«ՔԻՆՕ ՔՈՆԿ»Ի ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐԸ
«Քինօ քոնկ» կարճաժամկէտ ժապաւէններու արտադրակազմը վերջերս ներկայացուց այն գործերը, որոնք նկարահանուած էին ներկայ տարուան ընթացքին։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կեդրոնի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ցուցադրութիւնը, որուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւն մը։ Ընկերային խնդիրներու հետամուտ, կանոնական եզրերէ դուրս թեքնիկներով արտադրուած տասնչորս կարճաժամկէտ ժապաւէններ ներկայացուեցան հանդիսատեսներուն։ Ծանօթ է, որ «Քինօ քոնկ»ի շարժումը քաղաքիս մէջ կը գլխաւորէ յայտնի արուեստագէտ Սարգիս Փաչաճը։
Երեկոյթի հանդիսավարն էր Սարօ Պայվերտեան։ Մասնաւոր հետաքրքրութեան առարկայ դարձան Խաչիկ Պայվերտեանի եւ Մուրատ Էզէրի դերասացութիւնով պատրաստուած «Թանկօ» ժապաւէնը եւ «Մավրա»ն, որու դերակատարներն էին Էլիզապէթ Օրալ, Մինաս Մեծատուր, Վարդան Փաչաճը եւ Արի Թաշ։
Նոյնպէս առանձին հետաքրքրութեան արժանացաւ Մկրտիչ Արծիւեանի մականին ներքեւ պատրաստուած փաստավաւերագրական գործը, որ կը վերաբերէր շուրջ յիսուն տարի առաջ Թաքսիմսփորի եւ Թոփրաքսփորի ֆութպոլի հանդիպման եւ այդ ժամանակ ապրուած լարուածութեան։
Երեկոյթի յայտագիրը ճոխացաւ վաստակաւոր կրթական մշակ Գոհարիկ Իւսթիւնի կողմէ փոխանցուած երբեմնի Անարատ Յղութիւն վարժարանի վերաբերեալ յուշերով եւ Լիա Վարդանեանի կողմէ ջերմ ու անմիջական ոճով մը մեկնաբանուած երգերով։
Հանդիսատեսներու կողմէ կատարուած քուէարկութեան հիման վրայ ճշդուեցան «Քինօ քոնկ»ի դափնեկիրները։ Այսպէս, լաւագոյն դերասանի պարգեւը նուաճեց Արի Թաշ, լաւագոյն դերասանուհին հռչակուեցաւ Ճուլիա Յակոբեան։ Լաւագոյն պատանի դերասանը ընտրուեցաւ Արթուն Արծիւեան։ Լիա Վարդանեանն ալ մասնաւոր պարգեւի արժանացաւ՝ ձեռնարկին համար ապահոված նպաստին բերումով։
Հաճելի երեկոյթի մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին հիւրընկալ հիմնարկի պատասխանատուներու ջերմ վերաբերմունքին համար։