Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ Սամաթիոյ Անարատ Յղութեան եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց արարողութիւններուն եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Տիրամօր Անարատ Յղութեան տօնախմբութեան առթիւ պատարագեց Գերապայծառը, որ արարողութեան ընթացքին Հայր Աբրահամ Ֆրատեանին յանձնեց վարդապետական գաւազան մը։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ յարակից նորակառոյց «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» սրահին բացումը։ Այս առթիւ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան գնահատեց այս սրահի շինարարութեան ուղղութեամբ բաժին ստանձնած բոլոր դէմքերը։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015