2016-Ի ՏԱՐԵՄՏԵԱՆ ԽՈՀԵՐ - Բ -
ԴԱՒԻԹ ԿԻՒՐՃԻՆԵԱՆ (լեզուաբան, հայերէնագէտ, խմբագիր).-
2015-ը անհանգիստ տարի մըն էր հայերուս համար: Սուրիահայութեան կեանքը տակնուվրայ եղաւ, ջլատուեցաւ հայութեան ամենաաւանդապահ եւ հզօր համայնքներէն մէկը: Հաւաքաբար ապրող բազմահազար հայեր սփռուեցան աշխարհով մէկ, անոնց մէկ մասը ապաստան գտաւ հայրենի հողին վրայ: Սակայն հայրենիքի մէջ ալ լուրջ խնդիրներ կան՝ գործազրկութիւն, աղքատութիւն, անհանգստութիւն սահմաններու վրայ եւ Արցախի մէջ… Արդարութեան պակաս: Եւ շարունակուեցաւ արտագաղթը, որ իսկական չարիք մըն է մեր ազգին համար:
Կը փափաքիմ, որ խաղաղութիւն հաստատուի, Հայաստան ուժեղանայ եւ իրական հայրենադարձութիւն՝ հայահաւաք սկսի:
Իսկ քանի որ իմ այս խօսքը պիտի կարդան Պոլսոյ մէջ, ապա ըսեմ, որ հայկական Պոլիսը հայ կեանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է եւ ունի: Պոլիսը ես կ՚ընկալեմ իբրեւ գրական արեւմտահայերէնի օրրան, արեւմտահայ մշակութային կեանքի մայրաքաղաք, հոգեւոր կեանքի կարեւորագոյն կեդրոն, արեւմտահայ կեանքի հայելի… Տօնական այս օրերուն կը մաղթեմ, որ հայկական Պոլիսը բոլոր առումներով պահպանէ իր զօրութիւնը, հայերէնը անպակաս ըլլայ հայ մարդու շուրթերէն, պոլսահայը ինքզինք ապահով զգայ եւ տէրը ըլլայ ազգային արժէքներուն, մինչեւ որ այս աշխարհի կարգը փոխուի…:
ՀՐԱՉՈՒՀԻ ՓԱԼԱՆԴՈՒԶԵԱՆ (արձակագիր, լրագրող).-
Կը ճանապարհենք հայութեան եւ մարդկութեան համար տագնապայոյզ տարի մը եւս: Յիրաւի, հայութեան ճակատագիրը ե՞րբ ինքնակայ, ինքնուրոյն եղած է, համաշխարհային աղէտները ե՞րբ շրջանցած են մեր երկիրն ու մեզ: Կրկին մարդկային կորուստներ ունեցանք, կրկին գաղթ տեսանք, ինքնապաշտպանական մարտերու մեջ ներքաշուեցանք:
Այդուհանդերձ 2015-ը կարեւոր արձանագրում թողեց՝ այն անսասան գիտակցութիւնը, որ հայը միասնական է կամքով, իրատես է ձգտումներու մէջ, վճռական է ճակատագրական որոշումներու գծով: Ազգովին համոզուեցանք, որ հարիւր տարին հայը լալկան ու տկար չէ դարձուցած, ընդհակառակը՝ անոր ուժ տուած է ստեղծելու երկու հանրապետութիւն, ինչպէս նաեւ՝ լաւատես ու հայրենատենչ Սփիւռք: Իսկ թէ որքան մեծ է մեր աւանդը համաշխարհային մշակոյթի, գիտութեան, տնտեսութեան, մարզանքի եւ շատ մը այլ բնագաւառներու մէջ՝ կը վկայագրեն լրատուամիջոցները: Ուստի արդէն ժամանակն է, որ հայու միտքը արգասիքներ տայ նաեւ քաղաքականութեան մարզին մէջ՝ եռանդով անդամակցելով միջազգային մարդասիրական գործընթացներուն: Մեր տաղանդաշատ, ստեղծարար ու նպատակասլաց ժողովուրդին մաղթելով խաղաղ ժամանակներու նորանոր արարումներ՝ կը ցանկամ, որ անոր հայեացքը 2016-ին ուղղուած ըլլայ մեր պետականութեան խորհրդանիշներ Երեւանին ու Ստեփանակերտին, իսկ հոգիի աչքը երբեք չդադրի տեսնելէ մեր մեծհայրերու երազանքները: Նոյնինքն՝ մենք ենք այն սերունդը, որ յանձնառութիւն ունի մեծհայրերու երազանքները թոռներուն փոխանցելու:
Արեւշատութիւն իւրաքանչիւր հայու: Մտքի լոյս՝ ընդհանրական հայուն: Մենք կը տենչանք ապրիլ անկրակոց, անորբ, անվիշտ աշխարհի մը մէջ: Չունինք թշնամիներ եւ հակառակորդներ, ունինք մարդ տեսակը կատարելացնելու բաղձանք:
Ողջոյն 2016 թուական՝ մեկնարկ ոսկեայ սպասումներու, խաղաղութեան, հաշտութեան դարաշրջանի:
ԱՐՏԱԿ ՀԵՐԻՔԵԱՆ (հեռուստալրագրող, «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան մեկնաբան).-
Տարեվերջ է ու այս տօնական օրերուն ինծի յանձնուեցաւ Արցախի «Երախտագիտութեան» մետայլը՝ ձեռամբ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի, ուստի իմ տօնական խօսքս խօսք մըն է՝ ուղղուած Արցախէն, այս անսովոր զգացողութիւններու ընդմէջէն, որ նաեւ արցախցիներու կողմէ հնչող սրտի խօսք մըն է:
Ինծի համար շատ յուզիչ ու անսովոր պահ է: Առաջին անգամ նման մետայլ մը կը ստանամ ու չեմ գիտեր, թէ ինչ ընդունուած է ըսել այսպիսի հանդիսաւոր պահերու, բացի այն, որ մեծ պատիւ է, պարտաւորեցնող է եւ այլն:
Հարցազրոյցի մը ժամանակ, Նախագահ Բակօ Սահակեան ըսաւ. «Արցախցին միայն ան չէ, որ ծնած է Արցախ…»:
Կ՚ուզեմ շարունակել յարգարժան նախագահի խօսքը եւ ըսել՝ արցախցի է իւրաքանչիւր մարդ, իւրաքանչիւր հայ, որու մէջ որ ծնած է Արցախը:
Արցախը, ոչ որպէս զուտ աշխարհագրական տարածք, այլ արդար ձգտումներու, ապրելու համամարդկային իրաւունքի խորհրդանիշ է:
Եթէ արցախեան իմ հեռուստատեսային պատմութիւններէն մէկը դիտելէ յետոյ, մեզի անծանօթ վայրի մը մէջ, մեզի անծանօթ մէկու սրտին մէջ ծնած ըլլայ Արցախը, ես կը մտածեմ, որ որեւէ լաւ բան մը ըրած եմ Արցախի համար:
Մեր մեծ գրողներէն Լեւոն Խեչոյեան՝ արցախեան ազատամարտի մասնակից, կ՚ըսէր, որ այս տարածքաշրջանին մէջ գոյատեւելու համար, մեզի նման փոքրաքանակ ազգերը երե՛ք ձեռք պէտք է ունենան: Երրորդը՝ զէնքի համար: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք. եռաթեւ հայութեան երրորդ՝ զէնքի՛ ձեռքն է Արցախը: Ես կը համբուրեմ այդ ձեռքը: Ինչպէս զինուորի մօր ձեռքը կը համբուրեն, ինչպէս զինուորի ճակատը կը համբուրեն:
Շնորհաւոր ըլլայ համայն հայութեան Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը:
ԳԱՐԻԿ ՄԿՐՏՉԵԱՆ (Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ լեզուի հիմնարկի գիտաշխատող).-
