ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Ալ­թը­մէր­մէ­րի Գլխա­դիր Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ապ­րուե­ցաւ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ։ Շա­բաթ ա­ռա­ւօ­տեան ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հան­դի­սա­պե­տեց եւ օ­րուան պատ­գա­մը տուաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեան։ Ներ­կայ էին Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան եւ բազ­մա­թիւ քա­հա­նայ հայ­րեր, ո­րոնք կա­տա­րե­ցին նաեւ եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի Ալ­թը­մէր­մէ­րի տիկ­նանց խնա­մա­կա­լու­թեան կող­մէ յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան մը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան նա­խա­գա­հու­թեամբ հա­մախմ­բուե­ցան հո­գե­ւոր հայ­րե­րը եւ ներ­կա­նե­րը, ո­րոնց շար­քին կը գտնուէին նաեւ Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տէ­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Սի­րոյ սե­ղա­նի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց տեղ­ւոյն հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, իսկ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը գնա­հա­տեց մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը եւ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղեց Ալ­թը­մէր­մէ­րի տիկ­նանց խնա­մա­կա­լու­թեան։

Շա­բաթ օ­րուան այս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ ե­րէկ ալ Ալ­թը­մէր­մէ­րի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. Պա­տա­րագ մա­տոյց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։

Ալ­թը­մէր­մէ­րի տիկ­նանց խնա­մա­կա­լու­թեան մաս կը կազ­մեն՝ Սիլ­վա Ա­լա­չամ (ա­տե­նա­պե­տու­հի), Ան­թի­քօ Պա­ղամ, Լու­սին Սել­վի­լէր, Նա­տիա Աք­պաշ, Ար­շօ Քուր­տօղ­լու, Շա­մի­րամ Թո­քատ­լըօղ­լու, Թա­լին Տէ­միր եւ Ար­մե­նու­հի Եըլ­մազ։

Հարկ է նշել, որ Ալ­թը­մէր­մէ­րի Գլխա­դիր Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցին բաց կ՚ըլ­լայ ա­մէն Ուր­բաթ, իսկ  իւ­րա­քան­չիւր ամ­սուան ա­ռա­ջին Ուր­բա­թը այն­տեղ կը մա­տու­ցուի Ս. Պա­տա­րագ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015