ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՒՐՈՊԱ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այ­սօր ու­ղե­ւո­րու­թեան մը կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Եւ­րո­պա։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ հայ­րա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան ծրա­գի­րը կ՚ընդգր­կէ Ի­տա­լիան եւ Ֆրան­սան։ Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին նա­խա­տե­սուած են Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի հան­դի­պում­նե­րը թե­մա­կան, հա­մայն­քա­յին, ե­կե­ղե­ցա­կան վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րուն հետ։

Միւս կող­մէ, հարկ է նշել, որ այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին ցա­ւակ­ցա­գիր մը ու­ղար­կեց Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տին՝ Փա­րի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան սար­սա­փե­լի յար­ձակ­ման առ­թիւ։ «Խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տենք ան­մեղ ֆրան­սա­ցի­նե­րու դէմ ուղ­ղուած ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը ազ­գու­թիւն չի ճանչ­նար եւ ուղ­ղուած է ամ­բողջ մարդ­կու­թեան, աշ­խար­հի բա­րօ­րու­թեան, մար­դոց ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ա­պա­հով եւ ստեղ­ծա­րար հա­մա­կե­ցու­թեան դէմ։ Կը հա­ւա­տանք, որ ձեր գլխա­ւո­րու­թեամբ Ֆրան­սա­յի ժո­ղո­վուր­դը պի­տի յաղ­թա­հա­րէ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճակն ու կորս­տեան ցա­ւը եւ պի­տի շա­րու­նա­կուի վճռա­կան պայ­քա­րը ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ՝ զերծ պա­հե­լու աշ­խար­հը եւ հա­մայն մարդ­կու­թեան կեան­քը նման ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէ եւ ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէ», նշեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Ֆրան­սուա Օ­լան­տին ուղ­ղեալ ցա­ւակ­ցա­կա­նին մէջ։

Բաց աս­տի, ե­րէկ ա­ռա­ւօտ, Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ յա­ւարտ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գին, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն՝ Փա­րի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով զո­հուած­նե­րուն հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։ Նոյն հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նին ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նին վրայ վեր­ջին օ­րե­րուն նա­հա­տա­կուած եր­կու զի­նուոր­նե­րը՝ Վա­հէ Վա­նո­յեան եւ Մի­քա­յէլ Թո­րո­սեան։

Հո­գե­հանգս­տեան կար­գէն ա­ռաջ խօսք ա­ռաւ Հա­յաս­տա­նի Աս­տուա­ծաշն­չա­յին ըն­կե­րու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Տ. Եզ­նիկ Արք. Պետ­րո­սեան, որ ը­սաւ. «Ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը դա­տա­պար­տե­լի է եւ ո­րե­ւէ ձե­ւով չի կրնար ար­դա­րա­ցուիլ։ Ան քայլ մը չէ, որ ուղ­ղուած ըլ­լայ ո­րե­ւէ բնա­կա­վայ­րի կամ ժո­ղո­վուր­դի մը դէմ։ Ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը քայլ մըն է, որ ուղ­ղուած է Աս­տու­ծոյ դէմ»։

Տ. Եզ­նիկ Արք. Պետ­րո­սեան նշեց նաեւ, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը եւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը խոր ապ­րու­մով կը զգան այն ցա­ւը, զոր այս օ­րե­րուն կ՚ապ­րի Ֆրան­սա­յի ժո­ղո­վուր­դը։

Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րի ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կա­րէն Նա­զա­րեան եւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պան Ժան-Ֆրան­սուա Շար­փան­թիէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015