ԳՈՒՄԳԱՓՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ - Բ -
Գումգափուի եկեղեցիներէն էր Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցին՝ որ կը գտնուէր Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ձախակողմը. «Մերձ ի բաղանիս անդ որ կոչի Չինիլի Համամ»։ Ժամանակակից Ամիրտովլաթ, որ Ամասիացի նշանաւոր բժիշկ մըն էր 15-րդ դարուն, թողած է երկու թանկագին յիշատակարաններ, որ կը յիշուի Երեմիա Չէլէպիի Ստամպոլայ Պատմութեան մէջ՝ Տքթ. Վ. Յ. Թորգոմեանի ուսումնասիրութեան 279-րդ էջին վրայ։
Յիշուած երկու յիշատակարաններէն մին կը գտնուի՝ Թրքերէն լեզուէ Հայերէն լեզուի 1474-ին թարգմանուած «Գիրք Ռամկակա-ն»ին մէջ։ Իսկ միւսը՝ 1478-ին թարգմանուած «Անգիտաց Անպէտին» բժշկարանին մէջ։
Առաջին յիշատակարանին մէջ կ՚ըսուի. «Ի Կաթողիկոսութեան Տր. Սարգիսին եւ ի Հայրապետութեան Տր. Յովակեմայ արհիեպիսկոպոսին ի մայրաքաղաքն ի Կոստանդնուպոլիս. ընդ հովանեաւ Սրբոյն Նիկողայոսի Սքանչելագործի եւ ի թուականութեան Հայոց ՋԻԳ ամին (923+551=1474), եւայլն…» իսկ երկրորդին մէջ՝ «Ի Թագաւորութեան Սուլթան Մուհամմէտ Խանին եւ Կաթողիկոսութեան Էջմիածնին Տր. Սարգիսին եւ ի Հայրապետութեան ի մայրաքաղաքն ի Կոստանդնուպոլիս Տր. Նիկաւղայոսի եւ ի թուին Հայոց ՋԻԷ 1478 առ դրանն Սրբոյն Նիկողայոսի Սքանչելագործ Հայրապետին, եւայլն…»։
Ասոնք ցայտուն ապացոյցներ են որ Հայոց Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցին կը գտնուէր Գումգափու եւ պէտք չէ՛ շփոթել Էտիրնէգափուի Սուրբ Նիկողայոսին հետ, քանի որ նշանաւոր Բիւզանդագէտ Տքթ. Պասպանի 1877 թուականին հրատարակած ուսումնասիրութենէն ալ կը հասկցուի, թէ Գումգափուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին հի՛ն է Էտիրնէգափուինէն, ինչպէս կը յիշէ Երեմիա Չէլէպին, իր «Ստանպօլայ Պատմութիւն» գործին մէջ. (էջ 281)։
Ամիրտովլաթ իր Յիշատակարաններուն մէջ ալ կը յիշէ «Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի» մը։
Գումգափուի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցիին մէջ հաստատուած է առաջին տպարանը՝ Աբգար Դպիրի կողմէ եւ պատմագիր Մաղաքիա Չէլէպի Ճէվահիրճեան կը յիշէ, որ այդ տպարանէն հրատարակուած են վեց գիրքեր՝ որոնց երկուքին յիշատակութիւնը յայտնի է. մէկը 1567-ին տպուած «Փոքր Քերականութիւն»ին մէջ, իսկ միւսը՝ 1568-ին տպուած «Տօնացոյց»ին մէջ։ Ասոնցմէ զատ տպուած են նաեւ «Ժամագիրք», «Պատարագամատոյց» եւ «Պարզատումար»։
Այս Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցիին մէջ վախճանած է Սսոյ Թորոս Բ. Կաթողիկոսը, որ աթոռապատկան գործերու համար իր կաթողիկոսութեան երկրորդ տարին Պոլիս եկած է եւ հաստատուած՝ այս եկեղեցին։ Թորոս Կաթողիկոս, Պատրիարքարանի շուրջ տեղի ունեցած ազգային գործերու բարւոք կարգադրութեան մասին ալ իր ազդեցութիւնը ունեցած է։ Հանգուցեալ Կաթողիկոսին յուղարկաւորութիւնը շատ փառաւոր եղած է ու թաղուած՝ Պալըգլըի Ազգային Գերեզմանատունը։
Թորոս Կաթողիկոսի վախճանումը կը պատահի 29 Ապրիլ 1657, Չորեքշաբթի օրը, որուն օծման եւ յուղարկաւորութեան նկարագրութիւնը գրուած է Երեմիա Չէլէպիի կողմէ եւ Աստղիկ Արեւելեան օրագրին մէջ։ (Աստղիկ Արեւելեան, Օրագիր, Կ.Պոլիս, Ա տարի, 1 Մայիս 1875, էջ 75-78, եւ Տքթ. Վ. Յ. Թորգոմեանի Երեմիա Չէլէպիի ծանօթագրութիւնները)։
Վերոյիշեալ երկու եկեղեցիները, որոնք այժմ գոյութիւն չունին եւ որոշ տեղերն ալ անյայտ է, ասոնցմէ Ս. Սարգիսը, 1652-ին հրդեհի մը պատճառով, առաստաղը վնաս-ւած է եւ վերանորոգուած է։ Իսկ 14 Յուլիս 1660-ին սոսկալի հրդեհ մը եւս մոխրակոյտի վերածած է Սուրբ Սարգիս եւ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցիները։ Այս հրդեհը երեք օր տեւած, 30.000 տուն եւ 3000 անձ այրած են…։
- Մեծ մասամբ օգտուեցանք՝ Յակոբ Վարժապետեանի «Հարիւրամեայ Յոբելեան», 1928-էն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 15, 2015, Իսթանպուլ