե, բայց այդ օր, այդ պզտիկ սենեակին մէջ, իրենց մինակ աշխարհին մէջ տեսայ նաեւ իրենց մինակութենէն դուրս գալու իրենց .ելքի ճամբանե…
Եւ .ելքի ճամբանե իրենց միասնականութիւնն էր…
Անոնք հեռու են իրենց հարազատներէն եւ տուներէն: Սփիւռքեան իրենց դժուար այս պայմաններուն մէջ եթէ անզօր եւ գրեթէ անօգնական են, բայց գտած են իրենց .ելքի ճամբանե, որուն մէջէն կը քալեն… եւ կը քալեն իրարու հետ եւ իրարմով, նոյնիսկ երբ այդ ճամբան շատ նեղ է: Այդ պզտիկ խուցերուն մէջ անոնք իրենց սփիւռքեան կեանքերը կ՛ապրին իրարու հետ եւ զիրար քաջալերելով:
Նորէն նայեցայ Սուրեշին: Աչքերուն մէջէն դարձեալ փորձեցի վեր հանել անոր կարօտը եւ յուզումը: Եթէ այդ կարօտը եւ յուզումը ան .ճզմածե էր, բայց նաեւ իր մէջ կրցած էր ստեղծել ներքին ուժ մը, որ իրեն համար եղած էր իր .ելքի ճամբանե, եւ որ իրեն տուած էր գոհունակ եւ հանդարտ դէմք մը: Այդ հոգիով ան կը քալէր իր բարեկամներուն հետ՝ իր ապրուստի պայքարին համար… Տունէն եւ հարազատներէն հեռու…
Սուրեշին եւ իր ընկերներուն նայելով՝ տեսայ իմ՝ հայուն իրավիճակը… սփիւռքեան հայկական իրականութիւնները: Մենք ալ կ՛ապրինք սփիւռքեան գաղութներու՝ իմա՛՝ .ճամբարներուե մէջ, եւ հեռու՝ հողէն եւ տունէն: Կ՛ապրինք հողին եւ տան կարօտով… յիշելով եւ պահանջելով: Եւ չեմ գիտեր հոն՝ .ճամբարէն դուրսե ո՞վ է հայուն իրաւունքներուն պահապանը:
Բայց կայ տակաւին հայուն կեանքը, եւ .ճամբարէն ներսե:
Եթէ պիտի տեսնենք, թէ մինակ ենք եւ մեր կեանքի պարունակին մէջ շալկած ենք շատ .ծանրութիւնե, բայց նաեւ պիտի անդրադառնանք, թէ անհրաժեշտ է որոնել մեր .ելքի ճամբանե… Եւ .ելքի ճամբանե իրարու հետ եւ միասին ըլլալու գիտակցութեան մէջ է… Թէ՝ հայը կրնայ տարբերիլ մէկը միւսէն, եւ կամ կրնայ վիճիլ ու դեռ տարակարծիք ըլլալ: Բայց այդ բոլորէն վեր, հայը պիտի կարենայ ստեղծել ներքին այդ ուժը՝ նոյնինքն իր .ճամբարէն ներսե… եւ այդ ուժով պէտք է գծէ իր .ելքի ճամբանե՝ նեղ ըլլայ, թէ պզտիկ. դժուար, թէ խնդրայարոյց: Եւ հայը պարտի քալել այդ .ելքի ճամբայէնե միասին եւ իրարու հետ…
Սուրեշին .ելքի ճամբանե… Բայց նաեւ՝ իմը եւ իւրաքանչիւր հայունը…
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