ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԶԱՆԱԶԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՎ ՀԱՂՈՐԴ ԴԱՐՁԱՒ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Այս տարի եւս Գատըգիւղի ընտանիքը առիթն ունեցաւ մէկտեղուելու Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնակատարութեան խորհուրդին շուրջ։ Թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ կատարուած հանդիսութիւններով՝ թէ՛ կրտսեր եւ թէ երէց սերունդի անդամներ հաղորդ դարձան Մշակոյթի շաբթուան փոխանցած պատգամին։
«ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԱՉՔՈՎ Ս. ԳԻՐՔԸ»
Մշակոյթի շաբթուան առթիւ բացումը կատարուեցաւ «Մանուկներու աչքով Ս. Գիրքը» խորագրեալ ցուցահանդէսին։ Բացման հանդիսութեան ներկայ եղան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, աշակերտներ, ծնողներ եւ Տիկնանց կազմի անդամներ։
Փոքր չափանիշով կատարուած այս աշխատութեան մէջ այցելուներ առիթն ունեցան մանուկներու աչքով տեսնելու՝ Ս. Գիրքէն դրուագներ, նկարներ, խաչեր, ձեռագործ աշխատութիւններ։ Արամեան-Ունճեան վարժարանի սաներ իրենց վարժարանի գծագրութեան ուսուցչուհի Սումրու Էքշիօղլուի հսկողութեամբ ստեղծագործած էին նկարներ, որոնք կը ցոլացնէին Ս. Աւետարանէն դրուագներ։ Սիրողական ոգիով կատարուած այս աշխատութիւնները այնքան յաջող էին, որքան արհեստավարժ գծագրիչներու գործերը։
Բացման հանդսիութիւնը սկսաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքով։ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան ողջունեց մասնակիցներու ներկայութիւնը։ Անդրադարձաւ Թարգմանչաց շարժումի կարեւորութեան եւ բացատրութիւն տուաւ ցուցահանդէսի պատրաստութեան մասին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած էին։ Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց Թալին Պէրպէրօղլու։ Ան յիշեցուց, թէ շրջանարտ եւ ներկայ աշակերտներու գործերը կը ցուցադրուին։ Յանուն վարժարանին՝ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ եւ ցուցահանդէսի պատրաստութեան օժանդակողներուն։ Հուսկ՝ խօսք առաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ անդրադարձաւ ցուցահանդէսի նպատակին եւ արդիւնքին։ «Որքա՜ն գեղեցիկ է Ս. Թարգմանիչներու ոգին տեսնել մեր մանուկներուն մէջ։ Որովհետեւ նիւթի մը մասին աշխատելու համար առաջնահերթօրէն պէտք է տեղեկութիւն եւ գիտութիւն։ Մանուկներ, մանաւանդ գծագրիչներ, ցոյց տուին, թէ որքան լաւ հասկցած են իրենց տրուած նիւթը։ Առանց հասկնալու կարելի չէ արտադրել նման աշխատութիւններ։ «Հասկնալու ջանալ, սորվիլ եւ արժեւորել» կը նշանակէ մանուկներու աչքով Ս. Գիրքը տեսնելը», ըսաւ ան։
Արտայայտութիւններու աւարտին, գծագրիչ աշակերտներուն նուիրուեցան եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիներուն կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները։ Գնահատուեցաւ նաեւ նուիրեալ աշխատանքը գծագրութեան ուսուցչուհի Սումրու Էքշիօղլուի, որուն յանուն աշակերտութեան նուիրուեցաւ ծաղկեփունջ մը։
ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ
Միւս կողմէ, ընդառաջելով Արամեան-Ունճեան վարժարանի հրաւէրին, Գալֆայեան Տան խումբ մը սաներ իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ այցելեցին Ս. Թագաւոր եկեղեցի։ Անոնք եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասուն կողմէ բացատրութիւններ ստացան նկարներու մասին։ Գալֆաեանցիները հիւրընկալուեցան եկեղեցւոյ Տիկնանց կազմի անդամուհիներուն կողմէ ու մեկնեցան գոհ տպաւորութեամբ։
ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Արամեան-Ունճեան Վարժարանի մէջ Թարգմանչաց ՏօնիՆ առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որմէ յետոյ դպրոցի սրահին մէջ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, եկեղեցւոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան սիրոյ սեղանին շուրջ հիւրասիրեցին տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի գլխաւորութեամբ՝ վարժարանի կրթական մշակները։ Ներկայ էին Արման Պիւքիւճեան, Սարվէն Սէրթշիմշէք եւ եկեղեցւոյ Տիկնանց կազմի անդամուհիները։ Քարոզիչ Հայր Սուրբը ողջոյնի խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը կը նշուի նաեւ որպէս «Հայ ուսուցիչներու տօն»։ Այս ուղղութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը փափաքած էր համախմբուիլ ուսուցչաց կազմի անդամներուն հետ եւ շնորհաւորել զանոնք, իրենց եւս ձօնուած ազգային-եկեղեցական տօնին առիթով։ Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ յիշեցուց, թէ առանց մասնագիտական տարբերութեան հայ վարժարանի երդիքին տակ ծառայող բոլոր ուսուցիչներու տօնն է Ս. Թարգմանչացը, քանի որ անոնք կը ծառայեն հայ քրիստոնեայ մանուկին բարոյական եւ գիտական զարգացման համար։ Ան յիշեցուց, թէ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի տօնն է Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց յիշատակութիւնը։ Ան ծանրանալով հոգեւորականի եւ դաստիարակի կարեւոր դերին վրայ, կոչ ուղղեց բոլոր ուսուցիչներուն, որպէսզի անոնք հետեւին Ս. Սահակի եւ Ս. Մերոպի թողած ուղիին։ Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Արման Պիւքիւճեան, որ յիշեցուց, թէ Մշակոյթի շաբթուան առթիւ կազմակերպուած մէկտեղումներէն մին է այս մէկը։ Ան յանուն թաղային խորհուրդին ուրախութիւն յայտնեց նման հաւաքոյթներու կազմակերպման ուղղութեամբ ու շնորհաւորեց Թարգմանչաց տօնը։ Ուսուչցաց կազմի անդամները եւս իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին սոյն մէկտեղման առթիւ ու շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչներուն։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024