Կ՚ըսեն, թէ Ամանորի հէքիաթը երազներն են ու սպասուած անակնկալ նուէրները, միմեանց ուղղուած հաճելի, ջերմ խօսքերն ու բարեմաղթանքները, ինչպէս նաեւ՝ լի ու առատ, հիւրընկալ օճախները: Հարկա՛ւ, այս ամէնը մեզի՝ հայերուս բաժին հասած կենսակերպի մաս մըն է, որուն ամէն տարի խանդաղատանքով կը պատրաստուի աշխարհասփիւռ, իմաստուն ազգս:
Ողջ մարդկութեան համար ստեղծուած այս բարդ ժամանակաշրջանին կը մաղթեմ, որ ամէն մէկ հայ ընտանիք ունենայ նորանոր ձեռքբերումներ, նուաճումներ, խաղաղութիւն, առողջութիւն, բերք, բարիք ու բազում նորածին զաւակներ, որպէսզի մեր հոգեւոր եւ նիւթեղէն հզօրութիւնը անպարտելի ըլլայ՝ ի տես ամէնեցուն: Եւ ամենակարեւորը՝ փոքրիկ փափաք մը ունիմ, որ յառաջիկայ՝ արագավազ, գործունեայ, մարդու նախատիպար համարուող Կապիկի տարուան ընթացքին աշխարհի զանազան վայրերու մէջ սփռուած հայերը վերադառնան մեր արեւաշող ու պատանի Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ մասնակցին անոր հզօրացման ու շեէնացման. չէ՞ որ միայն բռունցքը կրնայ պարիսպներ կոտրել:
Եթէ իմ այս մաղթանքը եւս Ամանորի հէքիաթ է ու երազ, ապա ան անպայման իրականութիւն թող դառնայ: Հակառակ պարագային աշխարհի զանազան ծագերու վրայ ապրող հայ երդիքներու մէջ թող միշտ վառ մնան սիրոյ, յոյսի եւ լուսոյ ճրագները:
ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ (Հանրային ռատիոյի «Ռատիոլուր» լրատուական ծրագրի ղեկավար).-
Անցնող տարին շատ անհանգիստ էր ոչ միայն Հայաստանի համար, այլեւ՝ ամբողջ աշխարհին: Նոր մարտահրաւէրները մեզ պէտք է աւելի սթափ դարձնեն: Անցնող տարուան մեծ ցաւով սկսանք՝ Կիւմրիի դէպքերը վատ նախադէպ դարձան ողջ 2015-ի համար, ինչ որ շարունակուեցաւ մեր անհանգիստ սահմաններու պաշտպանութեան համար զոհուած զինուորներու կեանքի գինով: Եղեռնի 100-ամեայ տարելիցի շունչը մեզի ուղեկցեցաւ ողջ տարին: Արտագաղթող ամէն հայու հետ աւելի ծանրացաւ 2015 թուականի խորհուրդը: Սակայն, պէտք է նշեմ, որ ծանր վիճակի մէջ գտնուող Հայաստանը լքելը ինծի համար անընդունելի բան մըն է: Թերեւս շատեր ներկայացնեն հազարաւոր պատճառներ, որոնք կ՚արդարացնեն իրենց որոշումները, այո, մի գուցէ, այդպէս է, բայց հիմա Հայաստանը կարծես, թէ դարձած է խրամատ մը, որ ձգելն ու հեռանալը դաւաճանութեան պէս բան մըն է: Չհաշուած անցնող տարուան բոլոր վերիվայրումները, ես կ՚ուզեմ լաւատես ըլլալ ու հաւատալ, որ մի գուցէ այս դժուարութիւնները լաւ սկիզբ դնելու եւ նոր հիմքեր կառուցելու կռիւն է, զոր սկսած է մեզի համար: Մենք պէտք է փորձենք նաեւ մենք մեզ, մեր բոլոր անյաջողութիւններու ու երկրի խնդիրներու մէջ կը մեղադրենք ուրիշները, բացի մենք՝ մեզմէ: Մենք մեզմէ պէտք է սկսինք, պէտք է ՍԻՐԵՆՔ: Պէտք է սիրել այն ամէնը, ինչ որ կ՚ընես, սէր դնել ամէն փոքրիկ արարքի մէջ: Պահ մը մեր կողքին նայինք ու հարցնենք, արդեօք ես ամէն բան ըրած եմ, որ իմ երկիրս, իմ հայրենիքս, աւելի լաւը դառնայ: Կ՚ուզեմ, որ 2015 թուականի բոլոր խնդիրներէն դասեր քաղենք ու նորովի յառաջ ընթանանք ու չվախնանք: Պէտք է պատրաստ ըլլանք թէ՛ դիւանագիտական, թէ՛ ռազմաքաղաքական եւ թէ տնտեսական առումներով: Մենք ընելիք ունինք 2016-ին՝ փորձելով չկրկնել 2015-ի բացթողումները: Ամենակարեւորը՝ չշռայենք ոչինչ, մենք չունինք շռայլ ըլլալու իրաւունքը այսօրուան Հայաստանի մէջ, երբ ընկերային խնդրի տակ կքած մեր հազարաւոր հայրենակիցները, հանապազօրեայ հացի խնդիր ունին: Թող 2015-ին եղած անապահով ընտանիքներու թիւը, 2016-ին գոնէ չշատնայ, այդ մէկը արդէն մեծ ձեռքբերում կ՚ըլլայ: Խաղաղութիւն մեր հայրենիքի սահմաններուն ու մեր զինուորներուն:
ՎԱՌՎԱՌԱ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ (Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի լրատուական բաժնի աշխատակից).-
Անցնող տարին լի էր մարզական վերելքներով եւ անկումներով, լեցուն էր արդարացուած սպասելիքներով եւ չարդարացուածներով: Նախաողիմպիական տարի էր Հայաստանի համար, եւ այս տարուան մէջ Հայաստանը ներկայացնող մարզիկները աչքի զարկին թէ՛ երիտասարդական եւ թէ մեծահասակներու առաջնութիւններու մէջ: Ունեցանք Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեաններ, ոսկեայ, արծաթեայ եւ պրոնզեայ մետայլակիրներ, աշխարհի բաժակի բաժակակիրներ: Տարին մարզական առումով յատկանշական էր քանի մը տեսանկիւնէ. տեղի ունեցան Համահայկական վեցերորդ խաղերը, որոնք մասնակիցներու թիւով աննախադէպ էին, Հայաստանը մասնակցեցաւ Առաջին Եւրոպական խաղերուն, որոնք տեղի ունեցան Պաքուի մէջ: Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն տօնեց իր հիմնադրման 25-ամեակը եւ ունեցաւ նոր ու շքեղ կառոյց եւ շատ մը այլ իրադարձութիւններ, որոնք բարձր պահեցին հայ մարզական ոգին:
Յուսանք, որ 2016-ի Ողիմպիական տարին բարեբեր կ՚ըլլայ Հայաստանին եւ հայ մարզիկներուն համար, անոնք տուն կը վերադառնան միայն յաղթանակներով եւ նուաճումներով: Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթեմ հայ մարզիկներուն, որոնք Հայաստանի անունը բարձր կը պահեն աշխարհի մէջ:
ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ԵՍԱՅԵԱՆ (Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխան).-
Եւս քանի մը ժամ, եւ 2015-ը կը հեռանայ՝ ձգելով միայն լաւ ու վատ յուշեր, յաղթանակներ ու պարտութիւններ, ուրախութիւններ եւ տխրութիւններ, ցնծութիւն եւ ողբերգութիւն, գտնուած եւ կորսուած պահեր, սէրեր եւ բաժանումներ, տանելով մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքէն պատառիկ մը, տանելով տարի մը մեր կեանքէն։
