ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան ապրուեցաւ Կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան հրճուանքը։ Անարատ Յղութեան մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ, ձեռամբ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի։ Ներկայ էր նաեւ Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին տօնակատարութիւններուն մասնակցեցան Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որուն կ՚ընկերանային Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Պարէտ Կսսրկ. Պալըքճըօղլու։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Մխիթար երգչախումբին կողմէ՝ Լեռնա Աքպուլութի մականին ներքեւ։ Ս. Պատարագին մասնակցեցան նաեւ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ եւ քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն։ Արարողութեան ընթացքին օրուան պատգամը տուաւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Մխիթարեան վարժարանի տղաքը մսուրին մօտ հանդէս եկան Ս. Ծննդեան ներկայացումներով։ Դպրոցի մանուկները խմբերգներ ալ ներկայացուցին՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին բնորոշ մեղեդիներով։
Պարտէզին մէջ արարողութեան մասնակիցներու տրամադրութեան տակ դրուած էին նաեւ տօնական օրերու յատուկ զարդեր եւ իրեղէններ։