Թերթավաճառի Կրպակին Առջեւ՝ Ընթերցելով Վերտառութիւնները

ՓՈՒՉԻԿ ԴԱՐՁՈՂ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Կանգ ա­ռի թեր­թա­վա­ճա­ռի կրպա­կին առ­ջեւ: Բազ­մա­թիւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ՝ հաստ վեր­տա­ռու­թիւն­նե­րով կամ բա­ցա­ռիկ հա­մար­նե­րով, կ՚անդ­րա­դառ­նա­յին հա­մաշ­խար­հա­յին տագ­նա­պա­լի կա­ցու­թեան, հա­մե­մուած թուղթ ծա­խե­լու նպաս­տող ցնցող լու­րե­րով, եւ ան­թա­քոյց կը խօ­սէին կրօ­նա­կան պա­տե­րազ­մի մա­սին: Սոկ­րա­տէն մին­չեւ Պուտ­տա եւ մին­չեւ այ­սօր, գիր, գիրք, ի­մաս­տու­թիւն եւ փա­ռա­բա­նուած ա­ժէք­նե­րու հա­մա­կարգ դար­ձած են փու­չիկ եւ ի­րենց տե­ղը տուած են ան­հան­դուր­ժո­ղու­թեան, ա­ւա­զա­կու­թեան, մար­դու, միտ­քի եւ խօս­քի ա­զա­տու­թեան հա­մա­տա­րած բռնա­բար­ման:

Դեռ այս հար­ցե­րու մա­սին ան­զօր խօ­սող­ներ կան:

«Դրա­մի մի­ջազ­գա­յին կայ­սե­րա­պաշ­տու­թիւն»ը, ո­րուն մա­սին կը խօ­սի Պիոս ԺԱ. Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տի շրջա­բե­րա­կան Թուղ­թը, Rerum novarum, ան­մի­ջա­կան շա­հե­րու եւ չա­րա­շա­հում­նե­րու հե­տա­մուտ, ինք­զինք դա­տա­պար­տած էր մար­դու եւ զայն բնո­րո­շող ար­ժէք­նե­րու ան­տես­ման եւ ոտ­նա­կոխ­ման, եւ այդ­պէս ալ կը շա­րու­նա­կէ այ­սօր: Մար­դը, գլխագրուած, բա­ցա­կայ է ժա­մա­նա­կա­կից քա­ղա­քակր­թու­թե­նէն, նիւ­թա­պաշ­տու­թիւն, ան­հա­տա­պաշ­տու­թիւն, մա­կե­րե­սայ­նու­թիւն ըն­կե­րու­թեան մղիչ ու­ժերն են, ա­նոնք ի­րենք զի­րենք կը պար­տադ­րեն հա­տուա­ծա­պաշ­տու­թեամբ եւ դիր­քա­պաշ­տու­թեամբ: Այդ բա­ցա­սա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մէջ տեղ չկայ Մար­դուն հա­մար. Homo humani lupus (Հոպզ): Չեմ թարգ­մա­ներ:

Ար­ժէք­նե­րու հա­մա­կար­գը իր տե­ղը տուած է ի­մաս­տէ պար­պուած քա­նի մը հա­րիւր բա­ռե­րով սահ­մա­նուող աղ­մու­կի, թու­թա­կա­բար եւ ա­մէն տեղ կրկնուող ճա­ռեր տնտե­սու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, ա­զա­տու­թեան, ի­րա­ւուն­քի եւ այդ կար­գի բա­նե­րու մա­սին: Այդ բա­ռե­րուն ո՛չ աղմ­կող­նե­րը կը հա­ւա­տան, ոչ ալ լսող­նե­րը: Ամ­բո­խա­վա­րու­թիւ­նը դա­տար­կա­բա­նու­թիւ­նը, կը լսեն շա­հախնդ­րուած­նե­րը: Այդ ան­հա­ւա­տու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ բնա­կա­նօ­րէն կը շա­րու­նա­կուին չա­րա­շա­հում­նե­րը եւ շա­հա­գոր­ծում­նե­րը՝ պա­րար­տաց­նե­լու հա­մար ընտ­րուած կամ ինք­նա­պար­տադ­րուած­նե­րը, ո­րոնք դադ­րած են մտա­ծե­լէ, թէ կո­չուած են ծա­ռա­յու­թեան:

