ԻՆՔԶԻՆՔ ԱՐԴԱՐԱՑՆԵԼ

Ինք­զինք ար­դա­րաց­նե­լու՝ ան­ձին ար­դա­րու­թիւ­նը ա­մէն պա­րա­գա­յի ցոյց տա­լու հա­կա­մէտ են մար­դիկ։ Ո՛չ ոք ընդ­հան­րա­պէս չ՚ըն­դու­նիր, թէ «ա­նի­րաւ» է կամ «ա­նար­դար», եւ ան­պայ­մա՛ն ճամ­բայ մը կ՚ո­րո­նէ ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար ինք­զինք։ Բայց մէ­կու մը իր ար­դար ի­րա­ւուն­քը պաշտ­պա­նե­լու ա­զա­տու­թիւ­նը պէտք չէ՛ շփո­թել ա­նի­րաւ ար­դա­րա­ցու­մի հետ, քա­նի որ մէ­կը՝ ի­րա­ւուն­քին տէ՛ր կանգ­նիլ կը նշա­նա­կէ, իսկ միւ­սը՝ ա­ռանց նկա­տի ու­նե­նա­լու ար­դա­րու­թեան եզ­րը, ան­պայ­մա՛ն կ՚են­թադ­րէ ի­րա­ւա­ցի՛ ըլ­լա­լու ջանք մը, որ ի վեր­ջոյ ինք­նա­խա­բէու­թեան կը տա­նի են­թա­կան։

Ար­դա­րեւ ա­մէն մարդ, իր տե­սա­կէ­տէն «ար­դա՛ր» է եւ ի­րա­ւա­ցի։ Մա՛րդ ընդ­հան­րա­պէս չ՚ըն­դու­նիր իր ա­նի­րա­ւու­թիւ­նը։

«Մար­դոց­մէ շա­տեր ի­րենց բա­րե­րա­րու­թիւ­նը կը հրա­տա­րա­կեն, բայց հա­ւա­տա­րիմ մար­դը ո՞վ կրնայ գտնել»։ Այս­պէ՛ս կ՚ը­սէ Ա­ռա­կա­խօ­սը. (Ա­ՌԱԿ. Ի 6)։ Եւ նոյն Առ­ա­կա­խօսն է, որ դար­ձեալ ճշմար­տու­թիւ­նը կը խօ­սի. «Կան ան­ձեր, ո­րոնք ի­րենց աչ­քին առ­ջեւ մա­քուր են, եւ սա­կայն ի­րենց աղ­տե­ղու­թե­նէն լուա­ցուած չեն» (Ա­ՌԱԿ. Լ 12)։ Իսկ Ա­ւե­տա­րա­նի­չը կը վկա­յէ. «Իսկ օ­րի­նա­կա­նը, ու­զե­լով ինք­զինք ար­դա­րաց­նել, ը­սաւ Յի­սու­սին.- Բայց իմ ըն­կերս ո՞վ է» (ՂՈՒԿ. Ժ 29)։ Ուս­տի ի­րաւ ար­դա­րը գտնել դիւ­րին չէ, եւ մա­նա­ւանդ մա՛րդ չի կրնար ինք­զինք ար­դար կամ ի­րա­ւա­ցի յայտ­նել, քա­նի որ մա՛րդ ինքն ի­րեն հան­դէպ ար­դար եւ ան­կողմ­նա­կալ չի՛ կրնար ըլ­լալ։ Իսկ այն հա­զուա­գիւտ վե­հանձն հո­գի­ներ՝ ո­րոնք ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը եւ ազ­նուու­թիւ­նը ու­նին ի­րենք զի­րենք քննե­լու եւ դա­տե­լու, ի­րա­պէս մեծ­հո­գի՛ ազ­նիւ ան­ձեր են։

