ՍՈՒՐԲ ՊՍԱԿԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ուրախակից եղան Պէնկլեան եւ Կիւնպերկ ընտանիքներուն, որոնց զաւակաց Սուրբ Պսակի խորհրդակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Մեր արժէքաւոր երիտասարդներէն Լիանա Կիւնպերկի եւ Սարօ Պէնկլեանի հարսանիքին հրճուանքը լայն արձագանգ գտաւ համայնքային կեանքէն ներս՝ նկատի ունենալով, որ բարեհամբաւ, ազնուական երկու գերդաստաններու երիտասարդները կը միացնեն իրենց կեանքը՝ կազմելով հայկական նոր բոյն մը։ Մայր եկեղեցւոյ արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Խորհրդակատարութեան հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, խաչեղբայրն ու հարսնքոյրն էին՝ Արտաշէս եւ Հերմանս Բեմպէեանները։ Մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի ներկայացուցիչ մետրապոլիտը։
Եկեղեցական արարողութենէն վերջ, երեկոյեան «Լը Մերիտիէն» պանդոկին մէջ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որ եւս անցաւ շատ հաճելի մթնոլորտի մէջ։ Բազմահարիւր հրաւիրեալները անկեղծօրէն շնորհաւորեցին Լիանա եւ Սարօ Պէնկլեան նորապսակ ամոլը՝ փոխանցելով իրենց բարեմաղթանքները։
Այս ուրախ առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք սիրելի Լիանան եւ Սարօն, որոնց կը մաղթենք անխառն երջանկութիւն։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները իրենց երջանիկ ծնողաց՝ մեր համակրելի բարեկամներ՝ Անի-Մարտիկ Պէնկլեանին, Անկելա եւ Արման Կիւնպերկին։ Կը շնորհաւորենք նաեւ Արտաշէս-Հերմանս Բեմպէեան ամոլը։