6-7 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ԴԷՊՔԵՐՈՒ 60-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ ԶՐՈՅՑ՝ ՍԵՐՏԱՐ ՔՈՐՈՒՃՈՒԻ ՀԵՏ

Բան­կալ­թըի «Նոս­տալ­ժի» գրա­խա­նութ-մշա­կոյ­թի տան եւ «Պիր­զա­ման­լար» գե­ղա­րուես­տաս­րա­հին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ 6-7 Սեպ­տեմ­բեր 1955 թուա­կա­նի դէպ­քե­րու 60-րդ տա­րե­լի­ցին ձօ­նուած հա­ւա­քոյթ մը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջերս 6-7 Սեպ­տեմ­բե­րի դէպ­քե­րու տա­րե­լի­ցին առ­թիւ լոյս տե­սաւ Սեր­տար Քո­րու­ճուի հե­ղի­նա­կու­թեամբ յատ­կան­շա­կան գիրք մը։ Ֆե­նէ­րի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նի այդ շրջա­նի լու­սան­կա­րիչ Տի­միթ­րիոս Քա­լու­մե­նո­սի ոսպ­նեա­կէն 6-7 Սեպ­տեմ­բե­րի դէպ­քե­րը կը ներ­կա­յա­ցուին այս գրքին մէջ։ Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նի այժ­մու լու­սան­կա­րիչ Նի­քո­լաուս Ման­կի­նասն ալ իր նպաս­տը բե­րած է այս ծրագ­րին։ Քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ լոյս տե­սած եւ հան­րու­թեան ներ­կայ­ացուած այս գրքին երկ­րորդ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը կա­տա­րուած է ար­դէն։

Շա­բաթ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցած ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ «Պիր­զա­ման­լար» գե­ղա­րուես­տաս­րա­հի եւ հա­մա­նուն հրա­տա­րակ­չա­տան տնօ­րէն Օս­ման Քէօ­քէր։ Ա­ւե­լի վերջ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Սեր­տար Քո­րու­ճու, որ ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ «Իս­թոս» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ լոյս ըն­ծա­յուած գոր­ծին ա­ռըն­չու­թեամբ։ Ան պա­տաս­խա­նեց նաեւ ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։

Հա­ւա­քոյ­թի եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին Սեր­տար Քո­րու­ճու մա­կագ­րեց գիր­քե­րը՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ա­նոնք ար­դէն կը վա­ճա­ռուին նաեւ այդ նոյն մթնո­լոր­տին մէջ։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2015