Բայց, ինչ­պէս ը­սինք, ընդ­հան­րա­պէս մար­դիկ հա­կա­մէտ են ար­դա­րաց­նել ի­րենք զի­րենք, եւ «բա­նա­ւոր պատ­ճառ» մը գտնել ի­րենց ա­նար­դա­րու­թեան ու ա­նի­րա­ւու­թեան։ Եւ ո՜ր­քան հա­զուա­գիւտ են ա­նոնք, ո­րոնք քա­ջու­թիւ­նը ու­նին տես­նե­լու ի­րենց ա­նի­րա­ւու­թիւ­նը կամ ա­նար­դա­րու­թիւ­նը եւ ա­ռանց ծած­կե­լու եւ քօ­ղար­կե­լու՝ յայտ­նե­լու ու­րիշ­նե­րուն։ Եւ ո՜ր­քան հա­զուա­գիւտ եւ նոյն­քան վե­հանձն են ա­նոնք՝ որ կ՚ը­սեն, թէ իրենք ա­նի­րաւ են, ա­նար­դա­րու­թիւն են գոր­ծած եւ կը ջա­նան սրբագ­րել կամ կեր­պով մը հա­տու­ցա­նել ի­րենց ա­նի­րա­ւու­թիւ­նը։ Կան ո­մանք չեն անդ­րա­դառ­նար ի­րենց սխա­լին եւ կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց ա­նի­րաւ ա­րար­քը։ Ա­նոնք ան­տար­բեր ան­ձեր են, որ նոյն­քան վնա­սա­կար են՝ ո՛ր­քան ի­րենց ա­նի­րա­ւու­թիւնն ու ա­նար­դա­րու­թիւ­նը ծած­կող կամ ո­րե­ւէ ար­դա­րա­ցու­մով ի­րենք զի­րենք ի­րա­ւա­ցի կամ ար­դար նկա­տող­ներ, յայտ­նող­ներ։

Եւ սի­րե­լի­նե՜ր, կեանք փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ մա՛րդ բո­լո­րո­վին ար­դար կամ ի­րա­ւա­ցի չի կրնար ըլ­լալ, քա­նի որ ար­դա­րու­թիւ­նը եւ ի­րա­ւուն­քը երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թեամբ կը յայտ­նուի՝ ի­րա­ւուն­քը եւ ար­դա­րու­թիւ­նը «սե­փա­կա­նու­թեան ա­ռար­կայ» չի՛ կրնար ըլ­լալ։ Ար­դա­րու­թիւ­նը եւ ի­րա­ւուն­քը միշտ «ու­րիշ ան­ձի մը պա­հանջ­քը ու­նի, ի՛նչ որ կը նշա­նա­կէ՝ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն եւ ներ­դաշ­նա­կու­թիւն ի­րա­ւունք­նե­րու…»։­

Ար­դա­րեւ Աս­տու­ծոյ աչ­քին «ա­տե­լի» է այն՝ որ ա­ռանց դա­տե­լու, ինք­զինք կ՚ար­դա­րաց­նէ կամ իր ան­ձին ար­դա­րու­թիւն կը պար­տադ­րէ իր շուր­ջին­նե­րուն՝ ա­ռանց նկա­տի ու­նե­նա­լու իր ի­րա­ւուն­քին եւ ար­դա­րու­թեան փո­խա­դարձ ի­րա­ւուն­քը եւ ար­դա­րու­թիւ­նը յայտ­նած ե­րեւ­ոյ­թին էու­թիւ­նը, որ կա­խում ու­նի եւ կը հա­մե­մա­տի ու­րի­շի մը ի­րա­ւուն­քի եւ ար­դա­րու­թեան եզ­րին հետ։ Ու­րեմն միա­կող­մա­նի ի­րա­ւունք եւ ար­դա­րու­թիւն գո­յու­թիւն չու­նի, միշտ պէտք է «փո­խա­դարձ» մը կամ հա­մե­մա­տե­լի ե՛զր մը։

«Յի­սուս ը­սաւ ա­նոնց.- Դո՛ւք էք որ մար­դոց առ­ջեւ կ՚ար­դա­րաց­նէք դուք ձեզ, բայց Աս­տուած գի­տէ ձեր սրտե­րը. վասն­զի մար­դոց մէջ բարձր ե­ղա­ծը, մա­քուր կար­ծուա­ծը Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ պի՛ղծ է» (ՂՈՒԿ. ԺԶ 15)։ Ա­հա­ւա­սիկ օ­րի­նա­կը՝ թէ մարդ ինք­զինք ար­դար կը կար­ծէ, սա­կայն ի­րա­կա­նին՝ ա­նի­րաւ է եւ ա­նար­դա՛ր…­։ Եւ դար­ձեալ, մա՛րդ չ՚ըն­դու­նիր իր ա­նի­րա­ւու­թիւ­նը եւ ա­նար­դա­րու­թիւ­նը։

