ՊԱՔԸՐԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒՆ ՔԷՐՄԷՍԸ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը վերջին երկու օրերուն արտասովոր ոգեւորութիւն ապրեցաւ թաղի Տատեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսին առթիւ։ Ամանորին ընդառաջ կազմակերպուեցաւ այս աւանդական ձեռնարկը՝ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից Տատեան վարժարանի նախկին շէնքի սրահին մէջ։ Այս քէրմէսի նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները իրականացուեցան վարժարանի աշակերտութեան ծնողներուն կողմէ, որոնց ջանքերով այս տարի եւս ծրագիրը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։ Քէրմէսի տաղաւարներուն վրայ այցելուներուն մատուցուած իրեղէնները ուշադրութեան արժանացան իրենց ճաշակով ու որակով եւ սպառուեցան՝ յաւելեալ նպաստ մը ապահովելով Տատեան վարժարանին։
Բացման փուլին աշակերտներուն ալ մասնակցութեամբ արտասանուեցաւ Տէրունական աղօթքը։ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին բարձր գնահատեց կազմակերպիչ ծնողներուն ջանքերը։ Ներկայ էին նաեւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արսէն Արշըք եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Երուանդ Սվաճըօղլու։
Քէրմէսի կազմակերպման ուղղութեամբ պատասխանատուութիւն ստանձնած անուններն էին հետեւալները.
Սեդա Քայա (ատենապետուհի), Այտա Խաչիկօղլու, Նուռ Կիւրլէրօղլու, Տիանա Գույումճու, Այսէլ Պիրկիւլ, Սեւիմ Օքճու, Ալին Հապէշ, Հիլտա Տեստիճի, Իլտա Սվաճըօղլու, Գարօլին Այանեան, Լետա Չաքալ, Կարին Մարտիկեան, Լուիզ Պալըքճը, Նուրտա Չաքան, Լետա Աթան, Սիլվա Պիւյիւքլէօքէր, Լինտա Կետիկ, Ալինա Յովակիմեան, Շիլա Չոլաքեան, Սելին Տապակօղլու, Նատիա Զէյֆիեան, Արուս Էօզպաղ, Ռիթա Փոլատօղլու, Գարօլին Քալտըեան եւ Լեռնա Թորուսօղլու։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024