ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՄՏԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԽԱՐԽԱՓԵԼՈՎ

Ժա­մա­նա­կի ա­րագ յա­ռա­ջա­ցու­մը այն­պի­սի հսկա­յա­կան անդունդ­ներ ստեղ­ծած է մար­դոց մի­ջեւ, ո­րոնց վեր­լու­ծու­մը դար­ձած է գրե­թէ անհ­նար ու ան­բա­ցատ­րե­լի: Նոյն թա­ղը, նոյն դպրոցն ու ա­կում­բը գա­ցող եր­կու տար­բեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ըն­տա­նիք­ներ կ՚ապ­րին՝ գրե­թէ հա­սա­րա­կաց ոչ մէկ գիծ ու­նե­ցող կեան­քով մը: Նոյն կրթու­թեամբ, նոյն մի­ջա­վայ­րին մէջ ապ­րող եր­կու ան­հատ­նե­րու մէջ կա­րե­լի է գտնել եր­կու տար­բեր ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ. մին՝ եւ­րո­պա­կա­նա­ցած մի­ջի­նա­րե­ւելք­ցին, իսկ միւ­սը՝ նախ­նա­դա­րեան Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մտայ­նու­թիւ­նը գե­րա­զան­ցած ան­հա­տը: Ան­ցեա­լին այդ տար­բե­րու­թիւն­նե­րը շատ ա­ւե­լի քիչ էին, ո­րով­հե­տեւ կար գիւ­ղա­ցի եւ քա­ղա­քա­ցի հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը, որ ինք­նին բնա­կու­թեան վայ­րէն ան­կախ՝ կը գծէր ն­­աեւ մտա­ծո­ղու­թեան ու լայ­նա­խո­հու­թեան հո­րի­զոն­նե­րը, այդ ժա­մա­նակ եւս կը զգա­ցուէր այդ ա­տե­լու­թեան սուր պայ­քա­րը. քաղ­քե­նին գիւ­ղա­ցին կը դի­տէր որ­պէս տգէտ, իսկ գիւ­ղա­ցին թէ՛ քա­ղա­քը եւ թէ քաղ­քե­նին կը տես­նէր որ­պէս մեղ­քի ու մո­լո­րու­թեանց՝ ճիշդ ճամ­բէն շե­ղե­լու ծու­ղակ­ներ:

Եր­կու հա­կա­սա­կան ան­հա­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մէջ կան ն­­աեւ տար­բեր հա­կա­սու­թիւն­ներ...: Եւ­րո­պա­ցին կապ­կո­ղը միւ­սը կը կո­չէ «տգէտ» ու «յե­տամ­նաց», իսկ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հին միտ­քին հե­տե­ւո­ղը դի­մա­ցի՝ հա­կա­ռակ կող­մը կը կո­չէ «ան­կիրթ» ու «ան­պա­տուախն­դիր»: Եւ­րո­պա­կա­նա­ցա­ծին հա­մար ինք «զար­գա­ցած» ու «բարձր դա­սա­կարգ­»ի պատ­կա­նե­լիու­թեան տէր անձ մըն է, իսկ մի­ջի­նա­րե­ւելք­ցին պա­տուախն­դիր, ազ­նուա­կան ու ըն­տա­նե­կան սրբու­թիւ­նը յար­գող եւ պա­հող:

Սա­կայն պէտք է գիտ­նալ, որ դա­սե­րու բա­ժա­նու­մը միայն այս եր­կու խմբակ­ցու­թիւն­նե­րով չի վեր­ջա­նար...: Ինչ­պէս Լի­բա­նա­նի մէջ բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րու խմբա­ւո­րում­նե­րը բազ­մա­թիւ են, կամ Սու­րիոյ մէջ ընդ­դի­մա­ցող­նե­րուն խմբակ­նե­րը, նոյն­պէս ալ կեան­քի վարք ու բար­քի մէջ ի­րար հա­կա­սող­նե­րուն եւ ի­րար­մէ տար­բե­րող­նե­րուն թի­ւե­րը բազ­մա­թիւ են: Նախ ներ­կա­յաց­նենք խմբա­ւո­րում­նե­րու տար­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ ա­պա անց­նինք ա­նոնց վեր­լու­ծու­թեան:

Ա- ԵՒ­ՐՈ­ՊԱ­ՅԻ ԵՒ ՄԻ­ՋԻՆ Ա­ՐԵ­ՒԵԼ­ՔԻ ՄԻ­ՋԵՒ ԽԱՐ­ԽԱ­ՓՈՂ­ՆԵՐ

Կը կար­ծենք, որ ա­մե­նէն վտան­գա­ւոր դա­սա­կար­գը խար­խա­փող­ներն են, ո­րով­հե­տեւ վերջ­նա­կան հանգ­րուան մը չու­նե­նա­լով ա­նոնք կը տա­տամ­սին նոյ­նիսկ ի­րենց վարք ու բար­քին մէջ. հին ու նոր ձե­ւով մտա­ծող­նե­րուն մօտ, հար­ցե­րու լու­ծումն ու մօ­տե­ցում­նե­րը մէկ են եւ յստակ, մինչ խար­խա­փող­նե­րուն մօտ հար­ցե­րու մօ­տեց­ման ու կե­ցուածք որ­դեգ­րե­լու պա­րա­գան նոյ­նիսկ են­թա­կայ է խար­խա­փու­մի եւ ա­ռա­ւե­լա­բար այդ մէկն է, որ վտան­գա­ւոր կը դարձ­նէ ի­րա­վի­ճա­կը:

Խար­խա­փող­նե­րը ա­նոնք են, ո­րոնք մեր­ժե­լով հան­դերձ ի­րենց Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մտայ­նու­թիւ­նը, կը մնան այդ մտայ­նու­թեան սահ­ման­նե­րու գի­ծե­րէն ներս, միա­ժա­մա­նակ լայ­նա­խո­հու­թեան ու բացմ­տու­թեան հա­ւա­տա­լով եւ ի­րենք զի­րենք այդ շրջա­նակ­նե­րէն ներս կար­ծե­լով՝ հե­ռու կը մնան այդ ի­րո­ղու­թե­նէն եւս, շուա­րած գաղ­թա­կա­նի պէս մնա­լով եր­կու ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ:

Խար­խա­փող­նե­րը այն­պի­սի­ներն են, ո­րոնք պա­հե­լով հան­դերձ ներ­քի­նը կը փոր­ձեն ար­տա­քին փո­փո­խու­թիւն մը կա­տա­րել ի­րենց կեան­քին մէջ, որ­պէս շա­պիկ ի­րենց վրայ առ­նե­լով եւ­րո­պա­կան տա­րա­զը. այ­սինքն՝ մնա­լով հան­դերձ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մտայ­նու­թեան ու տրա­մա­բա­նու­թեան վրայ՝ կը փոր­ձեն գոր­ծել շա­տե­րու հա­մար «շփա­ցած», ու­րիշ­նե­րու հա­մար «զար­գա­ցած» դա­սա­կար­գի նման, որ ան­հա­րա­զա­տու­թեան հոտ մը կու տայ:

Վե­րը վտան­գա­ւոր ո­րա­կե­ցինք այս դա­սա­կար­գին պատ­կա­նող­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ այդ­պի­սի­նե­րը այն­պի­սի ան­ձեր են (ո­րոնց­մէ շատ կայ մեր շուրջ), ո­րոնք ունկնդ­րե­լով օ­տար ու թրքա­խառն ե­րաժշ­տու­թիւն­նե­րը, հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէջ կը խօ­սին հայ ե­րաժշ­տու­թեան իւ­րա­յատ­կու­թեան մա­սին, վա­յե­լե­լով Թուր­քիոյ գրա­ւիչ ծո­վե­զերք­նե­րու վա­յելք­նե­րը, կը մե­ծա­րեն Հա­յաս­տա­նի գե­ղեց­կու­թիւ­նը, միշտ «մեր­ժել»ով թրքա­կա­նը: Այդ­պի­սի­նե­րը հա­կա­ռակ թրքա­կան ա­մէն տե­սա­կի ֆիլ­մե­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը գիտ­նա­լով՝ Ապ­րիլ 24-ի ցոյ­ցե­րուն ա­ռա­ջին քա­լող­նե­րէն կ­­՚ըլ­լան: Այդ­պի­սի­նե­րը շատ ան­գամ ծայ­րա­յեղ կու­սակ­ցա­կան­ներ կ­­՚ըլ­լան, ա­ռանց գիտ­նա­լու հե­տե­ւած կու­սակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը, նպա­տա­կը եւ ռազ­մա­վա­րա­կան ծրագ­րու­մը:

Այս­պի­սի­նե­րուն մօտ կայ նիւ­թա­կա­նի վե­րա­բե­րեալ տկա­րու­թիւն մը, ո­րուն ա­մե­նա­լաւ բա­ցատ­րու­թիւ­նը կը կար­ծենք Անդ­րա­նիկ Ծա­ռու­կեա­նի հե­տե­ւեալ խօս­քը ըլ­լայ. «Ճշմա­րիտ հարս­տու­թիւ­նը կրնանք գտնել ի­րա­կան հա­րուստ­նե­րուն եւ ի­րա­կան աղ­քատ­նե­րուն մէջ», ո­րով­հե­տեւ միշտ խար­խա­փում­նե­րը վտան­գա­ւոր ու կեղծ ե­ղած են, ո­րով­հե­տեւ տար­բեր մտա­ծում­նե­րու տէր ըլ­լա­լը սխալ բան չէ, սա­կայն սխալ է երբ կեղ­ծուի ու կապ­կուի, ո­րով­հե­տեւ ինչ­պէս Լե­ւոն Շանթ կ­­՚ը­սէ. «Ա­մէն մարդ իր հա­մո­զու­մը ու­նի, եւ ով որ իր հա­մո­զու­մը չի կեղ­ծեր՝ ազ­նիւ մարդ է ան»:

Խար­խա­փող­նե­րուն մօտ մե­ծաւ մա­սամբ ան­ցեա­լը ծած­կե­լու եւ ներ­կան ու ա­պա­գան միշտ ա­ւե­լի բարձր ներ­կա­յաց­նե­լու ան­սահ­ման ճիգ մը գո­յու­թիւն ու­նի: Գու­ցէ հո­գե­բա­նա­կան բար­դոյթ մըն է այդ մէ­կը, որ գիտ­նա­լով հան­դերձ, թէ ի­րենց իս­կա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը լայ­նա­խո­հու­թիւն չու­նի, չեն կրնար ձեր­բա­զա­տիլ ան­կէ ու այդ մէ­կը նման շուա­րած խար­խա­փու­մի մը հա­ւա­նա­բար կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ: Եւ կան շատ ա­ւե­լի դժբախտ­նե­րը... ո­րոնք մոռ­նա­լով ի­րենց ան­ձը, ո­րոշ ժա­մա­նակ ետք կը սկսին քննա­դա­տել այն ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք նա­խա­պէս ի­րենք՝ ի­րենց կեան­քի կէ­սէն ա­ւե­լին ան­ցու­ցած են ա­նոր մէջ...: Ա­նոնք ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ղրկե­լով անձ­նա­կան դպրոց­ներ եւ ու­սում­նա­րան­ներ, կ՚ան­տե­սեն պե­տա­կան հաս­տա­տու­թեան մէջ ա­ւե­լի նուազ գի­նով ու­սա­նող ա­շա­կեր­տը՝ մոռ­նա­լով, որ ի­րենք եւս ծնունդն ու ար­դիւնքն են այդ նոյն հաս­տա­տու­թեան կամ կազ­մա­կեր­պու­թեան:

Բ- ԵՒ­ՐՈ­ՊԱ­ԿԱ­ՆԱ­ՑԱԾ ՄԻ­ՋԻ­ՆԱ­ՐԵ­ՒԵԼՔ­ՑԻՆ

Եւ­րո­պա­կա­նա­ցած մի­ջի­նա­րե­ւելք­ցի­նե­րը եւս ի­րենք ի­րենց մէջ կը բաժ­նուին եր­կու մա­սե­րու, զորս կրնանք կո­չել որ­պէս «ծայ­րա­յեղ ա­զա­տա­կան­ներ» եւ լոկ եւ­րո­պա­ցած­ներ:

Բա­ցատ­րենք, թէ ինչ­պէ՞ս կ՚ըլ­լան «ծայ­րա­յեղ ա­զա­տա­կան»նե­րը: Դժբախ­տա­բար մ­­եր ի­րա­կան­ութ­եան մ­­էջ կան այն­պիս­ի մտայն­ու­թիւնն­եր, որ­ոնց հա­մար եւր­ո­պա­կան երկ­իրն­եր­ու մէջ եր­բեւ­է պատ­ու­ի, ըն­տա­նիք­ի եւ կամ այլ իր­ող­ութ­իւնն­եր­ու մէջ պատ­ուախնդր­ու­թիւն չկայ։ Ա­ւել­ին՝ ա­նոնք կը կարծ­են, թէ այդտ­եղ ճամ­բա­ներ­ը գրեթ­է բոլ­որ­ը մերկ կը քալ­են, ա­մէն տե­սակ յա­րա­բեր­ութ­իւնն­եր ճամ­բու եզ­երքն­եր­ը կը կա­տա­րեն եւ սա­կայն ա­նոնց նայ­ող ան­գամ չի գտնու­իր...: Նոյն այդ մտա­ծումն­եր­էն ազ­դուած էի հա­ւա­նա­բար, որ վերջ­երս Յու­նաս­տան ե­ղած մ­­իջ­ոց­իս երբ նման իր­ող­ութ­իւնն­եր­ու չհան­դիպ­ե­ցայ, այդ ի­րա­կան­ութ­իւն­ը խորթ թուաց ինծ­ի, որ­ովհ­ետ­եւ չենք կրցած հա­րա­զա­տօր­էն թա­փան­ցել այն­տեղ­ի մտայն­ութ­եան: Շատ ան­գամ նման բա­ներ «քար­ոզ­ող» մար­դիկ, իր­ենց ա­մօթն ու մեղք­ը ծածկ­ել­ու հա­մար կ­­ը դիմ­են այդ մտած­ող­ութ­եան, որ Եւ­րո­պա նման բա­ներ եր­բեք խնդ­­իր չեն ըն­եր: Դժբախ­տա­բար շա­տեր կ՚ան­գի­տա­նան, որ լայ­նա­խո­հու­թե­ան սահ­ման­նե­րը մի­մի­այն մարմ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թի­ւննե­րու բացմ­տու­թի­ւնը չէ, այլ լայ­նա­խո­հ ըլ­լա­լը ու­նի իր տար­բեր ի­մաստ­նե­րը­:

Եւ­րո­պա­կա­նա­ցած­նե­րու միւս մա­սը­, որ գի­տե­ն, թէ Եւ­րո­պա­յի փո­ղո­ցնե­րը լոկ գի­շե­րա­յին ա­կումբ­նե­րու բա­ցօ­թեայ կրկնօ­րի­նակ­նե­րը չեն՝ բաղ­դա­տած նշուած մի­ւս խմ­բա­ւո­րում­նե­րուն, լա­ւա­գոյն­նե­րէ­ն կր­նան սե­պուի­լ, ան­շուշտ ոչ լա­ւա­գոյ­նը­: Ա­նոնք այն խմբա­ւո­րումն են, ո­րո­նք չեն կապ­կե­ր կամ ձե­ւաց­ներ ի­րե­նք զի­րե­նք որ­պէ­ս եւ­րո­պա­ցի­նե­ր, սա­կայն ա­նոնց մօտ ալ ա­կա­մայ շատ ան­գամ կը նշմա­րուի ինք­նա­գո­վու­թե­ան, հպար­տու­թե­ան ե­ւ դժ­բախ­տա­բար մի­ւս դա­սա­կար­գե­րուն նկատ­մամբ զգա­լի ա­տե­լու­թե­ան մը ծնուն­դը: Ա­նոնք մե­ծաւ մա­սամբ ի­րե­նց կր­թու­թիւն­նե­րը ստա­ցած կ՚ըլ­լան ա­մե­րի­կե­ան, ֆրան­սա­կան եւ կամ մաս­նա­ւոր անձ­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ, ուր կը դաս­տիա­րա­կուի­ն ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի կրթու­թե­ամբ, սա­կայն կ՚ու­զե­նք ն­շել, թէ միշտ չէ, որ դպրոցն ու կրթու­թի­ւնը մար­դը ա­ւե­լի լայ­նա­խոհ կը դարձ­նեն, այլ այդ մէ­կը մար­դուն մէջ ի ծնէ կրնայ բոյն դրած ըլ­լալ. օ­րի­նակ՝ նո­յն ըն­տա­նի­քի մէջ կը հան­դի­պի­նք եր­կու տար­բեր մտա­ծո­ղու­թի­ւննե­րո­վ գո­յա­տե­ւո­ղ տար­բեր ան­հատ­նե­րու, ո­րո­նք նոյն դպրոցն ու կրթու­թիւ­նը ստա­նա­լէ զատ նո­յն մօ­րը խնամ­քո­վ մեծ­ցած ե­ն:

Եւ­րո­պա­կա­նա­ցած ըլ­լա­լու զգա­ցու­մը շատ ան­գամ մարդ­կա­յին մա­կար­դակ­նե­րու չա­փա­նիշ կը դառ­նայ ու չէք գի­տե­ր ին­չու կը մոռ­ցուի­, որ մտա­ծում­նե­րու բազ­մա­հա­զար տար­բե­րու­թի­ւննե­րո­վ հան­դերձ, մար­դը միշտ ալ մարդ է, ո­րո­վհե­տե­ւ ինչ­պէ­ս փի­լի­սո­փա­յա­կան խօ­սքը կ՚ը­սէ­. «Մար­դը մարդ է մար­դով»:

Գ.- ՀԻՆ ՄՏԱ­ԾՈ­ՂՈՒ­ԹԵ­ԱՆ ՀԱ­ՒԱ­ՏԱ­ՐԻՄ ՄՆԱ­ՑՈ­ՂՆԵ­ՐԸ­

Այս խմբա­ւոր­ման մէ­ջ գտ­նուո­ղնե­րը եւս ի­րե­նց մէջ կը բաժ­նուի­ն եր­կու մա­սե­րու. ա­նոնք՝ ո­րո­նք ա­ռանց գիտ­նա­լու տգի­տու­թե­ան տիղ­մի­ն մէջ ին­կած ե­ն, եւ ա­նոնք՝ ո­րո­նք գիտ­նա­լով հան­դերձ ճիշդն ու յա­ռա­ջա­ցած աշ­խար­հի պա­հանջք­նե­րը­՝ պն­դամ­տօ­րէ­ն կը մնան նոյն ի­րե­նց տ­գի­տու­թե­ան վրայ:

Ա­ռանց ճիշ­դը գիտ­նա­լու տգի­տու­թե­ան տի­ղմի­ն մէջ ին­կո­ղնե­րը­, հա­կա­ռակ որ ա­նոնք ա­մե­նէ­ն նուաս­տը կը դի­տուի­ն, սա­կայն ա­նոնք լա­ւա­գոյն­նե­րէ­ն են՝ այն ի­մաս­տով, որ ա­նոնք են այն՝ ինչ որ են, ա­ռանց ա­ւե­լո­րդա­բա­նու­թի­ւննե­րու եւ կապ­կում­նե­րու: Այդ­պի­սի­նե­րը եր­բեք նուաս­տա­ցած աչ­քով եւ կամ որ­պէ­ս տ­մարդ պէտք չէ դի­տե­լ, ո­րո­վհե­տե­ւ ա­նոնք ի­րե­նց անձ­նա­կան փա­փա­քո­վ չէ, որ այդ մա­կար­դա­կին վրայ մնա­ցած ե­ն, այլ անգ­րա­գի­տու­թի­ւնը­, կրթու­թեան պա­կասն ու կեան­քի դժբախտ պայ­ման­նե­րը ա­ռիթ չեն տուած ա­նոնց, որ­պէ­սզի ա­ւե­լի եւս յա­ռա­ջա­նան լայ­նա­խո­հու­թե­ան հո­րի­զո­նէ­ն ներս ու երբ փոքր տա­րի­քէ­ն մարդ կը մեծ­նայ նման տգէ­տ մ­տա­ծո­ղու­թի­ւննե­րո­վ եւ մա­նա­ւանդ երբ ներ­քի­ն մ­ղում մը չ՚ըլ­լար ճի­շդը գիտ­նա­լու, անձ­նա­կան կար­ծիք­նե­րու դրսե­ւո­րում կա­տա­րե­լու, ինք­նա­բե­րա­բար նո­յն հու­նո­վ կը շա­րու­նա­կուի ան­հա­տի ամ­բո­ղջ կեան­քը: Այդ դա­սա­կար­գի պատ­կա­նող­նե­րը թէեւ ա­մե­նէ­ն ցած մա­կար­դա­կի վրայ դի­տուած­ներն են, սա­կայն բո­լո­րս ալ կրնանք խոս­տո­վա­նիլ, որ ա­նոնք միշտ ալ ա­ռա­ջի­ննե­րն են հայ­րե­նա­սի­րու­թե­ան, հա­ւատ­քի պահ­պա­նու­թե­ան ե­ւ ա­մէն տե­սակ հայ­կա­կա­նու­թե­ան նե­ցուկ ու պաշտ­պան կե­նա­լուն եւ վստահ ե­ղէ­ք այդ դա­սա­կար­գին կող­մէ էր, որ կա­տա­րուե­ցան հա­յոց պատ­մու­թե­ան մէ­ջ գ­րան­ցուած բո­լո­ր պաշտ­պա­նո­ղա­կան ապս­տամ­բու­թի­ւննե­րն ու ֆէ­տա­յա­կան կռիւ­նե­րը­. երբ հա­րուստ­նե­ր ու ա­ւե­լի բա­րե­կե­ցի­կ վի­ճա­կի մէջ գտնուո­ղնե­ր փա­խուստ կու տա­յի­ն երկ­րէ­ն, գիւ­ղա­ցի եւ անգ­րա­գէ­տ ժո­ղո­վուրդն է­ր, որ զէ­ն ի ձե­ռի­ն ե­լաւ ո­տքի պաշտ­պա­նե­լու հա­մար հայ­րե­նի­քը­:

Հա­կա­ռակ այս ա­ռա­ւե­լու­թի­ւննե­րուն, ա­նոնք եւս ու­նի­ն ի­րե­նց խո­ցե­լի թե­րու­թի­ւննե­րը եւ պատ­մու­թի­ւնը ինք վկայ է, թէ այդ անգ­րա­գի­տու­թե­ան պատ­ճա­ռո­վ քա­նի­՜ քա­նի ան­ձեր զոհ­ը գա­ցած են տգի­տու­թեան, նոյ­նիս­կ շատ ան­գամ ի­րեն­ց ա­րեան գին­ով, երբ ի­րեն­ց աղ­ջի­կը սի­րած է մէ­կը, երբ ի­րեն­ց հար­սը ա­ռա­ջին զա­ւա­կը աղ­ջիկ ծննդա­բե­րած է եւ նման բազ­մա­թիւ «խո­ցել­ի» կէ­տեր­:

Դ- ՉԱ­ՓԱ­ՒՈՐ­ՆԵՐ­ՈՒ ԽՄԲԱ­ԿԸ

Ա­ռանց տա­տամ­սե­լու կրնանք ը­սել­, որ այս խմբա­ւո­րու­մը վե­րը յի­շու­ած­նե­րէն լա­ւա­գոյնն է, որ միտ­քի կա­տա­րեալ հա­սու­նու­թիւ­ն կը պա­հան­ջէ: Չա­փա­ւո­րա­կան­ներ­ու խմբա­կը ըստ իս ե­րա­նե­լին­ե­րու այն խմբա­ւո­րու­մն է, ո­րոն­ք գիտ­են ա­մէն բա­նի մէջ մտա­ծու­ած, խե­լա­ցի ու ար­դա­րա­ցի սահ­ման­ներ, վճիռ­ներ եւ ո­րոշ­ում­ներ յա­ռա­ջաց­նել­: Ա­նոնք սան­ձար­ձա­կու­թեան եւ տգի­տու­թեա­ն միջ­եւ ա­մուր կե­ցած այն խել­ա­հաս­ներ­ն են­, ո­րոն­ք գիտ­են, թէ զոր օ­րին­ակ՝ փէշ հա­գու­ի­լը մեղք չու­նի, սա­կայն փէշ հա­գու­իլ չի նշա­նա­կեր մերկ քա­լել­:

Մեծ մտա­ծող Սթիուարթ Միլ կը գրէ. «Եր­ջա­նիկ ըլ­լալ սոր­վե­ցայ՝ փա­փաք­ներս չա­փա­ւո­րել­ով քան զա­նոնք կա­տա­րե­լով­», իսկ աշ­խար­հահռ­չակ մտա­ծող Ժան Ժագ Ռու­սօ մար­դու եր­ջան­կու­թեա­ն գաղտ­նի­քին ակ­նար­կել­ով կ՚ըս­է. «Չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը եւ աշ­խա­տան­քը մար­դուն իս­կա­կան բժիշկ­ներ­ն են­»: Չա­փա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը ա­մէն բա­նի մէջ ալ կա­րե­ւոր է, ո­րով­հե­տեւ շատ ան­գամ ա­ռանց չա­փեր գծե­լու ի­րող­ու­թեա­ն մը մօ­տեն­ա­լը՝ կրնայ վնաս պատ­ճա­ռել ա­մէն ի­մաս­տով:

Ե- ՍԻ­ՐՈՅ Օ­ՐԻՆ­Ա­ԿՈՎ

Նկա­տի ու­նեն­ա­լով, որ աշ­խար­հի ա­մե­նէն կա­րեւ­որ ու մա­նա­ւանդ մարդ­կա­յին մտա­ծող­ու­թեա­ն վեր­լու­ծու­թեան մէջ­, սի­րոյ կէ­տը ու­նի իր հսկա­յա­կան հա­կա­սա­կան կէտ­ե­րը, կ՚ու­զեն­ք այս օր­ի­նա­կով խմբա­ւո­րոմ­նե­րու մի­ջեւ կա­յա­ցած տար­բե­րու­թիւ­նը ցոյց տալ՝ ա՛լ ա­ւե­լի եւս ա­նոնց մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նեց­ող հա­կա­սու­թիւ­ննե­րը տես­նել­ու հա­մար:

Այս­պէս.

- Ծնողք մը կ՚ար­տօ­նէ իր աղջ­կան, որ իր ըն­կեր­ոջ հետ ճամ­բոր­դէ այլ եր­կիր պտոյտ մը կա­տա­րե­լու­:

- Ծնողք մը կ՚ար­տօ­նէ իր աղջ­կան, որ իր ըն­կեր­ոջ հետ երկ­րի տա­րած­քին եր­թայ իր ու­զած տեղ­ը իր ու­զած ժա­մուն:

- Ծնողք մը կ՚ար­տօ­նէ իր աղջ­կան, որ իր ըն­կեր­ոջ հետ եր­թայ ճա­շա­րան­ներ, ըն­կեր­ա­յին հա­ւաք­նե­րու­, սա­կայն շատ ու­շի չմնայ:

- Ծնողք մը կ՚ար­տօ­նէ իր աղջ­կան, որ իր ըն­կեր­ը տես­նէ ո­րոշ ժա­մեր­ու սահ­ման­նե­րու­ն մէջ­, ե­րեկ­ո­յեա­ն մին­չեւ ժա­մը եօթ տու­նը ըլ­լա­լու պայ­մա­նով:

- Ծնողք մը կ՚ար­տօ­նէ իր աղջ­կան, որ իր ըն­կեր­ը տես­նէ միայն իր­ենց տու­նին մէջ, ար­տօ­նել­ով ա­նոնց նստիլ պատշ­գա­մը ու զրու­ցել ի­րա­րու հետ­:

- Ծնողք մը չ՚ար­տօն­եր իր աղջ­կան, որ ըն­կեր ու­նեն­այ կամ մէկ­ու մը հետ տես­նու­ի, սա­կայն գիտ­նա­լով հան­դերձ, որ ան ար­հես­տա­գի­տու­թեան ար­դի մի­ջոց­նե­րով կը խօ­սի իր ըն­կեր­ոջ հետ, սա­կայն ծնող­քը այս պա­րա­գա­յին բան չ՚ըս­եր:

- Ծնողք մը չ՚ար­տօն­եր իր աղջ­կան, որ ո­րեւ­է մէկ ձե­ւով սէր ու­նեն­այ կամ տղու հետ խօ­սի, առ այդ կը գրա­ւու­ի հե­ռա­խօ­սը եւ կ՚ար­գի­լու­ի հա­մա­կար­գիչ­ը:

- Իսկ ծնողք ալ կայ, որ նոյ­նիս­կ լա­ցի ու ծե­ծի կրնայ են­թար­կել իր զա­ւա­կը վե­րոն­շեալ պատ­ճա­ռով­:

Ա­հա­ւա­սիկ մէկ նիւ­թի շուրջ հսկա­յա­կան տար­բե­րու­թիւն­ներ­: Վե­րոյ­ի­շեա­լ տար­բեր­ու­թիւ­ննե­րը ապ­րող ան­ձե­րը՝ կրնան ըլ­լալ նոյ­ն միջ­ա­վայ­րին մէջ, սա­կայն ղեկ­ա­վա­րու­իլ հա­զա­րու­մէկ տար­բեր մտա­ծու­մնե­րով­:

Առ այդ յօ­դուա­ծը կ՚ու­զեմ փա­կել Ղե­ւոն­դ Եպսկ. Դու­րեան­ի խօս­քե­րո­վ. «Ան­կեղծ մար­դը շատ լաւ կրնայ կշռա­դա­տել, թէ մին­չեւ որ չփո­խուի սիր­տը, կա­րե­լի չէ որ մար­դը պար­կեշտ նկա­տուի­, հա­կա­ռակ ա­նոր որ ու­րիշն­եր վկա­յեն ա­նոր պար­կեշտ ըլ­լա­լուն»:

Ե­րա­նի ա­նոնց, ո­րոնք ա­մէն բա­նի մէջ չափ եւ սահ­ման ուն­ին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015