ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԿԱՐԵՆԱԼ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ
Մարդոց դիմաւորուած կարեւոր հարցերէն մին է՝ օգտակարը եւ անօգուտը, արժէքը եւ անարժէքը չկարենալ զանազանել։ Ուրիշ խօսքով՝ մարդիկ իրենց համար կարեւոր եւ անհրաժեշտ եղածը եւ որեւէ արժէք չներկայացնողը, վնասակարը չեն կրնար զանազանել, չեն անդրադառնար, թէ ո՛րը օգտակար է եւ ո՛րը վնասակար, եւ այդ իսկ պատճառով կը տուժեն շատ անգամ եւ կը վնասուին։
Զոր օրինակ, շատեր կը ծռին եւ կը վերցնեն հացի փսոր մը, բայց ձեռք չեն երկարեր շատ անգամ փողոցը՝ գետին պառկած խեղճ մարդու մը։ Ուստի արժէք գնահատել, կարեւորութիւն ընծայել, անդրադառնալ օգտակարին՝ մասնաւոր ուշադրութիւն եւ հմտութիւն կը պահանջէ։ Մարդիկ, յաճախ շատ անկերպարան բանի մը կարեւորութիւն կու տան, սակայն շիտակը, ուղիղը, ճշմարիտը կ՚անտեսեն։ Անկենդան իրերու հետ կը հետաքրքրուին, բայց կենդանի, ապրող էակը զանց կ՚առնեն։ Մարդկային բնութեան մէջ կայ այս հակադրութիւնը, արդէն եթէ ամէն ինչ տեղին ըլլար կեանքի մէջ, այսքան նեղութիւններ, դժուարութիւններ, ցաւեր ու վիշտեր չէր ըլլար…։
Ես, զարմանքով եւ նոյնպէս ափսոսանքով կը դիտեմ շուրջիններուս անտարբերութեան շատ անգամ, որ փոխանակ զբաղելու օգտակար ու արդիւնաբեր գործերով, կը նախընտրեն դատարկաբանութիւնը՝ անիմաստ ու աննպատակ, պարապ խօսակցութիւնը։ Աշխարհի վրայ երբ կը գտնուի տեսակ տեսակ նեղութիւններ, դժուարութիւններ՝ փոխանակ անոնց լուծում մը գտնել ջանալու, միայն խօսիլ եւ մանաւանդ անիմաստ ու աննպատակ խօսիլ՝ «խօսած ըլլալ»ու համար խօսիլ եւ ապարդիւն խօսակցութիւններով ժամանակ վատնել, ժամանակը մսխել, անօգուտ տեղ շռայլել՝ մարդկութեան կատարելի ամենէն ծանր վնասարարութիւններէն մին է՝ գլխաւորը եւ ամենէն վտանգաւո՛րը։ Մինչդեռ ժամանակին ամէն մէկ պահը թանկագին պարգե՛ւ մըն է մարդուս համար։ Կեանքին ամէն մէկ պահը արժէք կը ներկայացնէ՝ որ երբեք կարելի չէ զայն կրկնել, այնպէս որ կորսուած ժամանակը վերադարձնել, դարձեալ ապրիլ անկարելի՛ է եւ ամէն ինչ որ անկրկնելի է՝ եզական է, եւ ամէն եզական՝ թանկագի՛ն…։
Իսկ ոմանք չեն բաւարարուիր միայն դատարկաբանութիւն ընելէ, աւելի մեծ ու ծանր վնասներու պատճառ կ՚ըլլան, երբ կը ստախօսեն, կը զրպարտեն, կ՚անիծեն եւ կը բամբասեն։ Բոլորն ալ իրարու նկատմամբ ցաւալի, վնասակար եւ վտանգաւոր մոլութիւններ…։
Զոր օրինակ, ստախօսութիւնը՝ դատարկ խօսք է, որ ո՛չ խօսողին եւ ոչ ալ լսողին որեւէ օգուտ ունի։ Ինչ կարգի սուտ ալ ըլլայ, «սուտ»ը վտանգաւոր է եւ վնասակար համայն մարդկութեան։ Զարմանալի է, որ կան մարդիկ, որոնք կը պնդեն, թէ որոշ դէպքերու սուտը ներելի է եւ օգտակար։ Սուտը, սիրելինե՜ր, ո՛չ մէկ արդարացում կրնայ ունենալ եւ ոչ մէկ օգտակարութիւն, քանի որ սուտը հակառակ է ճշմարիտին, դէմ է ճշմարտութեան։
Սուտին օգտակար կողմը գտնել կարելի չէ, եւ այդպէս մտածողներ իրենք զիրենք կը խաբեն եւ իրենք սուտին ծուղակին մէջ կը կորսուին։ Սուտը՝ չարաբանութիւն է եւ ինքնախաբէութի՛ւն…։