Բա­ռե­րը ըն­դու­նե­լի կը հա­մա­րուին կամ կը թուին կշիռ ու­նե­նալ երբ աղմ­կող­նե­րը տէր են ու­ժի, որ քա­ղա­քա­կիրթ պի­տա­կի տակ թաք­նուած ըլ­լա­լով հան­դերձ, բիրտ եւ վայ­րագ է, նախ­նա­կան, ան­տա­ռի օ­րէն­քով, միշտ «Միւս»ը սպա­ննե­լու տրա­մա­դիր: Շատ մը բա­նե­րու հա­մար թի­ւեր կը տրուին, բայց ա­նոնք ո­րոնք ի­րենք զի­րենք կո­չած են մարդ­կու­թիւ­նը ա­ռաջ­նոր­դե­լու, գիտ­նա­լով հան­դերձ այդ թի­ւե­րը, եւ ա­նոնց ե­տին գտնուող ա­հագ­նա­ցած մարդ­կու­թեան կեղ դար­ձած ճշմար­տու­թիւն­նե­րը, ի­րենց ե­սա­պաշ­տու­թեան հպա­տա­կե­լով կ՚ամ­լա­նան եւ կը թշուա­ռաց­նեն մարդ­կու­թիւ­նը:

ՄԱ­ԿԵ­ԴՈ­ՆԱ­ՑԻԷՆ ՍՏԱ­ԼԻՆ, ԸՆՉ­ՔԱՂ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆ ԵՒ Ա­ՒԵՐ

Ա­ռաջ­նոր­դու­թիւն­նե­րը վե­րեւ ը­սուած հաս­տա­տում­նե­րէն պէտք է մեկ­նին, մեկ­նած ըլ­լա­յին, բայց… Ա­ղեք­սանդր Մա­կե­դո­նա­ցի, Լէնկ Թի­մուր, Նա­փո­լէոն, Հիթ­լէր, Ստա­լին, մե­ծեր եւ թզուկ­ներ, կը շա­րու­նա­կեն բազ­մա­պատ­կուիլ, թե­րեւս ա­նոնք կան մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին մէջ, եւ կը սպա­սեն յար­մար պա­հու եւ ա­րե­ւի ջեր­մու­թեան՝ ծաղ­կե­լու հա­մար, որ­պէս­զի նուա­ճեն փառք, գոր­ծեն չա­րա­շա­հում եւ շա­հա­գոր­ծում, «միւ­սը» ստրկաց­նեն ի­րենց «Ես»ին: Այդ «Ես»ը ըլ­լայ մեծ թէ փոքր:

Ե­թէ միայն պճեղ մը պար­կեշ­տու­թիւն ու­նե­նա­յինք հա­յե­լիին մէ­ջի մեր պատ­կե­րը հար­ցաքն­նե­լու…

Ի՞նչ կը բա­նին ա­մէն օր հե­ռա­տե­սի­լի փոք­րիկ պա­տու­հա­նէն խօ­սող եւ հան­րա­յին կար­ծի­քը շո­ղո­քոր­թող-չա­րա­շա­հող «Մե­ծեր»ը, պաշ­տօն­նե­րու եւ տիտ­ղոս­նե­րու որ­սորդ­նե­րը, մէկ օ­դա­նա­ւէ միւ­սը ցատ­քող­նե­րը, «ժա­գու­զի»ով հիւ­րա­նո­ցի սե­նեակ պա­հան­ջող­նե­րը, երբ մո­լո­րա­կի բնա­կիչ­նե­րէն 795 մի­լիո­նը կը տա­ռա­պի ա­նօ­թու­թե­նէ, այ­սինքն աշ­խար­հի 9 բնա­կիչ­նե­րէն 1-ը ա­նօ­թի է, տաս­նե­րոր­դէն ա­ւե­լի: Թի­ւե­րը տրուած են սննդա­ռու­թեան ա­նա­պա­հո­վու­թեան 2015-ի ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ: Ա­ւե­լի վատ. աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան 40 տո­կո­սը ջու­րի պա­կա­սէ կը տա­ռա­պի, այ­սինքն 1.1 մի­լեառ մարդ, մարդ­կու­թեան 1/6-ը, վեց հո­գիէն մէ­կը: Այս թի­ւը կրնայ ա­ճիլ մին­չեւ 2050 եւ հաս­նիլ 2 մի­լիա­ռի:

Ո՞ր ար­դա­րու­թեան եւ խիղ­ճի ան­սա­լով կը կա­ռուցուին պա­լատ­ներ, ա­նոնց հան­դի­պա­կաց ծո­վա­խոր­շին մէջ կը ծփան զբօ­սա­նա­ւեր, երբ բա­նակ են ա­ներ­դիք­նե­րը, ա­նօ­թի­նե­րը, ջուր չու­նե­ցող­նե­րը:

Ին­չո՞ւ վստա­հու­թեան քուէ տալ այս կամ այն «ղե­կա­վար»ին, մա­նա­ւանդ երբ ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­նե­րը բազ­մա­պա­տիկ հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րով կ՚ա­ճին: Եւ քուէ ստա­ցող­նե­րը կ՚ա­ճեց­նեն ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­նե­րը, հան­րու­թեան ծա­ռա­յե­լու ծխա­ծա­կոյ­թին մէջ թաք-նըւե­լով եւ թաքց­նե­լով ի­րենց ըն­չա­քաղ­ցու­թիւ­նը: Ինչ­պէ՞ս կ՚ու­զէք, որ ա­ւե­րող յե­ղա­փո­խու­թիւն­ներ չպա­տա­հին:

Յան­ցա­ւոր­նե­րէն ա­ռաջ պէտք է խօ­սիլ ի­րաւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու մա­սին:

Ներ­կա­յիս սուր բնոյթ ստա­ցած է մարդ­կու­թեան ար­տադ­րած աղ­բի հար­ցը, որ կ՚ա­պա­կա­նէ մո­լո­րա­կը, եւ ե­թէ ան շա­րու­նա­կէ ա­ճիլ նոյն թա­փով, մո­լո­րա­կը կրնայ օր մը անբ­նա­կե­լի ըլ­լալ, մեր ար­տադ­րած աղ­բը ան­կա­րե­լի կը դարձ­նէ կեան­քը, ա­ռանց եր­կին­քէն ին­կած հիւ­լէա­կան ռում­բի, ո­րուն սար­սա­փը ու­նինք, բայց չենք սար­սա­փիր ա­մէն օր ա­ճող աղ­բէն: Թի­ւե­րը գլխապ­տոյտ կը պատ­ճա­ռեն: Իւ­րա­քան­չիւր տա­րի որ կ՚անց­նի, 3400-էն 4000 մի­լիառ թոն աղբ կ՚ար­տադրոEւի: Ե­թէ զե­րո­նե­րը գրենք, տո­ղը չի բա­ւեր: Այս քա­նա­կը մին­չեւ 2020 կրնայ 40 տո­կո­սով ա­ւել­նալ: Ա­ւել­ցու­ցէք կեր­պըն­կալ նիւ­թէ շի­շե­րը եւ տոպ­րակ­նե­րը… Ա­մէն տա­րի 89 մի­լիառ շիշ, ո­րոնց մեծ մա­սը չի հա­ւա­քուիր վե­րամ­շա­կուե­լով կրկին գոր­ծա­ծուե­լու հա­մար:

Աշ­խար­հի մէջ սպա­ռող միայն սի­կառէթ­նե­րու կճատ­նե­րը գի­տէ՞ք, թէ որ­քան աղբ կ՚ար­տադ­րեն… Ա­մէն տա­րի 4300 մի­լիառ սի­կա­ռէ­թի կճատ­ներ (mégots) կը նե­տուին փո­ղոց­նե­րը, իւ­րա­քան­չիւր երկ­վայր­կեան որ կ՚անց­նի՝ 137.000 կճատ: 12 տա­րի պէտք է, որ­պէս­զի ա­նոնք վերջ­նա­կա­նա­պէս անվ­նաս դառ­նան եւ փճա­նան: Ու­րեմն, մէկ տա­րին միւ­սին վրայ գու­մա­րուե­լով, մո­լո­րա­կը օր մը պի­տի պա­տուի կճատ­նե­րով, քա­նի որ ան­կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ այդ աղ­բը ան­հե­տաց­նել: Եւ կը խօ­սինք բնա­պահ­պա­նու­թեան մա­սին:

Այս սպառ­նա­լիք­նե­րը կ՚ա­ճին, բայց չ՚ա­ճիր մեր մո­լո­րա­կի տա­րա­ծու­թիւ­նը:

ԴԱ­ՍԱ­ԿԱՐ­ԳԱ­ՅԻՆ ՊԱՅ­ՔԱ­ՐԷՆ՝ ԿԵԱՆ­ՔԻ ՊԱՅ­ՔԱՐ

Ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, նոյ­նիսկ երբ տե­ղեակ չեն այս թի­ւե­րուն, կը զգան, կը տես­նեն, քա­ղաք­նե­րու շուրջ ստեղ­ծուած աղ­բա­կոյտ տա­րածք­նե­րը, բնազ­դով գի­տեն զան­գուած­նե­րուն սպառ­նա­ցող վտան­գը եւ դրա­մի մի­ջազ­գա­յին կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան վա­հա­նին ե­տին գտնուող մե­նաշ­նոր­հեալ­նե­րը, սպա­ռու­մը մա­տա­կա­րա­րող­նե­րը, կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց դրա­մի մի­ջազ­գա­յին կայ­սե­րա­պաշ­տու­թիւ­նը: Անց­նող եր­կու դա­րե­րու դա­սա­կար­գա­յին պայ­քա­րը հնհնուք է, այ­սօր  ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քի պայ­քա­րը կը վե­րա­բե­րի կեան­քին. մար­դուն, ա­նա­սու­նին, բու­սա­կա­նու­թեան, կա­պոյտ մո­լո­րա­կի ջրա­յին գան­ձին, որ կ՚ա­պա­կա­նի, դրա­մի կայ­սե­րա­պաշ­տու­թիւ­նը կ՚ա­պա­կա­նէ:

Այս պայ­քա­րը բնա­կան է որ պի­տի ար­տա­յայ­տուի, անզս­պե­լի է, կամ պի­տի դառ­նայ, ըստ աշ­խար­հագ­րու­թեան, կեն­սա­մա­կար­դա­կի եւ մշա­կոյ­թի, տար­բեր ձե­ւե­րով, հե­ռու կամ մօտ եր­կինք­նե­րու տակ: Ե­թէ «կեան­քը» պաշտ­պա­նուած ըլ­լար, մարդ­կու­թիւ­նը նուազ պի­տի խրէր բռնու­թեան, բռնա­րարք­նե­րու, ոճ­րա­յին բնազդ­նե­րու ան­տա­ռի օ­րէն­քի յոր­ձա­նու­տին մէջ, մոռ­նա­լով այն միւ­սը զոր կը սպա­նենք, կը կո­ղոպ­տենք, կը շա­հա­գոր­ծենք, կ՚ար­հա­մար­հենք, որ մեր նմանն է: Բո­լորն ալ, ըստ աս­տուա­ծաշն­չա­կան վկա­յու­թեան, ստեղ­ծուած Տի­րոջ պատ­կե­րով:

Մեր նմա­նը, տիե­զեր­քի հրա­շա­լի­քը, որ կը տես­նէ, կը դա­տէ, կը նա­խա­տե­սէ, կ՚ե­րե­ւա­կա­յէ: Եւ օր մըն ալ պի­տի պոռթ­կայ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կեն­սա­կան բնազ­դով:

