ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀԱՒԱՔ
Պատրիարքարանի երդիքին տակ Ամանորի ուրախութիւնը ապրուեցաւ աւանդական մթնոլորտի մը մէջ։ Թրքահայ հոգեւորականաց դասը տարուան վերջին օրը համախմբուեցաւ Գումգաբուի մէջ՝ փոխանակելով եղբայրական ջերմ բարեմաղթութիւններ։ Հոգեւորականաց դասու տարեմուտի աւանդական հաւաքը իրականացաւ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ։ Այս առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան եւ օրհնութեան հակիրճ խօսքով մը, որու ընթացքին բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ հոգեւորականաց դասու անդամներու ծառայութեան շուրջ։ Ան վերյիշեց անցեալ տարի վախճանած հոգելոյս Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէզէնլեանը եւ աւելցուց, թէ նոյն ժամանակաշրջանին մեր հոգեւորականաց դասուն շարքերը համալրուած են երեք նոր ձեռնադրութիւններով։ Ընդհանուր Փոխանորդը յաջողութեամբ եւ առողջութեամբ լեցուն շրջան մը մաղթեց հոգեւոր հայրերուն համար։
Աւելի վերջ հոգեւորականաց դասուն անունով արտայայտուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Ընդհանուր Փոխանորդի բարեմաղթութիւններուն եւ փոխադարձեց անոնց։ Ամփոփ գիծերու մէջ անցեալ տարուան անդրադառնալով՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց դրական երեւոյթներուն կապակցութեամբ։ Ան հոգեւոր հայրերը հրաւիրեց նոր տարուան ընթացքին եւս աղօթել իրենց եղբայրներուն համար։ Նորին Սրբազնութիւնը մասնաւորապէս կանգ առաւ նաեւ Պատրիարքարանի վերջին շրջանի հրատարակութիւններուն վրայ եւ ընդգծեց անոնց ստեղծած դրական արձագանգը։
Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած այս հաւաքէն վերջ հոգեւոր հայրերը հաւաքաբար անցան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցին, ուր Ընդհանուր Փոխանորդին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։ Միսնաբար երգուեցաւ «Տէր Ողորմեա»ն, իսկ աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան լանջախաչ կրելու արտօնութիւն շնորհեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանին եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանին։
Միւս կողմէ, Պատրիարքարանի անձնակազմն ալ Ամանորի առթիւ իրականացուց իր աւանդական հաւաքը՝ Ընդհանուր Փոխանորդին գլխաւորութեամբ։ Անուշապուրի սեղանի շուրջ համախմբուած անձնակազմի անդամները ստացան Նորին Սրբազնութեան օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շեշտեց, որ Պատրիարքարանի անձնակազմը կ՚աշխատի սահմանափակ հնարաւորութիւններով եւ դժուարութիւնները կը յաղթահարուին համերաշխ աշխատանքով եւ ընտանեկան սիրոյ մթնոլորտով։
Միւս կողմէ, Ամանորի կէս գիշերին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նռնօրհնէքի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Քաղաքիս ամենահայահոծ այս թաղի եկեղեցւոյ մէջ երէկ առաւօտ ալ մատուցուեցաւ Ամանորի Ս. Պատարագ՝ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ ջրօրհնէք՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, որ Ամանորի Ս. Պատարագին ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի։