Չեմ Հասկնար…
Մարդիկ իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին կրնան հանդիպիլ զանազան եւ բազմազան, անգոյն եւ կամ գունաւոր հարցերու, դէմքերու, դէպքերու, տեսարաններու, երեւոյթներու, իրավիճակներու եւ կամ խնդիրներու, որոնք իրենց համար անհասկնալի կը թուին եւ նոյնիսկ՝ անբացատրելի:
Այս երբեք չի նշանակեր, որ իրենք «տմպօ» են, այլ պարզապէս այդ վայրկեանին ստեղծուած վիճակին, հարցին կամ կացութեան չկարենալով արագ մը եզրակացութեան յանգիլ եւ կամ մտովի լուծում մը գտնել, իրենց դէմքին վրայ զարմանքի նման ինքնածին հարցական մը գծելով եւ կամ ալ մտահոգութիւն ենթադրող հարցում մը տալով՝ «ինչո՞ւ… այսպէս է… չեմ հասկնար…» ըսելով կը բաւականանան:
Հաւանաբար, նման պարագաներուն իրենց հանդիպած այս նոր երեւոյթները իրենց ունեցած գաղափարներուն հետ խոտոր կը համեմատին: Փորձառութիւն, մտածելակերպ, աւանդապահութիւն, կենցաղ. ի՛նչ կ՚ուզէք՝ շարեցէք, ասոնցմէ կախեալ են…
Անկեղծօրէն երբեմն ես ալ նման հարցականներու առջեւ դրած եմ ինքզինքս ու անմեղօրէն փորձած՝ լուսաբանական կէտեր որոնել, միտքս չարչրկող նման մտածումներէ փրկելու կամ ազատելու համար:
Ինչո՞ւ ասանկ է… ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ… կամ ալ… ասանկ բան կրնա՞յ ըլլալ…
Նախաբանս չերկարելու համար միտքս պարզեմ:
Վերջերս էրիկ-կնիկ հրաւիրուեցանք մեր թաղի հայ նոր դրացիներէն մէկուն տունը՝ ընթրիքի: Յայտնեմ, որ մեզի նման ուրիշ հիւրեր ալ կային: Սեղան նստելէս առաջ ուզեցի ձեռքերս լուալ:
-Աջիդ, նոր ներկուած չորրորդ դուռը,- բարձր ձայնով բացատրեց տանտիրուհին ու քայլերուս հետեւելով՝ աւելուց.
-«Իշտէ» ճիշդ հոդ…
Կարծես, եթէ ցած ձայնով ըսած ըլլար, ուրիշ սենեակ կրնայի մտնել:
Մտայ լոյսերու մէջ փայլող ու լողացող այդ լուացարանը, որ կարծես Լաս Վեկասի պանդոկներէն մէկունը ըլլար: Լուացարան մը, որուն տարածութիւնը մեր խոհանոցը կը յիշեցնէր:
Աստուա՛ծ իմ, այս ինչե՜ր շարուած են… չորս տեսակ օճառ, զարդարուն ու գունաւոր օճառամաններ, արագ ցնդող օճառներու տեսակներ, եւ տակաւին ինչե՜ր եւ ի՜նչ «բաներ»…
Առանց ժամանակ կորսնցնելու՝ արագ մը լուացուեցայ: Ձեռքերս չորցնեմ, ըսի. սակայն ո՞ր անձեռոցով: Ճիշդ դիմացս, հայելիով պահարանին տակ գեղեցիկ տուփի մը մէջ հինգ տեսակ, փոքր անձեռոցներ շարուած են, իսկ ջուրի ծորակին երկու կողմերուն՝ մէկական գունաւոր անձեռոցներ, լուացարանի պատերուն գոյներովը: Եւ տակաւին՝ թուղթէ թաշկինակներ եւ «փէյփըր թաուալ»ներ…
Անկեղծօրէն շուարեցայ, ո՞ր մէկով պէտք էր սրբուէի, չէի գիտեր: Ո՞ր մէկը ձեռքի էր, ո՞ր մէկը երեսի, ո՞ր մէկը ոտքի կամ քիթի է… շուարեցայ: Ահա՛ քեզի «փորձանք»: Վայրկեանին ինքնակորոյս եղայ: Յիշեցի, որ մեր տան լուացարանին մէջ մէկ անձեռոց ունէինք եւ կինս ալ յաճախակի կը փոխէր: Հիմա եկուր եւ «գիտցիր», թէ ո՛ր մէկը պէտք էր գործածէի:
Չերկարեմ: Ձեռքերս ջուրի կաթիլներէն ազատելու միտումով, արագ մը քանի մը անգամներ թափ տուի, ապա խոնաւ մատներս մազերուս տանելով՝ զանոնք շտկեցի, ու լուացարանին դուռը չբացած ձեռքերս տաբատիս վրայ լաւ մը քսելէս ետք դուրս ելայ…
-Ինչո՞ւ այսքան թաշկինակ կամ անձեռոց… -ես ինծի հարց տուի, անմեղօրէն:
Չեմ հասկնար:
Եւ տակաւին… մեր չին դրացին, մարդ եւ կին, ամէն առաւօտ, մարզանքի անուան տակ, շիշ մը ջուր վիզերնէն կախած՝ տասը վայրկեան «քալելու կ՚ելլեն»: Տասը վայրկեանի մէջ պիտի ծարաւնայի՞ն…
Չեմ հասկնար:
Աւելի՛ն. շատ յաճախ հանդիպած եմ երգիչներու, քարոզիչներու, ճառախօսներու եւ բեմասացներու, որոնց համար սրահի մեծութիւնն ու խորութիւնը արժէք չունին, «մէկ ձայնի վրայ» պոռալով կ՚արտայայտուին, «կը դայլայլեն», կը պոռան, կը բացայայտեն: Արդեօք ասոնք բոլո՞րն ալ կը կարծեն, որ ներկաները լսողութեան հարցեր ունին կամ թէ պոռալով՝ աւելի լաւ պիտի հասկցուէին…
Չեմ հասկնար:
Եւ տակաւին կան տեսակաւոր ուրիշներ ալ, այսպէս՝ աշակերտներ, պաշտօնեաներ, որոնք ճամբան քալած պահուն, հեռաձայնը ձեռքերնին «թեքս» կ՚ընեն: Չեն խօսիր: Երանի թէ խօսին: Միայն մատներով կը գրեն: Տասը, քսան տարիներ առաջ նման «թեքնոլոճիա» չկար, արդեօք այն ատեն ինչպէ՞ս կ՚ընէին… Տակաւին շարքը երկար է:
Չեմ հասկնար:
Հապա՞ սա հոլիվուտեան ժապաւէնները, որոնք կը ներկայացնեն, թէ ինչպէ՛ս երկաթեայ հսկաներ կ՚ուզեն քանդել մեր այս գեղեցիկ մոլորակը:
Խօսքը մէջերնիս եւ կամ, աւելի ճիշդ, նման բաներ ալ չեմ ուզեր հասկնալ, որովհետեւ կեանքի մէջ ամէն օր այնքան նոր եւ ուրիշ կարեւոր բաներ կան, որոնք մարդս կը ձգեն իրապէս շուարած վիճակի մէջ:
Իսկ դո՛ւն, յարգելի՛ ընթերցող, եթէ այս բոլորը կը հասկնաս, կամ ալ արդէն օրին հասկցած ես, ինծի մի՛ բացատրեր, խնդրեմ, չհասկցնողները փորձէ լուսաբանել:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