Տիե­զեր­քի նիւ­թա­կան ան­հու­նու­թեան մա­կե­րե­սին գի­տակ­ցա­կան նշոյլ մըն է մար­դը, մար­դիկ կ՚ան­հե­տա­նան, բայց այդ լոյս-նշոյ­լը ի­մաստ կու տայ տիե­զեր­քին, մեր ի­րա­կա­նա­ցու­ցած գի­տա­կան-ճար­տա­րա­գի­տա­կան նուա­ճում­նե­րուն, ո­րոնք ան­հա­տա­կան չեն, մար­դոց հա­ւա­քա­կան եւ գու­մա­րուած ճի­գերն են, շա­րու­նա­կուող եւ գու­մա­րուող: Ե­թէ փա­կենք հա­մալ­սա­րան­նե­րը, կրա­կի տանք մա­տե­նա­դա­րան­նե­րը, թան­գա­րան­նե­րը, ա­ւե­րենք ե­լեկտ­րա­կա­յան­նե­րը, ճա­նա­պարհ­նե­րը, անջր­պե­տա­նա­ւե­րը, հա­գուստ-կա­պուս­տի գոր­ծա­րան­նե­րը, փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րը, ո՞ր մար­դը պի­տի մնայ:

Մար­դը պի­տի վե­րա­դառ­նայ բնու­թեան, ե­թէ դեռ կեան­քը կա­րե­լի ըլ­լայ:

Դրա­մի մի­ջազ­գա­յին կայ­սե­րա­պաշ­տու­թիւ­նը իր էու­թեամբ հա­կայա­ռաջ­դի­մու­թիւն է, ըլ­լա­լով հա­կամ­շա­կոյթ:

Եւ երբ ա­նօ­թի­ներ, ծա­րա­ւած­նե­րու եւ աղ­բի մէջ խեղդուած­ներ ելք կը փնտռեն, շատ դիւ­րաւ կ՚ընդգրկուին նախ­նա­կան վե­րա­բե­րում­նե­րու մէջ, վայ­րա­գու­թիւն եւ պա­տե­րազմ:

Ա­ւե­լի դժուար է ապ­րիլ աղ­բա­կոյ­տե­րու մէջ քան ան­տա­ռի մէջ, ան­տա­ռի օ­րէն­քով:

Ա­նա­սուն­նե­րու կեն­ցա՞­ղը պի­տի վե­րագտ­նենք, ան­տա­ռին մէջ գծե­լով մեր կեն­սա­տա­րած­քը, հաս­տա­տե­լով սե­ռա­յին-սերն­դա­գոր­ծա­կան գե­րիշ­խա­նու­թիւն, հա­ւա­տա­լիք­նե­րու կառ­չե­լով, վա­նե­լով «միւս»ը:

Կրօ­նա­կան պա­տե­րազմ­նե­րը, ան­ցեա­լի եւ ներ­կա­յի, ոչ մէկ ա­ռըն­չու­թիւն ու­նին կրօն­նե­րու քա­րո­զած չա­րին կամ բա­րիին հետ: Ա­նոնց ա­ռաջ­նորդ­նե­րը կը շա­հա­գոր­ծեն զան­գուած­նե­րու տա­ռա­պան­քէն ծնած դառ­նու­թիւն­նե­րը, քէ­նե­րը, ա­տե­լու­թիւն­նե­րը: Իշ­խա­նա­տենչ շա­հա­գոր­ծող­նե­րու եւ մո­լե­ռան­դու­թիւն­նե­րու պա­հես­տի ու­ժեր են ծա­րաւ մնա­ցող­նե­րը, ա­նօ­թի­նե­րը, ի­րենց զա­ւակ­նե­րու կրթու­թիւն տա­լու ան­կա­րող­նե­րը: Ա­նոնց շա­հա­գոր­ծում­նե­րէ բխած դառ­նու­թիւ­նը տեղ մը կը ներ­կա­յա­նայ կրօ­նա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան պի­տա­կով, ու­րիշ տեղ տի­րող եւ ան­հան­դուր­ժող մշա­կոյ­թի մը դէմ, ո­րոնք կը սքօ­ղեն իշ­խա­նա­տեն­չու­թիւ­նը, ըն­չա­քաղ­ցու­թիւ­նը, դիր­քա­պաշ­տու­թիւ­նը:

