ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԸ ՋԵՐՄ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԸ ՄԷՋ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՆ ՀՈՒՆԳԱՐԱՑԻ ՀԱՅԱԳԷՏ ՊԵՆԵՏԷՔ ԺԻԿՄՈՆՏԸ
Մեր համայնքը վերջին օրերուն կը հիւրընկալէ Հունգարիայէն հայագէտ Պենետէք Ժիկմոնտը։ Իւրայատուկ հիւր մըն է ան մեր իրականութեան մէջ, որովհետեւ բաւական բարձր մակարդակով կը տիրապետէ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի եւ իր այդ իմացութեան հիման վրայ առարկայ կը դառնայ թէ՛ համակրանքի եւ թէ հիացմունքի։ Պենետէք Ժիկմոնտ կը մասնակցի նաեւ զանազան ձեռնարկներու, որոնց ընթացքին իր ներկայութիւնը արդէն դարձած է հաճելի։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքն ալ վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ժիկմոնտը, մանաւանդ որ թաղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան մօտէն կը զբաղի իր հիւրընկալմամբ։ Այսպէս, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները ուրախութիւնը ունեցան վայելելու հունգարացի Պենետէք Ժիկմոնտը, որ քաղաքս կը գտնուի՝ ուղղակի հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի հանդէպ իր ունեցած հետաքրքրութեան պատճառաւ:
Պենետէք Ժիկմոնտ բացատրեց, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս հայերէն սորվեցաւ, նախ արեւելահայերէնը սորվեցաւ համալսարանի դասընթացքներէն, իսկ վերջին երեք տարիներու ընթացքին սորվեցաւ եւ կը խօսի նաեւ արեւմտահայերէն:
Տղոց յորդորեց խօսիլ հայերէն։ «Հայերէն խօսեցէք, որպէսզի թէ՛ լեզուն չկորսուի եւ թէ դուք կարենաք պահել ձեր ինքնութիւնը, կարեւորութիւն պէտք է տաք հայ մշակոյթին։ Հայը գոյութիւն ունեցած է հազարաւոր դարերէ ի վեր», ըսաւ ան:
Տղոցմէ ոմանք ուղղեցին հարցումներ, որոնց պատասխանեց մեծ գոհունակութեամբ: Տղաքը խոստացան միշտ հայերէն խօսիլ՝ թէ՛ դպրոցին մէջ եւ թէ տունը ու վերադարձան իրենց դասարանները լաւ տրամադրութեամբ: