ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳՈՐԾԱՐՔ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեան յայ­տա­րա­րեց, որ եր­բեմ­նի Ներ­սէ­սեան-Եր­մո­նեան վար­ժա­րա­նի շէն­քի պա­րա­գա­յին վար­ձա­կալ­ման պայ­մա­նա­գիր մը կնքած են Սկիւ­տա­րի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հետ։ Հարկ է նշել, որ Սկիւ­տա­րի եր­բեմ­նի Ներ­սէ­սեան-Եր­մո­նեան վար­ժա­րա­նի շէն­քին սե­փա­կա­նու­թիւ­նը կը պատ­կա­նէր Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին, իսկ թա­ղի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը տնօ­րի­նէր դպրո­ցը։ Այդ վար­ժա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան գետ­նի վրայ ալ վերջ­նա­կա­նօ­րէն փակ­ման զու­գա­հեռ շէն­քի տնօ­րի­նու­մը ան­ցած էր Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին՝ սե­փա­կա­նա­տի­րոջ հան­գա­ման­քով։

Ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեան մե­զի յայտ­նեց, թէ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը վեր­ջին շրջա­նին բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք ծա­ւա­լած է այդ պատ­մա­կան շէն­քի նպա­տա­կաս­լաց եւ ար­դիւ­նա­ւէտ ար­ժե­ւոր­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Ձեռն­տու պայ­ման­նե­րով վար­ձա­կա­լու­թեան պայ­մա­նա­գիր մը կնքե­լու նպա­տա­կով շփում­ներ մշա­կուած են հա­ւա­նա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րու հետ։ Ըստ էու­թեան շուրջ հինգ վար­ձա­կա­լի թեկ­նա­ծու­ներ շփման մէջ ան­ցած են Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին հետ՝ ա­ռա­ջար­կե­լով 10-30 հա­զար լի­րա­յի սահմ­նա­նե­րուն մի­ջեւ վար­ձա­կա­լա­կան ամ­սավ­ճար­ներ։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ման­րակր­կիտ ու­սում­նա­սի­րու­թեան են­թար­կած է այդ բո­լո­րը։ Ներ­կա­յա­ցուած ա­ռա­ջարկ­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ խորհր­դակ­ցու­թիւն կա­տա­րուած է նաեւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն եւ շարք մը յա­ռա­ջա­տար գոր­ծիչ­նե­րու հետ։ Այդ բո­լո­րին լոյ­սին տակ նիւ­թը ծե­ծուած է նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին հետ եւ ի վեր­ջոյ գոր­ծար­քը վերջ­նա­կա­նօ­րէն հա­սուն­ցած է Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեա­նի հա­ւա­նու­թեամբ։

Ե­դուարդ Այ­վա­զեան մե­զի յայտ­նեց, թէ 25 հա­զար թրքա­կան լի­րա ամ­սա­կա­նով ո­րո­շած են շէն­քը վար­ձու տալ Սկիւ­տա­րի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին։ Կնքուած պայ­մա­նագ­րին հի­ման վրայ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ նաեւ շէն­քին վե­րա­նո­րո­գու­թիւ­նը։ Ներ­սէ­սեան-Եր­մո­նեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի օգ­տա­գոր­ծուի որ­պէս ա­շա­կեր­տա­կան հան­րա­կա­ցա­րան։ Ե­րեք տա­րուան վար­ձա­կա­լու­թեան պայ­մա­նա­գիր մը կնքուած է քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին հետ։ Ա­ռա­ջին տարուան ա­ւար­տին 25 հա­զար լի­րա վար­ձավ­ճա­րը ար­դէն պի­տի բարձ­րա­ցուի։ Ներ­կա­յիս ար­դէն քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ա­ռա­ջին ամ­սուան վարձ­քը փո­խան­ցած է Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի դրա­մա­տան հաշ­ւոյն։

Ա­տե­նա­պետ Այ­վա­զեա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, 25 հա­զար լի­րա­նոց ամ­սավ­ճար­նե­րուն 5 հա­զա­րը Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ ա­մէն ա­միս պի­տի փո­խան­ցուի Գալ­ֆեան Տան եւ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քին։ Ան ը­սաւ, որ այս եր­կու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն խնա­մա­կա­լու­թիւն­նե­րը ող­ջու­նած են այս կար­գադ­րու­թիւ­նը։ Մնա­ցեալ 20 հա­զար լի­րան ալ պի­տի ար­ժե­ւո­րուի դար­ձեալ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լուած մը վե­րա­նո­րո­գե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ, Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ու­նի Սկիւ­տա­րի Ֆըս­տը­քա­ղա­ճը թա­ղա­մա­սին մէջ շէն­քի մը սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը։ Այդ շէն­քը ներ­կա­յիս կը կա­րօ­տի ի հի­մա­նէ վե­րա­նո­րո­գու­թեան, ինչ որ կ՚են­թադ­րէ մե­ծա­ծախս ծրա­գիր մը։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին նախ­կին վար­ժա­րա­նի շէն­քի ամ­սավ­ճար­նե­րը պի­տի յատ­կա­ցուին այդ շէն­քի վե­րա­նո­րո­գու­թեան։ Բնա­կա­նա­բար, այդ շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տան­քի ա­ւար­տին Գուզ­կուն­ճու­քի պա­րա­գա­յին հա­սու­թա­բեր նոր վար­ձա­կա­լու­թեան գոր­ծարք մը կնքե­լու հե­ռան­կա­րը պի­տի ու­րուագ­ծուի, սա­կայն մինչ այդ Ե­դուարդ Այ­վա­զեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած թա­ղա­յին խոր­հուր­դը պի­տի զբա­ղի այդ շէն­քի վե­րա­նո­րո­գու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նե­լու գոր­ծով։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2015