Եւ դար­ձեալ Ա­ւե­տա­րա­նի­չը կ՚ը­սէ, եւ թարգ­ման կ՚ըլ­լայ Յի­սու­սի խօս­քե­րուն. «Վա՜յ ձե­զի, կեղ­ծա­ւոր դպիր­ներ ու փա­րի­սե­ցի­ներ, որ գա­ւա­թին ու պնա­կին դուր­սի կող­մը կը մաք­րէք, բայց ներ­սէն յափշ­տա­կու­թեամբ եւ ա­նի­րա­ւու­թեամբ (ան­բա­րե­խառ­նու­թեամբ) լե­ցուն էք։ Կո՛յր փա­րի­սե­ցի, ա­ռաջ գա­ւա­թին ու պնա­կին ներ­սի կող­մը մաք­րէ՛, որ­պէս­զի ա­նոնց դուր­սի կողմն ալ մա­քուր ըլ­լայ» (ՄԱՏԹ. ԻԳ 25-26)։ Շա­րու­նա­կե­լով Յի­սու­սի խօս­քե­րը, Ա­ւե­տա­րա­նի­չը կը մատ­նան­շէ կեղ­ծա­ւո­րու­թեան եզ­րին այս մա­սին. «Վա՜յ ձե­զի, կեղ­ծա­ւոր դպիր­ներ ու փա­րի­սե­ցի­ներ, որ կը նմա­նիք ծե­փած գե­րեզ­ման­նե­րու, ո­րոնք դուր­սէն գե­ղե­ցիկ կ՚ե­րեւ­նան, բայց ներ­սէն մե­ռել­նե­րու ոս­կոր­նե­րով եւ ա­մէն կերպ պղծու­թիւ­նով լե­ցուն են։ Նոյն­պէս դուք դուր­սէն մար­դոց ար­դար կ՚ե­րեւ­նաք ու նե­րսէն կեղ­ծա­ւո­րու­թեամբ ու ա­նօ­րէ­նու­թեամբ լե­ցուն էք» (ՄԱՏԹ. ԻԳ 27-28)։ Ու­րեմն կ՚ե­րե­ւի, թէ ինք­զինք ար­դար նկա­տել ա­մէն պա­րա­գա­յի, կամ ինք­զինք ար­դա­րաց­նել տե­ւա­պէս, «ան­կեղ­ծու­թեան» հարց մըն է, կամ ը­սենք, ան­կեղ­ծու­թեան հետ կապ ու­նե­ցող ա­րարք մըն է։

Այն որ ան­կե՛ղծ է իր բո­լոր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ, եր­բեք չ՚աշ­խա­տիր ինք­զինք ար­դա­րաց­նել, երբ ի­րա­պէս ի­րա­ւա­ցի չէ։ Կամ երբ ա­նար­դար գործ մը ը­րած է, կ՚ըն­դու­նի զայն եւ փո­խա­նակ զայն ծած­կե­լու կամ քօ­ղար­կե­լու՝ կ՚աշ­խա­տի զայն սրբագ­րել եւ չկրկնել ան­գամ մը եւս։ Ու­րեմն դար­ձեալ կու գանք Յի­սու­սի խօս­քին, թէ՝ պէ՛տք է մեր «ա­յո»ն ա­յո՛ ըլ­լայ եւ «ոչ»ը ո՛չ։ Բայց ա­սի­կա հաս­տատ նկա­րագ­րի տէր վե­հանձն մար­դոց գործ է. ինք­զինք ճանչ­նալ եւ ըստ այնմ վա­րուիլ, ըն­դու­նիլ սխա­լը եւ սրբագ­րել զայն ա­ռանց ո­րե­ւէ ար­դա­րա­ցու­մի կամ ծած­կե­լու մի­ջոց­ներ ո­րո­նե­լու…։ Այս­պի­սի­նե­րու հա­մար է որ Ա­ռա­կա­խօ­սը կ՚ը­սէ. «Մար­դոց ճամ­բան ի­րենց ու­ղիղ կ՚ե­րեւ­նայ, բայց Տէ­րը սրտե­րը կը կշռէ։ Ար­դա­րու­թիւն եւ ի­րա­ւունք գոր­ծե­լը զո­հէն ա­ւե­լի ըն­դու­նե­լի է Տէ­րո­ջը» (Ա­ՌԱԿ. ԻԱ 2-3)։ Ար­դար ըլ­լալ մարդս կը բարձ­րաց­նէ, իսկ ա­նի­րաւ մէ­կը երբ ինք­զինք ար­դա­րաց­նե­լու աշ­խա­տի, կը նուաս­տա­նայ։

