ԵՂԱՆԱԿԱՒՈՐ ԽՌՈՎՔ
Երիտասարդը կիթառը ձեռքը առած կը հպի լարերուն։ Վարպետ հպումներու իբր հետեւանք գեղեցիկ, հայաբոյր երաժշտութիւն մը կը ստեղծագործէ մտքերու մէջ խորասուզուած այս պահուն։ Ան թռիչքով մը փոխադրուած է շատ գեղեցիկ վայր մը, ուր յաճախ կ՚այցելէր պատանութեան տարիներուն։ Ժպիտը դէմքին, քաղցր մեղեդիի հնչիւններու ընկերակցութեամբ, Հալէպի կեդրոնական Թիլէլ թաղամասէն կը մտնէ հնատիպ թաղերու մէջ: Կը քալէ ոսկերիչներու փայլփլուն ցուցափեղկերը դիտելով և զարդարուն ցուցատախտակներու վրայ արաբերէնին կողքին հայերէն անունները կարդալով՝ Հրայր, Կարօ...
Այս փոքրիկ տարածութիւնը այնքան հարազատ է, այնքան մտերմիկ, եւ հակառակ անոր որ կը գտնուի քաղաքին կեդրոնը՝ կարծես հեքիաթային վայր մըն է, հեռու քաղաքի անախորժ խճողուածութենէն, աղմուկէն, ծուխէն: Ահա կը լսուին առաւօտեան ժամերգութեան հրաւիրող եկեղեցիներու ղօղանջները: Հոս կը գործեն քրիստոնեայ տարբեր համայնքներու պատկանող դարաւոր եկեղեցիներ, որոնց կից նաեւ՝ տուեալ համայնքի նախակրթարանը, ինչպէս՝ Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին եւ Ազգային Հայկազեան վարժարանը:
Երիտասարդը կամարապատ նեղ թաղերու մուտքին կ՚առաջնորդուի կողքի պատէն ծաղկալից ճիւղերը նետած և գինովցնող յասմիկներու բոյրով, գլուխը օրօրելով կը շարունակէ նուագել յիշելով, թէ ինչպէս այստեղ յասմիկ մը նուիրած էր ընկերուհիին եւ այտէն համբոյր մը քաղած... ասիկա անոր առաջին համբոյրն էր, որմէ ետք շա՜տ համբոյրներ քաղած էր:
«Առաւօտ լուսոյ, Արեգակն արդար...» կը լսուի աշակերտներու առտուան խմբային աղօթքը, կը յառաջանայ այդ ուղղութեամբ, կը կանգնի դարպասին մօտ եւ հաճոյքով կ՚ունկնդրէ մինչեւ վերջին հնչիւնը, ապա կ՚ողջունէ դպրոցի դարպասին մօտ նստած պահակը ու կը շարունակէ:
Քիչ մը անդին կը տեսնէ արուեստի ճիւղերուն հետեւող երիտասարդ ուսանողներ, որոնք յաճախ այս թաղերու գեղեցկութիւնը ընդօրինակելով կը զարգացնեն իրենց գրչահարուածները: Անոնք կը գծեն կամարներու տակ պատին ամրացուած լամբերը, տախտակապատ դռներն ու պատուհանները, խճաքարերով ծածկուած թաղերու յատակները, թաղերու երկաթեայ դարպասները, ծաղկոցները, այս թաղերուն կենդանութիւն ներշնչող շրջուն վաճառորդները, որոնք եղանակաւոր ձայնով, երբեմն ալ յատուկ տարազով կը ծանուցեն իրենց ծախածը, ինչպէս սուս (արաբական հեղուկ, որ պատրաստուած է նոյնանուն բոյսի թրջուած արմատներու ջուրով) ծախողը, որ գլխու ֆէսէն մինչեւ ոտքի եմէնին արաբական գործուածքներով պատրաստուած է, ուսէն կախուած խոշոր մետաղեայ սափորին վրայ տեղաւորուած են մետաղեայ գաւաթներ, ձեռքին՝ երկու մետաղեայ թասեր, որոնք զիրար զարնելով եւ երգելով կը շրջի:
Այս թաղերու բնակարաններու մեծամասնութիւնը վերածուած է ճաշարաններու եւ հիւրանոցներու: Ամէն օր կարելի է այստեղ զբօսաշրջիկներու հանդիպիլ, որոնք տեսախցիկներով կը շրջին, կը նկարահանեն բոլոր մանրամասնութիւնները, կ՚ուսումնասիրեն պատերու վրայ փորագրուած արձանագրութիւնները, տարեթիւերը, կը հանգստանան հիւրանոցներուն մէջ, կը ճաշակեն արաբական համեղ ճաշեր...
Երիտասարդի նուագին մէջ կը շեշտուի արեւելեան հնչեղութիւնը, երբեմն-երբեմն մատներու ծայրով կը հարուածէ կիթառի պատին: Ան կը մտնէ ճաշարան մը, արևելեան յարդարումով մտերմիկ բակին մէջտեղը շատրուանի ջուրը կարծես կը պարէ արաբական երաժշտութեան վրայ, շուրջը շարուած սեղանները ծածկուած են արաբական գործուածքներով, սպասեակները արաբական ազգային տարազներով կը հետևին զբօսաշրջիկներու պատուէրներուն և «Wellcome, Sir!» ըսելով կը մատուցեն պատուէրները: Երիտասարդը արաբական լեղի սուրճի կաթիլները ըմպելով ճաշարանի վերնայարկէն կը դիտէ Հալէպի բերդը քանի՛ հերոսական գործողութիւններ տեղի ունեցած են հոն, քանի՛ Եօթնեղբայրեանի նման հերոսներու քաջագործութիւններ, քանի՛ նուաճումներ, քանի՛ պարտութիւններ, քանի՛ իշխանութիւններ...
