ՍԷՐԸ ԵՒ ՆԱԽԱՆՁԸ
Աշխարհի վրայ՝ մարդուս ընթացքը որոշող երկու զօրութիւն կայ, մին՝ «սէր»ը եւ միւսը՝ «նախանձ»ը։
Հաւատացէք, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, խորհրդածութեան այս նախադասութեամբ սկսելու համար երկար ժամանակ խորհեցայ. արդեօք կը սխալի՞մ, միթէ սահմանափակած կ՚ըլլամ մարդկային ազատութիւնը՝ նեղ շրջանակի մը մէջ պահելով անոր գործունէութիւնը։ Իրապէս մարդկային գործեր հաստատուած են այս երկու զգացումներո՞ւ վրայ։ Չկա՞յ ուրիշ, երրորդ կամ չորրորդ ազդակ մը՝ որ ընթացք տայ, կանոնաւորէ մարդկային գործունէութիւնը, արտայայտութիւնները։ Բայց երբ կը կարդայի Գրիգոր Օտեանը, համոզուեցայ, որ շատ ալ սխալ չէ մեր կարծիքը, թէ՝ սէրը եւ նախանձը ընթացք կու տան մարդկային գործերուն, մանաւանդ անոնց փոխադարձ յարաբերութիւններուն։ Արդարեւ Օտեան կ՚ըսէ, թէ՝ հրեշտակները մէկ անուն ունին՝ «Սէր». սատանաներն ալ մէկ՝ «Նախանձ»։ Եւ չէ՞ որ մարդոց գործերը կա՛մ «հրեշտակային» է, եւ կամ «սատանայական»։ Ուրիշ խօսքով անոնք կամ բարի են եւ կամ՝ չա՛ր…։
Ուրեմն շատ ալ չենք սխալիր երբ ըսենք, թէ մարդոց ընթացքը կ՚որոշուի կամ սիրով եւ կամ նախանձով։
Անշուշտ, որ կան ուրիշ զգացումներ, շարժառիթներ, որոնք ընթացք կու տան մարդուն շարժումներուն եւ փոխյարաբերութիւններու մշակման, բայց էականը իր շարժումներուն՝ կա՛մ բարի է եւ կամ չար, ուրիշ խօսքով կա՛մ «հրեշտակային» է եւ կամ «սատանայական»։
Սիրոյ մասին շատ խօսած ենք այս սիւնակներու մէջ, քանի որ ան մեր մարդկային կեանքին անբաժանելի մէկ տրամաբանութիւնն է՝ կեանքին սկիզբը եւ անմահութեան շարժառիթը, յոյսի, ուրախութեան աղբիւրը։ Սէրը նպատակը եւ իմաստն է կեանքին եւ մարդկային գործերուն։
Սէրը իբրեւ «պտուղ» կ՚արտադրէ ուրախութիւնը, երջանկութիւնը, խաղաղութիւնն ու ողորմածութիւնը։
Սէրը կը պահանջէ բարեգործութիւնը եւ եղբայրական խրատը, ան բարեացակա՛մ է, առիթ կու տայ փոխադարձութեան, կը մնայ անշահախնդիր եւ առատաձեռն, ան բարեկամութիւն, հաւատարմութիւն, երկայնամտութիւն եւ հաղորդութիւն է։ Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Մեր գործերուն լրումը, սիրոյ գուրգուրանքն է։ Հո՛ն է վախճանը։ Մենք կը վազենք զայն ընդունելու համար, մենք կը վազենք դէպի հոն. անգամ մը որ հասնինք, անոր մէջ պիտի հանգչինք»։
«Նախ Ի՛նք սիրեց մեզ» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 19), կ՚ըսէ Յովհաննէս առաքեալ։ Ուրեմն սէրը կու գայ սիրոյ աղբիւրէն՝ Աստուծմէ, որ սէ՛րն իսկ է։ Եւ շատ բզնական է, որ սիրով կատարուած, սիրոյ մէջ կատարուած ամէն գործ հրեշտակային է ե՛ւ աստուածային։ «Կա՛մ չարին թիկունք կը դարձնենք պատիժին վախով, այն ատեն ստրուկի տրամադրութեան տակ կ՚ըլլանք։ Կա՛մ կը տարուինք վարձատրութեան խայծէն եւ այն ատեն նման ենք վարձկաններուն։ Եւ կա՛մ վերջապէս նոյն ինքն բարիին եւ հրամայողին սիրոյն համար կը հնազանդինք, եւ այն ատեն մենք որդիներուն տրամադրութեան մէջ կը գտնուինք», կ՚ըսէ Սուրբ Բարսեղ Մեծ։ Արդարեւ սիրով կատարուած ամէն գործ բարի է եւ աստուածահաճոյ։
Հապա ո՞րն է չարը։ Ա՛յն որ սատանայական է։
