ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԵՐԵԿՈՅԹ

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «Ներ­դաշ­նա­կու­թեան մե­ղե­դի» հա­մեր­գին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին Թուր­քիա­յէ եւ Հա­յաս­տա­նէ ե­րա­ժիշտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս ծրա­գի­րը պի­տի կրկնուի Իս­թան­պու­լի մէջ։ Նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ե­րե­կոյ­թը խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծած է բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն վրայ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս ար­ձա­նագ­րուած յա­ջո­ղու­թեան մէջ իր ու­րոյն դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ու­նե­ցած է պոլ­սա­հայ հա­մակ­րե­լի մե­ներգ­չու­հի Սի­պիլ։ Սա իր հեր­թա­կան նուա­ճում­նե­րէն մին է ու մա­նա­ւանդ ան յա­ջո­ղած է ան­գամ մը եւս Ե­րե­ւա­նի մէջ գրա­ւել ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն սիր­տը։

Ե­րե­ւա­նի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պան Ռի­չըրտ Միլս այս հա­մեր­գին առ­թիւ յայտ­նեց, թէ դես­պա­նու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ սոյն նա­խա­ձեռ­նու­թեան նկատ­մամբ։ Իր հա­մոզ­մամբ, նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը շատ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նին այն ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնց մի­ջեւ  շփում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցած են ան­բա­ւա­րար մա­կար­դա­կով։ Հե­տե­ւա­բար, ԱՄՆ-ի դես­պա­նու­թիւ­նը շատ ու­րախ է, որ կ՚ա­ջակ­ցի այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան, որ կը միա­ւո­րէ ե­րա­ժիշտ­նե­րը եւ ո­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս կը ձե­ւա­ւո­րուի ներ­դաշ­նա­կու­թեան մե­ղե­դին։

Միջմ­շա­կու­թա­յին հար­թու­թեան վրայ երկ­խօ­սու­թիւն խրա­խու­սե­լու նպա­տա­կին ուղ­ղեալ հա­մեր­գին սկսի­լը՝ Հա­յաս­տա­նի մօտ ԱՄՆ-ի ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Ռի­չըրտ Միլ­ս լ­րագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ կա­րե­ւո­րե­լով նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, ը­սաւ. «Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան ծի­րէն ներս մշա­կոյ­թի եւ ե­րաժշ­տու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ զա­նա­զան ու­ղի­ներ ան­ցած ե­րա­ժիշտ­նե­րը մէկ բե­մին վրայ ներ­դաշ­նա­կու­թիւն եւ մտեր­մու­թիւն կը ստեղ­ծեն: Որ­պէս ի­րենց եր­կիր­նե­րու մշա­կու­թա­յին դես­պան­ներ, ե­րա­ժիշտ­նե­րը կա­պեր կը ստեղ­ծեն, կ­­՚ա­պա­հո­վեն խա­ղա­ղու­թիւն եւ փո­խըմբռ­նում՝ աշ­խար­հին մէջ: Յոյս ու­նիմ, որ այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան մի­ջո­ցաւ մենք կը կա­րո­ղա­նանք օգ­նել ե­րի­տա­սար­դու­թեա­ն եւ կա­մուրջ­ներ կա­ռու­ցել հայ եւ թուրք ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ՝ ա­րուես­տի ու­ժին շնոր­հի­ւ»:

Հա­մեր­գէն ա­ռաջ լրագ­րող­նե­րու հետ կարճ զրոյց­ներ ու­նե­ցան նաեւ ե­րա­ժիշտ­նե­րը, ո­րոնք մաս­նա­ւո­րա­պէս նշե­ցին, թէ ու­րախ են նման հա­մա­տեղ ծրագ­րով հան­դէս գա­լու հա­մար եւ յոյս յայտ­նե­ցին, որ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կա­կան կ­­՚ըլ­լայ եւ եր­կու եր­կիր­նե­րու այլ ե­րա­ժիշտ­ներ եւս, օ­րի­նակ ու­նե­նա­լով այս հա­մեր­գը, կը նա­խա­ձեռ­նեն եւ հան­դէս կ­­ու գան հա­մա­տեղ հա­մերգ­նե­րով:

«Ներ­դաշ­նա­կու­թեան մե­ղե­դի» միջմ­շա­կու­թա­յին նա­խագ­ծի ա­ռա­ջին հա­մեր­գին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած էին պոլ­սա­հայ երգ­չու­հի Սի­պի­լ, ժո­ղովր­դա­կան նուա­գա­րան­նե­րու թուրք կա­տա­րող­ներ Օս­ման Եուր­տալ Թոք­ճա­ն, Կէօք­սէլ Պաք­տա­կիր, Պու­րաք Մալ­չո­ք եւ Մերթ Էլ­մա­ս։ Ե­րա­ժիշտ­նե­րը հան­դէս ե­կան լայն ճա­նա­չում վա­յե­լող հայ­կա­կան The Beautified Project ռաք խում­բին հետ:

Ար­դէն դահ­լի­ճի բե­մէն խօ­սե­լով՝ դես­պան Ռի­չըրտ Միլ­ս ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով այս օ­րե­րուն այլ այ­ցով մը Ե­րե­ւան գտնուող Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին, որ իր ներ­կա­յու­թեամբ պա­տուած էր հա­մեր­գը, ինչ­պէս նաեւ՝ հա­զա­րա­ւոր ներ­կա­նե­րուն, ո­րոնք կա­րե­ւո­րած էին նման հա­մեր­գը եւ տեղ գրա­ւած էին դահ­լի­ճին մէջ:

«Ան­կախ մեր խօ­սած լե­զուէն՝ ան­կախ մեր դա­ւա­նան­քէն, ան­կախ մեր մոր­թի գոյ­նէն՝ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կ՚օգ­նէ, որ­պէս­զի մենք ապ­րինք նոյն զգա­ցո­ղու­թիւն­նե­րը: Եւ այ­սօ­րուան հա­մեր­գի հա­մար կը կար­ծեմ, որ այս խօս­քե­րը տե­ղին են: Այ­ս ե­րե­կոն ե­րաժշ­տու­թեան եւ մե­ղե­դի­նե­րու մա­սին է, դուք կը լսէք էթ­նիք ե­րաժշ­տու­թիւն, զոր կը կա­տա­րեն հինգ հրա­շա­լի ե­րա­ժիշտ եւ The Beautified Project խում­բը», ը­սաւ դես­պա­ն Միլս:

Հա­մեր­գը, ի­սկա­պէս, ե­րաժշ­տա­կան անկրկ­նե­լի տօն պար­գե­ւեց հան­դի­սակն­նե­րուն, ո­րոնք բո­լոր կա­տա­րում­նե­րը կ՚ըն­դու­նէին բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով: Բե­մէն հնչե­ցին նոր ու թարմ մե­ղե­դի­ներ, ո­րոնք հա­մադ­րած էին հայ­կա­կան, թր­­քա­կան ե­րաժշ­տա­կան ե­լե­ւէջ­նե­րը:

Ինչ­պէս նաեւ ե­րե­կո­յի ըն­թաց­քին հնչեց նոր երգ մը՝ Don’t blam me խո­րագ­րով, ո­րու ա­ռա­ջին կա­տա­րու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ: Այդ եր­գը պի­տի հնչէ նաեւ այս նա­խագ­ծի երկ­րորդ հա­մեր­գի ժա­մա­նակ, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 22 Դեկ­տեմ­բե­րին՝ Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ: Ձեռնարկի մասին արդէն տեղ-եակ պահուած է մշակութասէր հասարակութիւնը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015