Տարին տակաւին չէ աւարտած, բայց հետեւողականօրէն կ՚երթայ դէպի իր վախճանը, այդ մէկը իր որոշումը չէ, այդպէս է՝ ի սկզբանէ։
Ես իմ կողմէ սահմանած եմ տարեվերջեան «մրցանակաբաշխութիւն», զոր կը ներկայացնեմ տարուան աւարտին հետ:
Տարուան մարդը՝ հայ զինուոր եւ սահմանապահ գիւղացի
Տարուան հերոսը՝ հայ զինուոր եւ զինուորի մայր
Տարուան սէրը՝ հայ զինուոր եւ զինուորին սպասող սիրած երիտասարդուհի
Տարուան հարստութիւնը՝ հայ զինուոր եւ հայկական բանակ
Տարուան հպարտութիւնը՝ հայ զինուոր եւ հրամանատար
Տարուան ձեռքբերումը՝ հայ զինուոր եւ յաղթանակ՝ ոչ մէկ միլիմեթրով թշնամին կրցած է խախտել սահմանը
Տարուան ուրախութիւը՝ հայ զինուորի վերադարձ
Տարուան ցաւն ու ողբերգութիւնը՝ հայ զինուորի կորուստ
Տարուան հաւատքն ու յոյսը՝ հայ զինուոր եւ հայկական պետութիւն:
ԶԱՌԱ ԲԱԹՈՅԵԱՆ (Disabilityinfo կայքի խմբագիր).-
Կը շնորհաւորեմ բոլորին Ամանորը եւ Սուրբ Ծնունդը։ Կը մաղթեմ, որ ազատ ապրիք, ազատ ըլլաք բոլոր տեսակի նախապաշարումներէն, կապանքներէն եւ վախերէն։ Ես կը հաւատամ, որ ցանկութեան պարագային կրնանք ըլլալ երջանիկ այնտեղ, ուր որ կը փափաքինք, այն մարդոց հետ, զորս կը սիրենք եւ այն աշխատանքով, զոր մեզ կը խանդավառէ։ Հիմա Հայաստանի մէջ ցուրտ ձմեռ է, մարդիկ այստեղ քիչ կը ժպտին, ոչնչի կը հաւատան, նոյնիսկ՝ Կաղանդի հրաշքին։ Սակայն այս մռայլ, ցուրտ ու կիսադատարկ քաղաքին մէջ երջանիկ եմ։
Շատ կը փափաքէի անշուշտ, որ հեռուն գտնուող իմ հայրենակիցները Հայաստան ապրէին, բայց ինծի համար կարեւորը այն է, որ երջանիկ ու ազատ ըլլաք, ուր որ ալ ապրիք, որքան որ ալ հեռու գտնուիք։
Յոյսով եմ, օր մը կը հանդիպինք։ Աստուած պահապան ձեզի եւ ձեր սիրելիներուն։
ԳԱՅԻԱՆԷ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ (Տեսա-լսողական լրագրողներու ընկերակցութեան հանրային կապերու խորհրդատու).-
Տարեմուտը միշտ իւրայատուկ է ու խոստմնալից... Ան կը լեցնէ մարդոց հոգիները սպասումով ու հաւատով, որ Նոր տարուան ընթացքին կ՚արդարանան բոլոր յոյսերն ու ակնկալիքները, կ՚իրականանան անոնց ամենանուիրական երազանքները:
Ես կ՚ուզէի, որ Նոր տարիին մենք նախ եւ առաջ փորձէինք հասկնալ, թէ ի՞նչ ակնկալիքներու կը սպասուին մեզմէ եւ աշխատէինք արդարացնել մեր սիրելիներուն յոյսերն ու վստահութիւնը, ջանք չխնայէինք իրականութիւն դարձնելու համար անոնց երազանքները...
Ես կը փափաքէի, որ ամէն մէկս մեր տեղը կատարէր իրմէ կախեալ ամէն հնարաւորը՝ աշխարհը աւելի լաւացնելու եւ կեանքը աւելի գեղեցիկ ու ապահով դարձնելու համար:
Կը պատկերացնէ՞ք, թէ այդ պարագային ի՜նչ երջանիկ տարի մը կ՚ըլլայ 2016 թուականը...:
- վերջ -