Նոր 11 Սեպտեմբե՞ր, Թէ Հերթական Ահաբեկչութիւն
Տասնչորս տարի առաջ` 9-11-ի ատեն ընկերային ցանցերու աշխարհ չկար: Օրին աշխարհը ահաւոր ոճիրէ մը ցնցուեցաւ, եւ կարեկցական մթնոլորտ կը տիրէր ամէն տեղ, ամէն մարդ կը դատապարտէր այդ հակամարդկային բռնարարքը: Դէպքին զգայացունց ըլլալը (յիշենք Պըն Լատէնի հրէշացումը) առհասարակ մարդոց զգացական աշխարհին վրայ այնքան ազդած էր, որ տարիներ տեւեց, որպէսզի մարդիկ յստակատեսութեամբ դիտարկեն, վերլուծեն, դատեն պատահածը, ըմբռնեն անոր խորքը եւ հետեւանքները:
9-11-ի յաջորդած ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն հետ, Իրաքի ներխուժումէն մինչեւ արաբական աշունը, ֆոլս ֆլեկ գործողութիւնները աւելի ակներեւ դարձան, միաժամանակ փրոքսի-միջնորդ կռուողներու հասկացողութիւնը հետզհետէ աւելի պարզուեցաւ:
Տուեալ գործողութիւն մը եւ իր հակազդեցութիւնը պատճառ-հետեւանքային կապակցութիւն կ՚ունենան: Քաղաքականութիւն վերլուծելու մէջ անհրաժեշտ է սպասել եւ տեսնել, թէ ո՛վ է գործողութենէն օգտուող կողմը, ի՛նչ են գործողութեան հետեւանքները՝ յաջորդող աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները:
2001-ին ամբողջ աշխարհը «աղօթեց» Ամերիկայի համար. անշուշտ «Ֆէյսպուք» չկար այն ժամանակ` հեշթեկներով եւ նկարներով կարեկցելու համար, ցաւակցեցանք զոյգ աշտարակներու զոհերուն, իսկ այսօր նոյնը` Փարիզի չարաղէտ ահաբեկչութեան առիթով: Ի հարկէ Եւրոպայի մայրաքաղաքը Ալճերիոյ դէմ պատերազմէն ի վեր այս տարողութեամբ վայրագութեան չէ հանդիպած, եւ քաղաքակիրթ Առաջին աշխարհի` Արեւմուտքի մէջ իւրաքանչիւր զոհ «սուղ» կ՚արժէ, ի տարբերութիւն Միջին Արեւելքի զոհերուն, որոնք սոսկ թիւեր ըլլան կարծես, ալ ո՞ւր մնաց հարիւրէ աւելի անմեղներու սպանութիւնը:
Սակայն ամէնօրեայ դրութեամբ վայրագութիւնը ամէնուրեք է` Սուրիա, Իրաք, Եմէն, Լիբանան, հայոց Արցախ (ուր երկու երիտասարդ զինուորներ նահատակուեցան), եւայլն: Խնդիրը այն չէ, թէ ինչո՛ւ մարդիկ Ֆրանսային աւելի կը կարեկցին, քան Պէյրութին կամ Սուրիոյ: Եթէ բառացիօրէն պիտի հասկնանք ընկերային ցանցերու գրառումները, ապա եկեղեցիները բերնէ-բերան աղօթողներով լեցուն կ՚ըլլային: Խնդիրը ասկէ շատ աւելի խոր է:
Նախքան Փարիզի դէպքերը, նախատեսուած էր Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիին բարձր մակարդակի այցելութիւնը Ֆրանսա, 16 Նոյեմբերին: Ընթացիկ դէպքերուն պատճառով հանդիպումը յետաձգուեցաւ: Վիեննայի ժողովը եւս զուգադիպեցաւ ԻՇԻՏ-ի որդեգրած ահաբեկչական գործողութիւններուն, մինչ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ԻՇԻՏ-ի եւ իր գաղափարակից խմբաւորումներուն իրավիճակը բարւոք չէ գետնի վրայ. կարծես անոնք մարտադաշտի պարտութիւնը կը հատուցեն ահաբեկչական աւերիչ գործողութիւններով:
Ֆրանսական եռագոյնը հիմակուհիմա ֆէյսպուքեան էջերը գրաւած է, բայց չենք գիտեր` գուցէ ֆրանսական եռագոյնը միանայ իր արեւմտեան առանցքի` տարիքով կրտսեր, բայց աւելի հեղինակաւոր գործընկերոջ` 9-11-ի զոհ Ամերիկային` ռուսական համարձակ դերակատարութիւնը հակակշռելու արշաւին մէջ: Արդեօք Ֆրանսային ուղղուած պատգամը Միջին Արեւելքի ռազմաքաղաքական դրուածքին մէջ իր մասնակցութեա՞ն կը վերաբերի: Կրնա՞յ ըլլալ, որ Ֆրանսայի վրայ լուսարձակները պայմանաւորուած ըլլան անոր արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութիւններով. փաստօրէն Էսատի գահընկէցութեան ձգտող երբեմնի Օլանտը այսօր անոր հետ ընդհանուր մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէ:
Յամենայնդէպս, քաղաքական հաւանական դիպաշարները բազմաթիւ են: Ֆոլս ֆլեկ գործողութիւններու եւ փրոքսի պատգամաբեր կռուողներու վարկածները հաւանական կը մնան այս պահու դրութեամբ, երբ իսլամական ծայրայեղականներուն աջակցող, ֆինանսաւորող եւ գաղտագողի սնուցանող պետութիւններ կան: Թէ ինչո՛ւ Փարիզն էր թիրախը, հիմակուհիմա յստակ չէ: Քաղաքական շահարկո՞ւմն է թիրախը, թէ հերթական ահաբեկչութիւն է կատարուածը. օրերը կը փաստեն:
Յառաջիկայ իրադարձութիւնները թերեւս պարզաբանեն անցուդարձը:
ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024