ՕՐԹԱԳԻՒՂԷՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ

Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ժրա­ջան ան­դամ­նե­րէն Մել­քոն Սա­հա­կօղ­լու հրա­ժա­րե­ցաւ իր պաշ­տօ­նէն։ Այս հրա­ժա­րա­կա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը այս ա­ռա­ւօտ հրա­պա­րա­կեց պաշ­տօ­նա­կան զե­կոյց մը, ո­րու թրքե­րէն բնա­գի­րը վա­ղը լոյս պի­տի տես­նէ մեր մա­մու­լին մէջ։

Մեր ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, Մել­քոն Սա­հա­կօղ­լու շուրջ ա­միս մը ա­ռաջ հրա­ժա­րած է իր պաշ­տօ­նէն, թա­ղա­յին խոր­հուր­դի միւս ան­դամ­նե­րուն հետ ապ­րած կարգ մը տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով։

Սոյն հրա­ժա­րա­կա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ այս ա­ռա­ւօտ շօ­շա­փե­ցինք Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­քէն­տէր Շա­հին­կէօ­զի կար­ծի­քը։ Ան յայտ­նեց, թէ ո­րե­ւէ լա­րուա­ծու­թիւն չէ ապ­րուած, ա­մէն մարդ ա­զատ է իր ո­րո­շում­նե­րը առ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ եւ ի­րենք չեն փա­փա­քիր մի­ջամ­տու­թիւն­ներ ը­նել։ Ըստ ի­րեն, ինչ­պէս պաշ­տօ­նի գլուխ գա­լու հա­մար, այն­պէս ալ այդ պաշ­տօ­նը լքե­լու ժա­մա­նակ մար­դիկ ո­րո­շում­ներ կ՚առ­նեն ի­րենց յօ­ժար կամ­քով։ Այս­պէս ե­ղած է նաեւ Մել­քոն Սա­հա­կօղ­լուի պա­րա­գան եւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը հաս­տա­տած է իր հրա­ժա­րա­կա­նը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2015