Ըն­կե­րու­թեան բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րուն, բո­լոր հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու մէջ, հա­մաշ­խար­հա­յին նոր կարգ մը անհ­րա­ժեշտ է յա­ռա­ջաց­նել, ոչ ան որ կայ որ­պէս սոսկ տնտե­սու­թիւն, որ­պէս­զի բնու­թեան եւ գի­տու­թեան նուաճ­ման բո­լոր բա­րիք­նե­րը ծա­ռա­յեն հա­ւա­սա­րա­պէս բո­լո­րին, փո­խան սպա­սար­կե­լու դրա­մի մի­ջա­զա­յին կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան, պէտք է հա­ւա­տալ եւ գոր­ծել պարզ եւ դի­պուկ այն ի­մաս­տու­թեամբ, որ ու­րի­շի ի­րա­ւուն­քը իմ պար­տա­կա­նու­թիւնս է:

Այս ի­մաս­տու­թեամբ ե­թէ դա­տենք փեթ­րո­տա­լար­նե­րու իւ­րա­ցու­մէն բխած ու­ժը, որ ճակ­տի քրտինք չէ, կամ հա­ւա­սա­րու­թեան խորհր­դա­յին ըն­կե­րու­թեան փլուզ­ման յա­ջոր­դած շրջա­նին դի­զուած ա­նաշ­խատ հարս­տու­թիւն­նե­րը, եւ վե­րա­կանգ­նենք Ի­ՐԱ­ՒՈՒՆ­Քը, ո՛չ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու եւ ոչ ալ կրօն­նե­րու պա­տե­րազմ կ՚ըլ­լայ:

Պա­տե­րազմ­ներ՝ ո­րոնք միայն կը դժբախ­տաց­նեն մարդ­կու­թիւ­նը եւ թե­րեւս ալ ան­վե­րա­դարձ կեր­պով քան­դեն բնու­թիւ­նը, նաեւ՝ կեան­քը, ոչ միայն կեան­քե­րը:

ՎԵ­ՐԱ­ԿԱՆԳ­ՆԵԼ ԿԵԱՆ­ՔԻՆ ԵՒ «ՄԻՒՍ»ԻՆ Ի­ՐԱ­ՒՈՒՆ­ՔԸ

Ի­մաս­տուն ղե­կա­վա­րու­մի կա­րիք կայ, ո՛չ փեթ­րո­տո­լար­նե­րու կո­ղո­պու­տի եւ ոչ ալ զի­նա­վա­ճա­ռու­թեան հիւ­թա­լի ա­ռեւ­տու­րին:

Այդ ղե­կա­վա­րու­մը պի­տի գայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու գա­ղա­փա­րա­պաշտ ե­րա­կէն, որ ոչ ը­սե­լու յանդգ­նու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ եւ Մա­հաթ­մա Կան­տի ան­շա­հախնդիր ղե­կա­վա­րի օ­րի­նա­կէն:

Մինչ այդ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու խիղ­ճը հան­դի­սա­ցող ի­րա՛ւ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը պէտք չէ լռէ, յանձն առ­նե­լով նոյ­նիսկ իր յանդգ­նու­թեան գի­նի վճա­րու­մը:

Թի­ւե­րու լե­զուն է­լեկտր­շոգ է, այդ պէտք է հրա­պա­րա­կել եւ տա­րա­ծել, որ­պէս­զի զան­գուած­նե­րը դուրս գան ի­րենց ըն­դար­մա­ցու­մէն եւ թմբի­րէն, որ­պէս­զի վերջ տան ա­նաշ­խատ հարս­տու­թեան չա­րի­քին, որ կ՚ոտ­նա­կո­խէ­ միւ­սին ի­րա­ւուն­քը, հաս­տա­տե­լով դրա­մի մի­ջազ­գա­յին կայ­սե­րա­պաշ­տու­թիւ­նը:

Լռել մեղ­սակ­ցու­թիւն է: Հաւ­կու­րու­թիւն՝ կեղ­տոտ ե­սա­պաշ­տու­թեան եւ ան­հո­գի քաղ­քե­նիաց­ման դի­մաց:

Մեղ­սակ­ցու­թիւն՝ չա­րին եւ ա­ւե­րին:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015