«Երբ քու Տէր Աս­տուածդ զա­նոնք քու առ­ջե­ւէդ հա­լա­ծէ, սրտիդ մէջ չը­սես թէ Տէ­րը իմ ար­դա­րու­թեանս հա­մար զիս այս եր­կի­րը բե­րաւ, որ­պէս­զի ժա­ռան­գեմ, քան­զի Տէ­րը այս ազ­գե­րը ի­րենց անօ­րէ­նու­թեա­նը հա­մար քու առ­ջե­ւէդ կը վռնտէ» (Բ. Օ­ՐԻ­ՆԱՑ Թ 4)։ Ար­դա­րեւ, մարդ ինքն ի­րեն դա­տա­ւո­րը չի կրնար ըլ­լալ, ու­րեմն մա՛րդ իր ար­դա­րու­թիւ­նը չի կրնար յայտ­նել, այլ կրնայ իր ի­րա­ւուն­քը, ու­րի­շի կող­մէ տրուած ար­դա­րու­թիւ­նը պաշտ­պա­նել, բայց ինք ի­րեն ար­դա­րու­թեա­նը ո­րո­շում չի կրնար տալ։

Ա­ւե­տա­րա­նի «փա­րի­սե­ցիին եւ մաք­սա­ւո­րին ա­ռակ»ը հրա­շա­լի բա­ցատ­րու­թիւն մը եւ հիա­նա­լի՜ օ­րի­նակ մըն է ա­նի­րա՛ւ ար­դա­րա­ցու­մի։ Օ­րի­նակ մը, թէ ի՛նչ­պէս մարդ ինք­զինք ար­դար եւ ի­րա­ւա­ցի կը կար­ծէ եւ սա­կայն կը սխա­լի՛։ Իսկ «Բա­րի Սա­մա­րա­ցիին ա­ռակ»ը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ պէտք չէ ար­տա­քի­նով դա­տել ու ո­րո­շել մէ­կուն ի­րա­ւուն­քը, եր­բեմն օ­րի­նա­կան ե­րեւ­ցող մը կրնայ ա­նի­րաւ ըլ­լալ եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ ա­նի­րաւ կար­ծուած մը ար­դա՛ր։ Այս մա­սին կան­խա­կալ ըլ­լալ մարդս կը սխա­լեց­նէ իր ո­րո­շում­նե­րուն մէջ։ Եւ մարդ, ինքն ի­րեն մա­սին ընդ­հան­րա­պէս կան­խա­կալ է, եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով ի­րեն մա­սին ար­դար չի կրնար ըլ­լալ, չի կրնար ո­րո­շել, թէ ար­դար է թէ ո՛չ կամ ի­րա­ւա­ցի է թէ ա­նի­րաւ։

Ի­րենք զի­րենք ար­դար կար­ծող­ներ. «Ա­նոնք կ՚ը­սեն.- Մէկ­դի կե­ցիր, ին­ծի մի՛ դպչիր, քան­զի ես քեզ­մէ սուրբ եմ։ Ա­սոնք իմ ռն­­գունք­նե­րուս մէջ ծուխ են ու ա­մէն օր բոր­բո­քած կրակ են» (Ե­ՍԱՅ. ԿԵ 5)։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 21, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2015