Ճիտէյտէի հրապարակի նստարաններուն վրայ հանգստացող գլուխը փաթթուած տեղացի տղամարդիկ կը զրուցեն, ոմանք նարտիով կը զբաղին, Հալէպի կոշտ արաբերէնով կը խորհրդակցին, կը վիճին, բոլոր արտայայտութիւններուն կցելով «խայյօ» մը:
Հրապարակը շրջապատուած է նպարավաճառներով, ձկնավաճառներով, քիչ անդին՝ արաբական զարդանախշերով ու ճաշակով գործուած գորգեր վաճառող խանութերով, արծաթեայ և պղնձեայ հին ոճով բանուած իրերու խանութներով...
Մեղեդին կը վերագտնէ իր հայկական հնչեղութիւնը: Երիտասարդը Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մուտքի արձանագրութիւնները, որմնաքանդակները դիտելով կը մտնէ եկեղեցի: Անբացատրելի է այս եկեղեցւոյ խորհրդաւորութիւնը, հոգեկան տարբեր հանգստութիւն կը ներշնչեն անոր սրբապատկերները, Սուրբ Աստուածածնայ պատկերներով զարդարուն երեք գեղատեսիլ խորանները... մէկ խօսքով հոյակապ կառոյց է:
Երիտասարդը շարականանման մեղեդիներ նուագելով կը մտաբերէ շարականներու երգեցողութիւնը այս հիասքանչ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքև: Պսակներու ժամանակ «Ուրախ Լեր»ը, «Տէր Ողորմեա»ն Սուրբ Պատարագի արարողութեանց աւարտին, Աւագ Շաբթուան խաւարման ընթացքին «Ուր ես, մայր իմ» հոգեցունց երգը, նոյնիսկ՝ «Ի վերին Երուսաղէմ»ը: Երիտասարդը աչքերը փակ կը նուագէ ու կը շրջի եկեղեցւոյ մէջ: Կանգ կ՛առնէ մկրտութեան աւազանին քով: Կը յիշէ իր իսկ մկրտութիւնը, քանի միշտ կը դիտէ տեսերիզը, կը յիշէ թէ ինչպէ՛ս մկրտութեան աւազանին մէջ յամառօրէն ոտքի կանգնած էր, իսկ քահանայ հայրը ստիպուած այդպէս շարունակած էր արարողութիւնը:
Մեղմ ու խաղաղ մեղեդին հետզհետէ կը վերածուի յուզումնախառն ալեկոծումներու: Եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն չկայ, դուրսէն կը լսուին «Ալլա՛հու աքպար» բացագանչութիւններ, սովորական մզկիթի աղօթքներ չեն անոնք, ափի ամբողջ ուժգնութեամբ կը հարուածէ լարերուն և «Պո՛ւմ», պայթիւն մը... դուրս կ՛ելլէ... եկեղեցւոյ զանգակատունը վնասուած է:
Աւելի ջղագրգիռ հարուածներով կը շարունակէ նուագել, մատներու շարժումները աննշմարելի են: Կը վերադառնայ եկած ճամբէն, սև դրօշներ բռնած, ծածկուած գլուխներով երիտասարդ զինեալներ կը շրջին, կը կապարեն բոլոր ուղղութիւններով: Ճիտէյտէի հրապարակի նստարանին նստած ծերունին արիւնլուայ է, անշնչացած:
Երիտասարդը կատաղի հարուածներով, գլխու ջղային շարժումներով կը շարունակէ նուագել և ափով ուժգին հարուած մը ևս կու տայ լարերուն ու «Պո՛ւմ»... պայթիւնի հարուածէն այս անգամ փլած է ճաշարանի վերնայարկը, պոռչտուք, հառաչանք, վայնասուն... Քիչ առաջուան գեղեցկութիւնները մէկիկ-մէկիկ կը պղտորին։ Կը քալէ, բայց ոտքերով մէկդի առնելով պարապ կապարներ, քարի կտորներ, լամբեր:
Արդէն կը նշմարէ դպրոցը, քանի գետինն է նաև դպրոցի դարպասին ծածանող եռագոյնը, կը վերցնէ գետնէն, բայց ո՞ւր կրնայ տեղաւորել զայն: Դպրոցի պատի բացուածքին մէջ կ՛ամրացնէ ու կը շարունակէ յառաջանալ և նուագել, ուժգին քանի մը իրերայաջորդ հարուածներ և կանգ կ՛առնէ, մեծ քարի կտորներ կը զարնուին ոտքին, վեր կը նայի, ի՞նչ տեսնէ, յասմիկի տունկը արմատախիլ եղած, կողքի պատը փլած է:
Վերջապէս երկար ժամանակ կուտակուած ներքին յուզումները կաթիլ-կաթիլ դուրս կը ծորին։ Երիտասարդը նուագելով կը բալասանէ խոր վէրքերը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024