Սուտին օգտակար եւ լաւ կողմերը ցոյց տալ եւ այդպէս դաստիարակել տղաք, կը նշանակէ մոլորած սերունդներ հասցնել՝ որոնք իրարու երբեք վստահութիւն չեն ունենար, այլ տեւապէս եւ բնականօրէն ամէն պահ կը ստեն՝ ուր կը կորսուի ճշմարիտն ու ճշմարտութիւնը։ Արդարեւ ուր որ չկայ ճշմարտութիւն, հոն կա՛յ ստութիւն, կեղծ ու դիմակաւոր անձեր…։
Սուտէն, ստախօսութենէն կը ծնին ամէն տեսակ վատութիւն, կռիւ, թշնամութիւն։ Ստախօսը հետզհետէ կը կորսուի խաւարի մէջ՝ զոր ինք ստեղծած է։
Մէկու մը խօսքերը եւ կատարած գործերը երբ չեն համապատասխաներ իրարու, ուրեմն հոն սո՛ւտ մը կայ։
Ըսել եւ չկատարել, կամ խօսքով մեր-ժըւած բան մը կատարել՝ սո՛ւտ է, ստախօսութիւն է…։
Ժամանակն ալ, կեանքի այն արժէքներէն է, որ մարդ չի կրնար անոր արժէքը գնահատել, չարաչար կը գործածէ զայն, կը վատնէ եւ պէտք եղած չափով չ՚օգտագործուիր անոր բարիքներէն։ Պահ մը խորհեցէ՛ք, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, մարդ ամենէն շատ ի՞նչ կը շռայլէ, ի՞նչ կը մսխէ եւ անօգուտ տեղ կը փճացնէ, կը վատնէ կեանքի մէջ։ Դրա՞մ, ստացուա՞ծք։ Ո՛չ մէկը, սիրելիներ։ Մարդ ամենէն շատ ժամանակն է որ կը վատնէ, անօգուտ տեղ կը փճացնէ զայն կեանքի ընթացքին։ Մինչդեռ ամենէն թանկագին արժէքն է կեանքին ժամանակը, որ ձրի կը տրուի մարդուն։
Արդեօք ձրի՞ ըլլալուն համար այսքան դիւրին կը վատնուի, անօգուտ կերպով կը գործածուի ժամանակը։ Ժամանակը ձրի է, բայց ի վերջոյ վախճան մը ունի, մարդ կը նայի որ լրացած է անոր վարկը եւ աւարտած է անոր բարիքը։
Այս իմաստով ժամանակը կեա՛նքն իսկ է։
Երբ մարդ կը սիրէ կեանքը, կ՚ուզէ լաւագոյն կերպով ապրիլ կեանքը, ապա ուրեմն, ինչո՞ւ պէտք եղած կարեւորութիւնը չ՚ընծայեր ժամանակին, չի սիրեր ժամանակը եւ կը շռայլէ, կը վատնէ զայն…։
Ժամանակին ամէն մէկ յանկերգը հաշիւ կը պահանջէ մարդէն։ Թանկագին րոպէներ կը սահին, կ՚անցնին ու կ՚երթան եւ մարդուս տրուած ձրի վարկը հետզհետէ կը հասնի իր աւարտին, եւ մարդ չ՚անդրադառնար կեանքին էական ու կենսական արժէքին։
Վայրկեաններ, ժամեր այնքան կարեւոր են՝ որքան կեանքը։ Ամէն պահ ժամանակի, ամէն վայրկեան հնչիւն մըն է անդրադարձման, խարազան մը զայն Ընծայողին, որ չի թողուր, որ մարդ կանգ առնէ, ծուլանայ, յուլանայ եւ ալարի, որոնց կը յաջորդէ քնանա՛լ։
«Արթո՛ւն մնալ»։ Մարդ հլու եւ յօժար հպատակ ըլլալու է այս աստուածային հրահանգին։
Մարդ պարտի մրցման մէջ ըլլալ ժամանակին հետ, ամէն մէկ պահը օգտագործել՝ ինչպէս կ՚օգտագործէ հացին ամէն մէկ փշրանքը։ Արդարեւ, հացի փշուրին տրուած կարեւորութիւնը եթէ տայ մարդ ժամանակի ամէն մէկ պահին, շա՜տ հարցեր արդէն լուծուած պիտի ըլլան։ Ուստի կարեւորը հարցը լաւ նկատել եւ ըստ այնմ լուծում գտնե՛լն է։
Եւ մարդ որքան հացին փսորին, նո՛յնքան ժամանակին ամէն մէկ պահուն կարեւորութիւն պէտք է ընծայէ, բայց աւելի քան բոլորը՝ իր նմանին, մարդը մա՛րդուն պէտք է արժէք ընծայէ, իրաւունք ճանչնայ, օգնէ եւ մարդասիրական անկեղծ զգացումներով մօտենայ իր նմաններուն…։
Չէ՞ որ Յիսուս կ՚ըսէ՝ թէ կարօտեալի մը օգնել՝ Իրե՛ն կատարուած կը նկատուի։
Իրաւ քրիստոնեան այլապէ՛ս մտածողն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 25, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024