Ամանորեան Մտորումներ
Տարեվերջի այս օրերուն հոգիները վերածնունդ կ՚ապրին, մեր մէջ եղած մանուկը կ՚արթննայ, աչքերը անմեղ ու լուսաւոր ժպիտի ցոլքը կը սկսին արձակել:
Կը փորձենք տօնական բարձր տրամադրութիւնը մեր ներաշխարհին մէջ արտացոլացնել, երբ մեր շրջապատը մարդկային արժէքներու անվայել բարքերով կ՚ողողուի, եւ մարդիկ չարամտութեան եւ չարակամութեան մղող գաղափարներու զոհը կը դառնան:
Մեզմէ շատեր մեծ ուրախութեամբ մէկամսեայ հիւրը՝ կանաչ եղեւինը կը դիմաւորեն, շքեղ խաղալիքներով եւ պայծառ լոյսերով կը զարդարեն ու տան սիրուած անկիւնը կը տեղադրեն: Մեզմէ ոմանք, անհամբեր, հարազատներու եւ բարեկամներու միաւորումին կը սպասեն: Միացում մը, որ չենք գիտեր՝ քանի՛ տարուան կարօտի պապակը կը յագեցնէ ու եկող օրերու ապահովութեան զգացումը կ՚ամրապնդէ: Ուրիշներ՝ տարեցներ, մանուկներ եւ երիտասարդներ, կեանքի բերումով ակամայ փողոց յայտնուած իրենց բոպիկ, մերկ ու փխրուն ոսկորները ձմրան քամիի ծակոցներէն զիրար ամուր գրկելով՝ կը փորձեն պաշտպանուիլ: Թէեւ թախիծը, մենութիւնը եւ մորմոքը իրենց հարուստ հոգիները կը շրջապատեն, սակայն իրենց աչքերը վեր յառելով՝ երկինքը զարդարող ու լուսաւորող հրավառութեան կարճատեւ երջանկութիւնը կ՚ապրին:
Այս բոլորին կողքին, կան անձեր, որոնց դժբախտաբար քիչ կ՚անդրադառնանք եւ կը գնահատենք: Անոնք մեր ազգային ինքնութեան գաղափարներուն գիտակցելով, իրենց անձը զոհաբերելու պատրաստակամութեամբ, այսօր կը գտնուին մեր սրբավայր հնադարեան երկրի սահմաններուն վրայ, իրենց ուսին զէնք շալկելով, իսկ կուրծքին հայկական խաչը դրոշմելով՝ մեր ապահով կեանքն ու հայրենիքը կը պաշտպանեն: Օ՜հ, որքա՜ն կը ցաւիմ, երբ սահմանէն գոյժեր կը ստանամ… Երանի՜ թէ մեր հայրենիքը պատերազմական վտանգ չդիմագրաւէր ու զինուորական ծառայութիւնը պարտադիր չըլլար: Բայց այնքան ատեն որ առկայ է արիւնարբու վտանգը, հայկական բանակն ու զինուորները հայրենիքի գոյատեւման հիմնական երաշխիքներն են: Իսկ հայոց բանակին հոգածութիւնն ու թեւ-թիկունք կանգնիլը, կամաւորաբար զօրակցիլը նուազագոյն պարտականութիւնն է, որ իւրաքանչիւր հայ կրնայ ընել:
Ահա թէ ինչո՛ւ ես պիտի ուզէի, որ յաջորդ տարի մեր կամաւոր զինուորներուն թիւը քառապատկուի բոլոր ասպարէզներու մէջ՝ ռազմական, գիտական, գրական, արհեստի եւ արուեստի: Այսպէս կրնանք ազգային նոր ու որակաւոր սերունդներ կերտել:
Վերջաւորութեան, տարի մըն ալ կը բոլորենք մեր հայկական ինքնութիւնը պահպանելով հազարամեայ Արարատեան դաշտին ու Նայիրեան երկրին մէջ:
Տարեվերջին մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՚արժեւորէ, կը գնահատէ եւ կը քննարկէ տարուան ընթացքին կատարուած գործերը: Անցնող տարուան տհաճ դէպքերը, ցաւալի յիշողութիւնները, անյաջող գործերը եւ սարսափելի զգացումները անցեալի մութ եւ պաղ անկիւնները նետելով՝ քայլերս դէպի կանաչ եւ լուսաւոր եղեւին կ՚առաջնորդեն զիս՝ յաջողութեան եւ յաղթանակներու նոր հորիզոններ գծելու: Նոյնը ու աւելին կը ցանկամ աննման հայրենիքին ու ժողովուրդին:
ԱՆԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