Սատանայական է եւ չար ամէն գործ, որ նախանձի արդիւնք է։ Արդարեւ մեղքերը բազմատեսակ են։ Սուրբ Գիրքը այս մասին կու տայ բազմաթիւ ցանկեր։
Պօղոս առաքեալ, գաղատացիներու գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ, թէ՝ «Մարմինին գործերը կը հակադրէ Սուրբ Հոգիին պտուղին։ Արդարեւ, մարմինին գործերը յայտնի են… Թշնամութիւն, հեռ, այսինքն՝ կռիւ, գժտութիւն, պառակտում, նախանձ, բարկութիւն, հակառակութիւն, երկպառակութիւն, հերձուածք, չարակնութիւն… եւ ի՛նչ որ ասոնց նման են։ Արդ կը զգուշացնեմ ձեզ, ինչպէս որ նախապէս ալ ըսած էի, անոնք որ այսպիսի յանցանքներ կը գործեն, պիտի չժառանգեն Աստուծոյ Արքայութիւնը» (ԳԱՂՏ. Ե 19-21)։
Նախանձի մասին ալ նախապէս խորհրդակցած էինք այս սիւնակներուն մէջ, սակայն նախանձն ալ, դժբախտաբար անբաժան զգացում մըն է մարդկային կեանքին մէջ։ Ամէնուրեք, ամէն ժամանակ կարելի է դիմաւորուիլ նախանձի հետ…։ Ուրեմն կ՚արժէ յիշել, թէ՝ ի՛նչ է նախանձը՝ այս սատանայական զգացումը։ Նախանձը գլխաւոր մոլութիւն մըն է։ Ան կը մատնանշէ ուրիշին բարիքին դիմաց մարդուն զգացած տխրութիւնը եւ ինչպէս նաեւ զայն նոյնիսկ անպատշաճ ու անիրաւ կերպով իւրացնելու անսանձ փափաքը։
Մախանքը, այսինքն նախանձը երբ մերձաւորին ծանր չարիք մը կը մաղթէ՝ «մահացու մեղք» է։
Սուրբ Օգոստինոս, նախանձին մէջ կը տեսնէ գերազանցօրէն «սատանայական մեղք»ը։ Արդարեւ նախանձը «մայր»ն է բազմաթիւ չարութիւններու եւ մեղքերու՝ շատ մը մեղքեր կը ծնին նախանձի զգացումէն, ինչպէս՝ զրպարտութիւն, չարախօսութիւն, ունայնախօսութիւն, ատելութիւն։ Նախանձը՝ մերձաւորին դժբախտութեան վրայ հրճուիլ, անոր բարութեան վրայ նեղուի՛լ է։
Նախանձը տխրութեան կերպերէն մէ՛կն է, եւ ուրեմն՝ սիրոյ զլացումն է։ Սիրով լեցուած մարդը պարտի պայքարիլ անոր դէմ իր բարեսրտութեա՛մբ։
Նախանձը յաճախ յառաջ կու գայ հպարտութենէն։
«Արդեօք պիտի չուզէի՞ք տեսնել Աստուած ձեր միջոցով փառաւորուած։ Ուրախացէ՛ք ուրեմն ձեր եղբօր յառաջդիմութեան գործերով, Աստուած ձեզմով պիտի փառաւորուի։ Ու այն ատեն մարդիկ պիտի ըսեն. օրհնեա՛լ ըլլայ Աստուած, քանի որ Անոր ծառան գիտցաւ յաղթել նախանձին՝ իր հրճուանքը դնելով ուրիշներուն արժանիքներուն վրայ», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան։
Եւ դարձեալ Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ, թէ՝ նախանձը կրնայ տանիլ յոռեգոյն չարագործութիւններուն…։
Սատանային նախանձով է, որ մահը մտաւ աշխարհ (ԻՄԱՍՏ. Բ 24)։ Ուստի Սուրբ Գրիգոր Մեծ կ՚ըսէ. «Մենք երբ իրարու դէմ կը կռուինք, մեր մէջ մախանքն է, որ մեզ իրարու դէմ կը լարէ։ Եթէ բոլորս այսպէս շարունակենք խախտել Քրիստոսի մարմինը՝ ո՞ւր պիտի հասնինք։ Մենք Քրիստոսին մարմինը տկարացնելու գործերու լծուած ենք։ Մենք մեզ միեւնոյն մարմինին անդամներ կը յայտարարենք եւ զիրար կը յօշոտենք գազաններու պէս»։ Իրապէս նախանձի ազդեցութեամբ ի՜նչ չարագործութիւններ կը կատարէ մարդ։
Նախանձը սատանայական գո՛րծ է եղած միշտ եւ սէրը՝ հրեշտակայի՜ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 29, 2015, Իսթանպուլ